Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Ժամ Իսկ Է Մեզ Ի Քնոյ Զարթնուլ» (Արթննանք Մեր Քունէն Եւ Տեսնենք Թէ Ի՛նչ Կը Կատարուի Մեր Շուրջը)

Humanity - I am here to help you

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Ժամ Իսկ Է Մեզ Ի Քնոյ Զարթնուլ» (Արթննանք Մեր Քունէն Եւ Տեսնենք Թէ Ի՛նչ Կը Կատարուի Մեր Շուրջը)

19 ՄԱՐՏ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Humanity – I am here to help you

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Երբ այսօր ազգերու դաշտին մէջ ամէնուրեք մարդիկ կը խօսին արուեստական բանականութեան մասին (Artificial Intelligence), ես պիտի խօսիմ տարրական միտքի մշակումի մասին. երբ մարդիկ պիտի խօսին մաքուր ուժանիւթի մասին (clean energy), ես պիտի խօսիմ հոգեկան մաքուր արժանիքներու մասին. երբ իրենք պիտի խօսին հիւլէական զօրութեան մասին (nuclear power), եկէք խօսինք միջմարդկային յարգանքի ուժին մասին։

Արդարեւ, ձեզ կը հրաւիրեմ իմացապաշտ կերպով պահ մը նայելու ձեր շուրջը. դժբախտաբար միայն պիտի տեսնէք՝ վայրագութիւն, նախանձութիւն, դրամապաշտութիւն, բարոյական, արժէքներու գահավիժում, ընտանեկան սրբութիւններու նուազում, այլախոհում, եւ այս բոլորը՝ յառաջդիմութեան դրօշին տակ։ Ճիշդ է, որ պէտք է դուրս գանք կաղապարուած մտածողութենէ, դուրս գանք լճացած միտքերէ, բայց անձնատուր չըլլանք վաղանցուկ եւ ժամանակաւոր միտումներէ։

Մէջբերելով իմաստասէր եւ ներհուն մտաւորական Ամին Մաալուֆի խօսքերէն մին, թէ՝ «որովհետեւ անոնք պարզապէս կրօնքի մը կը հաւատան, կը կարծեն, թէ կրնան զուրկ մնալ բարոյականէ»։

Որքան այժմէական եւ ճիշդ։ Չցրուենք մեր հայեացքը, մենք փոքր ենք թիւով, բայց հպարտ մեր հարուստ մշակոյթով. եթէ մենք մեր բնագաւառին մէջ դարեր շարունակ գոյատեւեցինք, պարզապէս որովհետեւ քաղաքակրթուած եւ մշակոյթի տէր ազգ էինք։

Այսօր, երբ արեւմտեան թեթեւաբարոյ արժէքները կը սկսին ողողել մեր կեանքը, չտարուինք պարագայական ու խաբուսիկ արժէքներէ։ Ըլլանք մարդկային արժէքներու, հոգեկան բիւրեղ արժէքներու, մշակուած միտքերու ջահակիրն ու հարթակը, եւ դառնանք ընտանեկան սրբութիւններու, բարոյական արժէքներու եւ մշակոյթի անվթար առանցքը։

Յիշենք անմահանուն դաստիարակ «Կուրա Նանագ»-ի խօսքերէն մին, թէ՝ «նախքան ըլլանք իսլամ, սիխ, հինտու թէ քրիստոնեայ, փորձենք ըլլալ մա՛րդ»։

Դառնանք լո՛յս՝ խաւարին մէջ եւ լոյսով ողողենք մեր շրջապատը։ Դառնանք փարոս՝ այս մութ աշխարհին մէջ, որովհետեւ մարդկային հոգեկան եւ մտային վտիտ առաքինութիւններով օժտուիլը մեր միակ երաշխիքն է դէպի լուսասփիւռ ապագայ։

www.aztagdaily.com/archives/469135

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail