«Արցախին Տրուող Օգնութեան Վերացումը Պիտի Խախտէ Ուժերու Հաւասարակշռութիւնը». Կիրօ Մանոյեան

Génocide perpétré par l'Empire ottoman, aujourd'hui la Turquie - génocide arménien-erzeroum-1895-lesalonbeige.fr

«Արցախին Տրուող Օգնութեան Վերացումը Պիտի Խախտէ Ուժերու Հաւասարակշռութիւնը». Կիրօ Մանոյեան

24 ՄԱՐՏ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան «168 ժամ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ այս տարի Արցախին օգնութիւն չտրամադրելու որոշումին եւ անոր դրդապատճառներուն։ Ան դիտել տուաւ, որ արդէն 2 տարիէ ի վեր, նախագահ Թրամփի վարչակարգը կ՛աշխատի, որ այդ պետութեան պիւտճէին մէջ Արցախին յատկացուելիք օգնութեան մասին որեւէ տող չըլլայ, սակայն չյաջողեցաւ։ Սակայն, այս տարի չեղեալ նկատուեցաւ ականազերծման նպատակով Արցախին յատկացուող մարդասիրական օգնութիւնը։ «Ըստ երեւոյթին՝ Միացեալ Նահանգներու գործադիր մարմինը չ՛ուզեր, բայց օրէնսդիր մարմինը կ՛ուզէ, ուստի տեսականօրէն կայ հնարաւորութիւն շարունակել աշխատանքը, որ օրէնսդիրները հասնին անոր, որ այդ կարեւոր տողը ԱՄՆ 2020-ի ամավարկին մէջ պահպանուի: Հիմա մենք աշխատանքի այդ փուլի մէջ ենք», հաստատեց Մանոյեան:

Ըստ Մանոյեանի՝ Միացեալ Նահանգները մէկ կողմէ կը փափաքի Ատրպէյճանին յատկացուելիք միջոցները պահպանել, միւս կողմէ կ՛ուզէ Հայաստանին եւ հայութեան բան մը հասկցնել: Նաեւ կայ այն, որ առաւել քան 20 տարիէ ի վեր Ատրպէյճան դէմ է, որ Արցախին տրուի մարդասիրական օգնութիւն, ինչ որ այս տարի իրականութիւն կը դառնայ։

Մանոյեան ըսաւ, որ Ատրպէյճանին տրուող 100 միլիոն տոլարի աջակցութիւնը դադրեցնելու մասին ոչինչ կայ, ուրեմն անիկա պիտի շարունակուի։ «Եթէ Արցախին տրուող աջակցութիւնը կը հանուի, իսկ Ատրւպէյճանինը՝ կը մնայ, սա ինչի՞ մասին պիտի վկայէ. Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու մէջ վերաբերմունքի փոփոխութիւն եղած է»,- յայտնեց Մանոյեան՝ դիտել տալով, որ Արցախին տրուող ֆինանսական յատկացումը դադրեցնելը երկրի ելեւմուտքին հետ առնչութիւն չունի, այլ քաղաքական որոշում է. «ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ կայ վերաբերմունքի փոփոխութիւն: Սակայն, եթէ վերջնականապէս որոշուի, որ ԱՄՆը Արցախին չ՛օգներ, ապա այդ որոշումը պիտի խախտէ նաեւ Արցախի հարցով ԱՄՆ-ի չէզոք կեցուածքը՝ որպէս Մինսկի խումբի համանախագահ երկիր: Հաւասարակշռութիւնը կը խախտի Ատրպէյճանին տրուելիք այդքան մեծ ֆինանսական օգնութիւնն ու Արցախին այդ փոքրիկ մարդասիրական օգնութենէն զրկելը»,- նշեց ան։

Այս հարցին մէջ Հայաստանի իշխանութեան դերակատարութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Կիրօ Մանոյեան դիտել տուաւ հետեւեալ հանգամանքները. «Այն, որ ատոնք չէին կրնար ինչ-որ հետեւանքներ չունենալ, հաստատ է: Իրանի հետ յարաբերութիւնները, Սուրիոյ մէջ մեր ներկայութիւնը, Հայաստանէն նեղացած ըլլալը… այս բոլորը գուցէ դրուած են ԱՄՆ-ի քաղաքական կեցուածքին մէջ: Ես կրնամ ենթադրել, որ այս բոլոր հանգամանքները կապուած են ԱՄՆ-ի այդ որոշման հետ: Պարզ է, չէ՞, որ Ատրպէյճան նոր չսկսաւ դէմ ըլլալ, իսկ թէ ինչու անոր ցանկութիւնը այս անգամ կը փորձեն իրականութիւն դարձնել, կրնայ եւ կապուած ըլլալ իմ ըսած հանգամանքներուն հետ»:

yerakouyn.com/2020/03/24/արցախին-տրուող-օգնութեան-վերացումը/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail