
«Սիւլէյմանիի Սպանութիւնը Անպատասխան Չենք Ձգած Եւ Պիտի Չձգենք» Կ՛ըսէ Ռուհանի
19 ՄԱՐՏ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարած է, որ Թեհրան պատասխանած է Ուաշինկթընին Յեղափոխութեան պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանիի սպանութեան համար, սակայն այդպիսով իրանեան պատասխանը տակաւին չէ աւարտած: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
«Ամերիկացիները սպաննած են մեր փառաւոր զօրավարը, մենք ատիկա անպատասխան չենք ձգած եւ երբեք պիտի չձգենք», հաստատած է Իրանի նախագահը:
«Անոնք կը կարծէին, թէ կրնան ընկճել մեր ժողովուրդին դիմադրութիւնը, որովհետեւ սպաննած են այդ դիմադրութեան ղեկավարը, սակայն հակառակը եղաւ` դիմադրութիւնը առաւել եւս ամրացաւ», աւելցուցած է Ռուհանի:
www.aztagdaily.com/archives/469134





