
Տուգանքէն Մինչև Կալանք. Ազգային Ժողովը Ընդունեց Ինքնամեկուսացման Պահանջի Մասին Օրինագիծը
23 ՄԱՐՏ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ ԿԵԱՆՔ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՀՀ Ազգային ժողովը այսօր ամբողջութեամբ միաձայն ընդունեց մեկուսացման կամ ինքնամեկուսացման կարգը խախտելու պարագային իրաւական պատասխանատուութեան ենթարկելու վերաբերեալ օրէնքներու նախագիծերու փաթեթը, կը յաղորդէ «Մեդիամաքս»-ը։
Փաթեթով քրէական պատասխանատւութիւն կը նախատեսուի այն պարագային, երբ մեկուսացած, ինքնամեկուսացած անձը կը խախտէ կանոնները, որոնց արդիւնքով կը վարակէ մէկ այլ անձի: Առաւելագոյն պատիժը նախատեսուած է տուգանք կամ կալանք` 1 ամիս ժամկէտով:
Նոյն արարքի պարագային, որ ծանր վնաս պատճառած է մարդու առողջութեան, կը նախատեսուի տուգանք նուազագոյն աշխատատավարձի 500-700-ապատիկի չափով, կալանք` 1-3 ամիս ժամկէտով, կամ ազատազրկում` 2 տարի ժամկէտով:
Եթէ մեկուսացած կամ ինքնամեկուսացած անձը խախտէ կանոնները եւ ատոր հետեւանքով անզգուշութեամբ մահ պատճառէ մէկ այլ անձի, այդ պարագային պատիժը կ՛ըլլայ 2-4 տարի ազատազրկում` նաեւ որոշ պաշտօններէ կամ որոշակի գործունէութեամբ զբաղելու իրաւունքէն զրկելով:
yerakouyn.com/2020/03/23/տուգանքէն-մինչև-կալանք-աժ-ընդունեց-ին/





