Քեսապ-Լաթաքիա Մայրուղին Ազատագրուած

13 դեկտեմբեր 2015

Քեսապի մեր աղբիւրը կը յայտնէ, որ սուրիական բանակը նախապէս ազատագրելով Քեսապի մերձակայքը գտնուող «Զահի» լեռնագագաթը, վերջերս նաեւ ազատագրած է Քեսապ-Լաթաքիա մայրուղիի բոլոր այն բլուրներն ու անտառները, որոնք կ՚օգտագործուէին ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ՝ դիպուկահարներու տեղաւորման կամ շրջանի բնակչութեան հրթիռակոծման նպատակով։

Առ այդ բացուած է Քեսապ-Լաթաքիա մայրուղին «Քասդալ Մուաֆ», մինչեւ Քեսապի սահմանային անցք։

Երեք տարի փակ մնալէ ետք, այսօր կարգ մը հանրակառքեր առաջին անգամ ըլլալով Լաթաքիայէն Քեսապ ուղղուելու համար օգտագործած են մայրուղին։

Սուրիական բանակը ներկայիս կը վերականգնէ մայրուղին, ականազերծելով, ասֆալդապատելով զայն, մինչեւ պաշտօնապէս մայրուղիի ապահով տարածք յայտարարումը։ Ականազերծումը ցարդ չէ ամբողջացած, մայրուղին տակաւին ապահով տարածք չէ յայտարարուած։ Քեսապի մեր աղբիւրին համաձայն, քեսապցիներ ներկայիս աւելի հանգիստ են, իսկ շրջանը՝ թէժ բախումներէ զերծ։
kessab-latakya1

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail