Քաթար Եւ Քուէյթ Օժանդակութիւն Կ՛ուղարկեն Իրան – Քաթար Եւ Քուէյթ Օժանդակութիւն Կ՛ուղարկեն Իրան

Քաթար Եւ Քուէյթ Օժանդակութիւն Կ՛ուղարկեն Իրան – Քաթար Եւ Քուէյթ Օժանդակութիւն Կ՛ուղարկեն Իրան

18 ՄԱՐՏ 2020 – ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐ -19 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ – Ճանչնանք «Քորոնա» Ժահրախտը Կամ Թագաժահրախտը` Նոր Տուեալներով

Քաթար «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի ծիրին մէջ Իրանին տրամադրած է վեց թոն բժշկական դիմակ եւ սաքրաւորումներ` իբրեւ օգնութիւն, որ Թեհրանին առաջարկուած էր Քաթարի իշխանին կողմէ: Այս մասին հաղորդեց Քաթարի լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Իրանի մէջ Քաթարի դեսպանատան:

Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը անցեալ շաբաթ որոշում տուած էր օգնութիւն ուղարկել Իրան եւ այնտեղ հասցնել անհրաժեշտ դեղամիջոցներ եւ սարքեր:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ Քուէյթ որոշած է Թեհրանի տրամադրել տասը միլիոն տոլար` «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի իբրեւ օգնութիւն:

Քուէյթ Իրանին այս մասին յայտնած է երկու երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացած է իր քուէյթցի պաշտօնակից Ահմետ Նասեր Ժապեր Սուպահէն: Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած են «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի կարելիութիւնները:

Զարիֆ իր պաշտօնակիցին յայտնած է, թէ ժահրին դէմ պայքարը կը նկատուի միջազգային խնդիր եւ շրջանային ու միջազգային գործակցութեան կը կարօտի:

Զարիֆ անգամ մը եւս դատապարտեց Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները եւ Քուէյթին կոչ ուղղեց` մասնակցելու զանոնք վերցնելու միջազգային արշաւի մը:

Նշենք, որ Քուէյթ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին համար նաեւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան 40 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարեց:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ իր կարգին յայտարարեց, որ Մոսկուա մարդասիրական օժանդակութիւններ կ՛ուղարկէ Իրան` պայքարելու համար «Քորոնա» ժահրին դէմ, եւ աշխատանք կը տարուի յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրելու:

Պոսնիոյ վարչապետ Զորան Թեկելթիա յայտնեց, որ կառավարութիւնը երկրին մէջ արտակարգ դրութիւն կը յայտարարէ «Քորոնա» ժահրին պատճառով` երկրին կացութիւնը կոչելով «ազգային աղէտ»: Լեհաստանի նախարարաց խորհուրդը առողջապահական մեկուսացումի մէջ առնուեցաւ, երբ ի յայտ եկաւ, թէ կենսոլորտի նախարար Միքալ Ֆոս վարակուած է ժահրով:

Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս յայտարարեց. «Մենք պատերազմի մէջ ենք անտեսանելի թշնամիի հետ»:

Իրանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 16169-ի, իսկ մահերուն թիւը` 988-ի: Սպանիոյ մէջ ժահրով վարակուածներուն ու մահերուն թիւերը արձանագրեցին մեծ ոստում` յաջորդաբար բարձրանալով 11178-ի եւ 491-ի: Միացեալ Նահանգներու մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 4300-ի, իսկ մահերուն թիւը` 81-ի:

Մինչ Պրազիլի մէջ արձանագրուեցաւ «Քորոնա» ժահրի պատճառով առաջին մահը, Սկովտիոյ մէջ անոր մահացածներուն թիւը բարձրացաւ 2-ի, Ալճերիոյ մէջ` 5-ի, իսկ Ֆիլիփեան կղզիներուն մէջ` 14-ի:

Եգիպտոսի մէջ «Քորոնա»-ով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 300-ի, Իսրայէլի մէջ` 304-ի, Իրաքի մէջ` 154-ի, Սէուտական Արաբիոյ մէջ` 133-ի, Քուէյթի մէջ` 130-ի, Յորդանանի մէջ` 36-ի, Թուրքիոյ մէջ` 47-ի, Ռուսիոյ մէջ` 114-ի, Նետերլանտներու մէջ` 1705-ի, Բրիտանիոյ մէջ` 1950-ի (թէեւ բրիտանական կառավարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ երկրին մէջ վարակուածներուն թիւը տրամաբանական է գնահատել 55 հազար), Հարաւային Քորէայի մէջ` 8320-ի, իսկ բռնագրաւեալ Հիւսիսային Կիպրոսի մէջ` 7-ի:

ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐ -19 –

www.aztagdaily.com/archives/469001

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail