
Միացեալ Նահանգներ «Քայեմ» Ռազմակայանը Յանձնած Են Իրաքին – Միացեալ Նահանգներ «Քայեմ» Ռազմակայանը Յանձնած Են Իրաքին
20 ՄԱՐՏ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Իրաքի մէջ տեղակայուած ամերիկեան ուժերը իրաքեան բանակին յանձնած են «Քայեմ» ռազմակայանը, որ օգտագործուած է Միջազգային դաշինքի ուժերուն կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Վզ» կայքը:
Աղբիւրին տուեալներով` Իրաքի զինուորական ստորաբաժանումները յանձնումէն քանի մը օր առաջ պաշտօնապէս սկսած են ռազմակայան մուտք գործել:
Երեքշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու կեդրոնական հրամանատարութեան մամլոյ ծառայութիւնը յայտնած էր, որ Միջազգային դաշինքը պիտի լքէ «Քայեմ» ռազմակայանը:
Նշենք, որ ռազմակայանին մէջ տեղակայուած էին ամերիկեան, ֆրանսական եւ լեհական ուժեր: Ամերիկեան ուժերը ռազմակայանը սեպտեմբեր 2018¬ին հաստատած էին Անպարի արեւմուտքը գտնուող Քայեմ գաւառին մէջ ֆոսֆորի գործարանին մօտ, որուն գնացքի կայարանը կ՛օգտագործուէր իբրեւ ուղղաթիռներու էջքի վայր:
Ռազմակայանը ֆրանսական հրետանիին կողմէ նախապէս օգտագործուած է ռմբակոծելու համար սուրիական հողերուն մէջ գտնուող Պաղուզը:
www.aztagdaily.com/archives/469257





