Ցուցարարներ Կը Փորձեն Արգելք Հանդիսանալ Հալէպ-Լաթաքիա Մայրուղիին Վրայ Ռուս-Թրքական Առաջին Հսկողութեան Ուժին

Ցուցարարներ Կը Փորձեն Արգելք Հանդիսանալ Հալէպ-Լաթաքիա Մայրուղիին Վրայ Ռուս-Թրքական Առաջին Հսկողութեան Ուժին

16 ՄԱՐՏ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Մոսկուա. «Թրքական Կողմին Յաւելեալ Ժամանակ Կու Տանք Ահաբեկիչները Վնասազերծելու Եւ Հսկողութեան Ուժի Ճամբան Ապահովելու Համար»

«Էմ-4» միջազգային մայրուղիին մօտ գտնուող Նայրապ գիւղին մէջ տասնեակներով ցուցարարներ հաւաքուեցան` արգելք հանդիսանալու հասար ռուս-թրքական առաջին հսկողութեան ուժին շրջանէն անցնելուն:

Ցուցարարները անիւներ հրկիզեցին` փորձելով արգելք հանդիսանալ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ գոյացած Մոսկուայի համաձայնութեան գործադրութեան առաջին քայլին:

Տեղական աղբիւրներ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ Ժապհաթ Նուսրան կը փորձէ տեղական հանրային կարծիքը լարել մայրուղիի վերաբացման դէմ:

Նշեալ զարգացումէն ետք, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «Էմ4» մայրուղիին վրայ ռուս-թրքական առաջին հսկողութեան ուղին կրճատուած է զինեալներուն գրգռութիւններուն պատճառով:

«Թրքական կողմին յաւելեալ ժամանակ կը տրուի ահաբեկիչները վնասազերծելու եւ հսկողութեան ճամբան ապահովելու ու բնակիչներուն անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար», ընդգծեց նախարարութիւնը:

www.aztagdaily.com/archives/468674

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail