
«Սու-30ՍՄ» Ռազմական Ինքնաթիռները Կը Հսկեն Երկրի Օդային Սահմաններուն
21 ՄԱՐՏ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի զինուած ուժերու օդաչուները, նոր օդանաւային համակարգի իւրացման ծրագիրին համաձայն՝ ուսումնամարզական թռիչքներ կատարեցին «Սու-30ՍՄ» կործանիչներով: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Շուշան Ստեփանեան:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրապարակեց «Սու-30ՍՄ» կործանիչներու թռիչքի տեսագրութիւնը՝ հետեւեալ գրառումով. «Մեր «Սու-30CM» ռազմական ինքնաթիռները հսկում են մեր օդային սահմանները»։

asbarez.com/arm/366768/Սու-30ՍՄ-Ռազմական-Ինքնաթիռները-Կը-Հսկ/





