
Մաքրոն. «Եւրոպայի Հետ Մեր Սահմանը 30 Օրով Պիտի Փակենք` «Քորոնա»-ի Տարածումը Արգելակելու Համար»
17 ՄԱՐՏ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ որոշած է ֆրանսացիներուն տեղափոխութիւնները 15 օրով դադրեցնել` «Քորոնա» ժահրի տարածման վերջ տալու համար:
«Ֆրանսայի մէջ ոչ անհրաժեշտ տեղաշարժերը արգիլուած են, եւ այս որոշումը խախտողները պիտի պատժուին», նշեց ան:
Մաքրոն նաեւ իր երկրին Եւրոպայի հետ սահմաններուն 30 օրով փակումը յայտարարեց` նշելով, որ Շենկենի տարածքը պիտի առկախուի, եւ սահմանները պիտի փակուին` «Քորոնա»¬ի տարածումը արգելակելու համար:
«Բանակը պիտի տարածուի այն շրջաններուն մէջ, ուր ժահրը տարածուած է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ֆրանսական բանակը պիտի օժանդակէ կարգ մը շրջաններուն մէջ «Քորոնա»-ի դիմակայման համար առողջապահական տագնապի կառավարման»: «Մենք առողջապահական վտանգաւոր պատերազմի մէջ ենք», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը:
Աւելի ուշ, ֆրանսական բանակը տարածուեցաւ Փարիզի մէջ:
aztagdaily.com/archives/468842





