Թրքական Կայք «Քորոնա» Ժահրի Պատուաստանիւթը Ստեղծած Ընկերութեան Հիմնադիր Նուպար Աֆէյեանի Նախնիները Թուրքիայէն Են

Հին աշխարհի քարտէզը Հռոմը և Հայաստանը - Այս քարտէզի մէջ կարելի է փնտրել թէ ձեր ըսած օսմանեան կայսրութիւնը ուր է

Թրքական Կայք «Քորոնա» Ժահրի Պատուաստանիւթը Ստեղծած Ընկերութեան Հիմնադիր Նուպար Աֆէյեանի Նախնիները Թուրքիայէն Են.«Հայկական Բննօրանէն են, Հայկական արմատներով «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»-ի խմբ.

17 ՄԱՐՏ 2020 – ԿԵԱՎՈՒՐՆԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ: «««Թուրքիայի իրականացրած հանցագործությունները հայ ժողովրդի, մարդկության եւ քաղաքակրթության դեմ, առնվազն վերջին 100 տարիների ընթացքում»»»

Թրքական «Sozcu» թերթի կայքը անդրադարձած է նոր տեսակի «քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստանիւթ ստեղծած ամերիկեան «Moderna Inc.» ընկերութեան հիմնադիր Նուպար Աֆէյեանի կենսագրութեան:

Ըստ Ermenihaber.am-ի տեղեկութիւններուն՝ թրքական լրատուամիջոցը գովերգութեան երանգով շեշտած է, որ հայ Աֆէյեանի ընտանիքի արմատները կ՝երկարին մինչեւ Օսմանեան կայսրութիւն: «Այլ կ՛երկարին Օսմանեան կայսրութիւն ըսուածէն շատ առաջ, «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»-ի խմբ.

Հին աշխարհի քարտէզը Հռոմը և Հայաստանը – Այս քարտէզի մէջ կարելի է փնտրել թէ ձեր ըսած օսմանեան կայսրութիւնը ուր է

«Աշխարհը պատուհասած «քորոնա» ժահրին դէմ ստեղծուած պատուաստանիւթը սկսած է փորձարկուիլ մարդոց վրայ: MRNA-1273 անուանումով պատուաստանիւթը ստեղծած ամերիկեան «Moderna Inc.» ընկերութեան հիմնադիրներէն Նուպար Աֆէյեանն ալ Թուրքիայէն (Արեւմտաեան Հայաստանէն, Եռագոյն-ի խմբ.) սերող ընտանիքի թոռնիկ է»,- գրած է կայքը՝ իր հրապարակումը վերնագրելով «Աշխարհի սպասած «քորոնա» ժահրի պատուաստանիւթի թրքական մասը»:

Ապա հրապարակման մէջ ներկայացուցած է Աֆէյեանի ընտանիքին պատմութիւնը:

«Ազգութեամբ հայ Նուպար Աֆէյեանի ընտանիքը Օսմանեան կայսրութեան վերջին ժամանակահատուածին տեղի ունեցած 1915-ի դէպքերէն ետք կը տեղափոխուի Պէյրութ»,- գրած է կայքը՝ ակնյայտօրէն խուսափելով Հայոց Ցեղասպանութիւն բառակապակցութեան կիրառումէն:

Նշուած է նաեւ, որ Աֆէյեանի հայրը՝ Փաթրիքը, ծնած է Պուլկարիա, 1929-ին։ Աֆէյեաններու ընտանիքը զբաղած է գործարարութեամբ՝ Թուրքիայէն Պուլկարիա հաւկիթի ներմուծումով։

Աֆէյեանը Ամերիկայի կենսաճարտարագիտտական եւ կենսաբանական գիտութիւններու ոլորտի առաջնակարգ ձեռներէցներէն է: Ըստ թրքական աղբիւրին՝ ան վերջին 28 տարիներուն հիմնած է աւելի քան 30 ընկերութիւն: Կ՝ենթադրուի, որ անոնց ընդհանուր արժէքը 10 միլիառ ԱՄՆ տոլար է։

«ԱՄՆ-ի հանրածանօթ ուսուսնական հաստատութիւններէն Մասաչուսէթսի ճարտարագիտական համալսարանի կենսաքիմիական ճարտարագիտութեան ամպիոնին մէջ, 1987-ին, դոկտորականը պաշտպանած Աֆէյեանը ոչ միայն ԱՄՆ-ի՝ այլ ամբողջ աշխարհի մէջ խորհրդաժողովներ կը կազմակերպէ ձեռներէցութեան, նորարարութեան, շահադիտական դրամագլուխի, կենսաքիմիայի, ճարտարագիտութեան, դեղագիտութեան, բժշկական ճարտարագիտութիւններու եւ վերականգնուող ուժանիւթի թեմաներով»,- եզրափակած է յօդուածը։

Հին աշխարհի քարտէզը Հռոմը և Հայաստանը – Այս քարտէզի մէջ կարելի է փնտրել թէ ձեր ըսած օսմանեան կայսրութիւնը ուր է

yerakouyn.com/2020/03/17/քորոնա-ժահրի-պատուաստանիւթը-ստեղծ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail