ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Պետրոս Ղափանցի (1700? – 1784) Հայ ազատագրական շարժման նախակարապետ տաղերգակն ու աշուղը

Archaeological finds that surprised the world. Mysterious artifacts of ancient Armenia

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Պետրոս Ղափանցի (1700? – 1784) Հայ ազատագրական շարժման նախակարապետ տաղերգակն ու աշուղը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Յուշատետր

Պետրոս Ղափանցի (1700? – 1784).
Հայ ազատագրական շարժման նախակարապետ տաղերգակն ու աշուղը

Ն. Պէրպէրեան

Մարտ 20ի այս օրը, 1784 թուականին, Փոքր Ասիոյ հնամենի հռովմէական (արեւելեան) մայրաքաղաք Նիկոմեդիայի մէջ, վախճանած է հայ ժողովուրդի պայծառ դէմքերէն եւ հայ գրականութեան անմահ արժէքներէն Պետրոս Ղափանցի։

Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ երախտաշատ նուիրեալներէն է հայոց Սիւնեաց Աշխարհի ծնունդ մեծատաղանդ այս հոգեւորականը, որուն վիճակուեցաւ «սահմանապահ»ի բացառիկ դերակատարութիւն՝ թէ՛ հայ դասական գրականութենէն դէպի արդի շրջան անցումին մէջ, թէ՛ հայ ազգային-ազատագրական շարժման նախակարապետ տաղասացը դառնալու իմաստով։

Պետրոս Ղափանցին հայ գրականութեան նորարար դէմքերէն դարձաւ իբրեւ ժողովրդային այն բանաստեղծն ու երգիչը, որ ներշնչման աղբիւր ունենալով հայ դասական-եկեղեցական բանաստեղծութիւնն ու Միջնադարեան հայ տաղերգութիւնը՝ ստեղծեց մեր ժողովուրդի լայն խաւերուն սրտամօտ եւ հոգեհարազատ բանաստեղծութիւն-երգեր։ Աւագ ժամանակակիցն էր Սայաթ-Նովայի, որուն հետ հիմը դրաւ հայ աշուղական արդի գրականութեան։

Պետրոս Ղափանցի մեծ ներդրում ունեցաւ յատկապէս հայ ազատագրական շարժման նախերգանքը արարելու եւ ժողովրդականացնելու գործին մէջ։

«Վարդ»ն ու «վարդենի»ն, Պետրոս Ղափանցիի ստեղծագործութեամբ, խորհրդանիշը դարձան հայոց բազմաչարչար ու փուշերով շրջապատուած, բայց աննման ու անփոխարինելիօրէն գեղեցիկ եւ բուրումնաւէտ Հայրենիքին։
Իսկ «վարդ»ով ու «վարդենի»ով յափշտակուած «սոխակ»ի պատկերն ու խորհուրդը անմահացնելով՝ Պետրոս Ղափանցին խորհրդանշեց սիրատոչոր երգիչը հայոց Հայրենիքին ու ազգային արժէքներուն վերականգնումին։

Պատահական չէ, որ 19րդ դարու հայոց Ազգային Զարթօնքը բոցավառող արդի հայ գրականութեան մեծերը՝ Ալիշանն ու Աբովեանը յատուկ տկարութեամբ արձագանգեցին եւ ջերմեռանդ շարունակողը եղան Վարդի ու Սոխակի փոխաբերութեամբ Ղափանցիի բացած ուղիին։

Պետրոս Ղափանցիի կենսագրութեան մասին պահպանուած են միայն կցկտուր տեղեկութիւններ, այն ալ Ղափանցիի կեանքի վերջին տարիներուն մասին: Հաստատ է, որ ան սիւնեցի է եւ մեծ հաւանականութեամբ ծնած է Ղափան, ուրկէ եւ վերցուած է իր մականունը։ Ծննդեան տարեթիւ կը տրուի 1700ը, որ ճշգրիտ նկատուելու համար այնքան ալ ստոյգ տուեալներու վրայ հիմնուած չէ։

Կենսագրական առաջին ստոյգ տուեալները կը վերաբերին 1753-1756 տարիներուն, երբ Պետրոս Ղափանցիի անունը կը յիշատակուի իբրեւ Ս. Էջմիածնի միաբան։ Նոյն յիշատակութեանց համաձայն՝ իբրեւ Կաթողիկոսական Նուիրակ, Պետրոս Ղափանցի յատուկ առաքելութիւններով ուղարկուած եւ պաշտօնավարած է Ռումէլի ու Ղրիմի, ապա՝ նաեւ Կոստանդնուպոլսոյ, Ադրիանապոլիսի եւ Արմաշի մէջ:

Կարեւորութեամբ կը նշուի 1772 թուին անոր վերատեսուչ նշանակումը Ադրիանապոլսոյ մէջ, ուր ծաւալած է հոգեւորական եւ գրական-ստեղծագործական բեղուն գործունէութիւն։ Այդ շրջանին է, որ իր ստեղծած տաղերն ու բանաստեղծութիւնները ի մի բերուած են եւ առանձին հատորով տպագրուած են Պոլիս՝ «Գրքոյկ կոչեցեալ երգարան» անունով։

1780ին, երբ արդէն խոր ծերութեան հասած էր՝ կենսագիրներու վկայութեամբ, Պետրոս Ղափանցի նշանակուած է Նիկոմեդիայի վիճակի (թեմի) առաջնորդ: Իր այդ պաշտօնին վրայ չորս տարի գործելէ ետք, ան վախճանած է 20 Մարտ 1784ին, Նիկոմեդիա քաղաքին մէջ։

Արձանագրութիւնները նաեւ կը հաստատեն, որ Պետրոս Ղափանցի ապրեցաւ եւ գործեց Սիմէոն Ա. Երեւանցի ու Ղուկաս Կարնեցի Կաթողիկոսներու օրօք։

Ոչ միայն իր ժամանակին, այլեւ յետ-մահու՝ Պետրոս Ղափանցիի տաղերը մեծ տարածում գտած էին մեր ժողովուրդին լայն խաւերուն մէջ։ Բայց այդ տաղերը կը համարուէին ժողովրդական երգեր եւ ընդհանրապէս ծանօթ չէր, որ հեղինակը Ղափանցին է։

Մխիթարեաններու «Բազմավէպ» հանդէսը, օրինակի համար, 1847ին տպագրած է Ղափանցիի գրչին պատկանող «Ծիլ-ծիլ ոսկի է…» բանաստեղծութիւնը՝ զայն կոչելով ազգային երգ եւ չգիտնալով, թէ ո՞վ է անոր հեղինակը:

Աւելի ուշ, Հ. Սիմէոն Երեմեան եւս, իր «Ազգային դէմքեր» շարքի 2րդով՝ մէջբերելով «Ծիլ-ծիլ…» երգէն մէկ տուն, գրած է.- «Ժողովուրդին բերանին մեջ զանազան կերպով երգուած է պիւլպիւլին սա երգի մի պատառիկը… Ինքը Տէր-Մինասեան վարդապետն է, որ մեր բնագաւառի գեղջուկ բերնէն լսել կու տայ Երգ-Երգոցի նման աննման սա սիրուն գեղօնը»։

19րդ դարու վերջերուն է, որ Պետրոս Ղափանցին ըստ արժանւոյն ճանաչումի կ՚արժանանայ։

Խրիմեան Հայրիկ իր յուշերուն մէջ կը պատմէ, թէ շատ սիրած է երգել Պետրոս Ղափանցիի եւ Նահապետ Քուչակի տաղերը:
Իսկ պատմաբան Լէօ կը նշէ, որ Ղափանցիի «երգերից շատերը լայն ժողովրդականութիւն ստացան եւ մի քանիսը երգւում էին մինչեւ 19րդ դարի վերջերը»:

Բացառապէս Խաչատուր Աբովեան քաջածանօթ էր Պետրոս Ղափանցիի ժառանգութեան եւ բանաստեղծութիւններ հիւսած է այս վերջինի տաղերուն եղանակով՝ յիշատակելով որ «Ղափանցին ունէր զքնքոյշ եւ զգորովալից սիրտս»։

Ղափանցիի մասին առաջին գիտական յօդուածը կը նկատուի բանասէր Նիկողոս Քարամեանի կողմէ 1895ին տպագրուած ուսումնասիրութիւնը։

Այնուհետեւ, Հրանտ Ասատուր 1904ին «Արեւելեան Մամուլ»ի էջերուն տպագրած է «Մոռացուած բանաստեղծ մը» յօդուածը, ուր բարձր է գնահատուած Պետրոս Ղափամցիի ստեղծագործութիւնը.- «Ներդաշնակութեան զգացումը, որ այնքան կարեւոր ձիրք մըն է քերթողին համար, Ղափանցիի մեծագոյն յատկութիւնն է: Տեսակ մը երաժշտութիւն դրած է շատ մը քերթուածներու մէջ եւ բառերու գեղեցիկ զուգադրութիւնները, որոնք կրնան մրցիլ նոյնիսկ ԺԹ. դարու ամէնէն նուրբ հայ բանաստեղծներուն հետ»։

Պետրոս Ղափանցիի գրական ժառանգութիւնը կը կազմեն կրօնական-բարոյակրթական, խրատական, ազատասիրական, հայրենիքի եւ բնութեան (վարդի եւ սոխակի) քնարական հարիւր բանաստեղծութիւն, մէկ երկարաշունչ բանաստեղծութիւն եւ աւելի քան վաթսուն երկտող ու քառասուն զանազան բնոյթի ստեղծագործութիւններ։

Իսկ ազգային-հայրենասիրական ներշնչումով ստեղծուած իր տաղերուն եւ բանաստեղծութեանց մէջ, Ղափանցին ոչ միայն հայոց փառապանծ անցեալին եւ արժէքներուն տէր կանգնելու յորդորներն ու խրատները կ՚արտայայտէ, այլեւ դրօշակիրը կը ներկայանայ հայոց ինքնուրոյն պետականութիւնը վերստեղծելու պահանջին՝ Ս. Էջմիածինը դիտելով իբրեւ Հայաստանի ինքնուրոյնութեան խորհրդանիշ։

Այդ իմաստով՝ ջերմեռանդ հաւատացեալի եւ ըմբոստ հայրենասէրի հոգեկան պոռթկումն է Ղափանցիի «Խնդիր եւ աղաչանք, բողոք եւ հառաչանք…» բանաստեղծութիւնը, որ նկատուած է «այն սահմանը, որից յետոյ կարծէք թէ բաժանւում են կրօնաւոր ողբացողն ու ազատասէր, ըմբոստ, աշխարհիկ երգիչը»:

«Առ ազգն իմ պատուելի խորհրդաբար նշանակութեամբ վարդի», «Դարձեալ առ ազգն իւր սիրելի», «Զվշտակրութենէ հայրենեաց մերոց ի դէմս զանազանից նմանութեանց», «Զգարնանէ Բիւզանդիոյ, որ խորհրդաբար ակնարկի առ բնակիչս նորին», «Առ ազգն իւր սիրելի», «Դարձեալ զԿոստանդնուպոլսոյ ի դէմս վարդի եւ պիւլպիւլին, յորում զանազան նմանութիւնք մակացութեանց ստորագրին ներբողաբար» եւ Ղափանցիի միւս տաղերը կը ներկայացնեն քաղաքական-ազատասիրական աշխարհիկ երգերու առաջին ամբողջական շարք մը՝ հայոց դարաւոր բանաստեղծութեան մէջ։

Պետրոս Ղափանցին մեր ժամանակներուն եւ սերունդներուն մօտէն ծանօթացնելու գործին մէջ մեծ եղաւ ներդրումը յատկապէս հայրենի բանասէր Շուշանիկ Նազարեանի, որ 1969ին լոյս ընծայեց «Պետրոս Ղափանցի» անունով կոթողական մենագրութիւն մը հայ ազատագրական շարժման նախերգանքը անմահացուցած մեծարժէք այս ռահվիրային մասին։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail