Ակնարկ. Չինաստանը, Առցանց Հասարակութիւնները Եւ Նոր Աշխարհակարգը

ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐ -19

Ակնարկ. Չինաստանը, Առցանց Հասարակութիւնները Եւ Նոր Աշխարհակարգը

16 ՄԱՐՏ 2020 – ԱԿՆԱՐԿ – ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐ -19:

«Քորոնա» ժահրի ծնունդը, տարածման կշռոյթները եւ վերահսկողութեան տակ առնուիլը Չինաստանի մէջ տարբեր մտածումներու դուռ կը բանան եւ ինչու չէ նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման գործընթացներուն մասին ուրուագծումներ կը կատարեն:

Լրատուութիւններէն պարզ կը դառնայ, որ թէ՛ պատուաստի որոնման եւ թէ՛ վերահսկողութեան աշխատանքները ամէնէն ազդեցիկ եւ գործնական ձեւերով Չինաստանի մէջ կը շարունակուին տարուիլ: Յայտարարութիւնները նոյնիսկ «Քորոնա» ժահրի չէզոքացման ժամկէտներու Չինաստանի համապատասխան գերատեսչութիւններն են, որ կը կատարեն:

Համաճարակաբանութիւնը չի բացառեր, որ նման ժահրեր, ծինային վերափոխումներով կամ փոխակերպումներով, հետագային եւս հնձեն մարդկային կեանքեր: Ծինային փոխակերպումները իրենց գիտական բացատրութիւնը` պատճառականութեան տեսակէտէն չունին, հետեւաբար նաեւ դժուար է կանխարգիլման կամ ի սկզբանէ պատուաստման մասին միջոցներու դիմելը:

Եթէ «Քորոնա»-ն շնչառական ուղիները կամ օրկանները կ՛ախտահարէ, ապա վաղուան նոր ժահրը կրնայ այնպիսի մարմնային օրկաններ հարուածել, որոնց ճակատագրական հետեւանք ունենալու ժամանակը շատ աւելի կարճատեւ է:

«Քորոնա»-ին ստեղծած համաշխարհային իրավիճակը ունի հետեւանքներ. ո՛չ միայն առողջապահական, այլ նաեւ տնտեսական, քաղաքական, ընկերաբանական ու հոգեբանական: Իւրաքանչիւր երկրի կրած տնտեսական վնասին հանրագումարը կրնայ աստղաբաշխական պատկերներ ներկայացնել. մինչ մեկուսացման, ինքնամեկուսացման գործընթացներ կրնան աւելիով խորացնել անձնակեդրոն, արդէն իսկ մարդկային յարաբերութիւնները բաւական հեռացուցած հեռակայ շփումներով յատկանշուած այսօրուան մարդկային ընկերութեան վիճակը:

Առցանց բանաձեւը այսօր ամէնէն շատ այժմէական հրատապութիւն կը ստանայ: Մարդիկ կը նախընտրեն սնունդը առցանց պատուիրել, կը թելադրուի թղթաբանական գործողութիւնները կատարել առցանց դիմումներով: Կը յորդորուի մնալ բնակարաններու մէջ, հետեւաբար այցելութիւնները դարձնել առցանց: Առցանցայնացումը քաջալերելու համար կառավարութիւններ հակառակ ֆինանսական նեղ կացութիւններու մէջ գտնուելնուն ցանցային հաղորդակցութեան սակագիներու նուազումներ կը տնօրինեն:

Կրթակարգեր ամբողջ կը վերածուին առցանց: Հեռակայ ուսուցումներ, քննութիւններ` ո՛չ միայն դպրոցական, այլ նաեւ համալսարանական մակարդակներով նման դրութեան կտրուկ անցումներ կը կատարեն: Այս բոլորը եթէ ընտրովի էին, հիմա պարտադիր են:

Ամբողջ հասարակարգ մը կ՛առցանցայնացուի: Չի բացառուիր, որ ժողովներ, հաւաքներ, խորհրդակցութիւններ տեղափոխուին բացառապէս նման հարթութիւն: Եթէ վիրթուալ-իրողական երկուութեան պայքարին մէջ վիրթուալը հետեւողականօրէն կը գրաւէր նոր տարածքներ, հիմա իրողականը կը բռնէ քաղաքներու, երկիրներու յանկարծակի ամայացման ճանապարհը:

Խուճապը կը քաջալերէ անհատակեդրոնութիւնը: Մարդիկ առաւելագոյնս ամբարելու համար կ՛ոտնահարեն կողքինին իրաւունքը, չափը: Կ՛ամփոփուին իրենց բնակարաններուն մէջ եւ կը խորհին անհատական շտեմարանները անվերջ ամբարելու մասին:

Կասկածը շուրջինին նկատմամբ կը խորանայ: Ինքնամեկուսացուող փոքրաթիւ ներխմբային երեւոյթին մէջ իրար նկատմամբ կասկածոտ պահուածքը կը յանգեցնէ ներխմբայինէն զուտ անհատականի` բաժանարար մղումներու յագուրդ տալով:

Առցանց կամ վիրթուալ աշխարհը վարակազերծ տարածք ըլլալու տեսակէտէն ապահով է: Այս պարագային սակայն հասարակութիւնն է, մարդկութիւնը այս պարագային, որ կ՛առաջնորդուի դէպի փոխակերպում: Ժահրի ծինային փոխակերպումի երկարաժամկէտ հետեւանքներէն կը նկատուի մարդկութեան փոխակերպումը:

Պարտադրուող աշխարհակարգի մը համար համատեղ աշխատիլը հրամայական է: Պետութիւններ, իրենց ազգային անվտանգութեան խորհուրդի կազմերուն մէջ կը ներառեն կենսաբնագէտներ, կենսաբանական պատերազմներու նախապատրաստութեան կամ կանխարգիլման նպատակներով:

Մինչեւ վերջին համաճարակի այս տարողութիւն ստանալը, Չինաստանը առաւելաբար ներկայ աշխարհակարգին մէջ տնտեսական բեւեռ կը նկատուէր: Չինաստանը առաւելագոյնս ախտահարուած միջավայրն էր. հիմա ամէնէն վերահսկուածն է:

Կենսաբանական խնդիրներու միտումներու զարգացման բարձր կարելիութիւնները նկատի ունենալով` Չինաստանը նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման գործընթացներուն մէջ ո՛չ միայն տնտեսական բեւեռ է:

«Ա.»

www.aztagdaily.com/archives/468630

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail