«Թուրքիան Այլեւս Ի Վիճակի Չէ Առանձին Պաշտպանել ՕԹԱՆ-ի Եւ Եւրոպական Միութեան Սահմանները», Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Թուրքիան Այլեւս Ի Վիճակի Չէ Առանձին Պաշտպանել ՕԹԱՆ-ի Եւ Եւրոպական Միութեան Սահմանները», Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

24 ՄԱՐՏ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ Նախագահէն սկսեալ յայտարարութիւններ, սուրիացի գաղթականներ հունական սահման ուղարկելով, աշխարհի աչքի առաջ, այսօր կը յայտարարէ անզօր ըլլալ պաշտպանելու եւրոպայի սահմանները, քաղաքական կատակերգութիւնը չի յաջողեցաւ, այսօր գումար մուրալու օրն է: «Լուսաւոր-Աւետիս »

GENOCIDE-© PHOTO – ARMENIAN GENOCIDE MUSEUM INSTITUTE

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ իր երկիրը այլեւս անզօր է առանձին պաշտպանելու ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան սահմանները: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Թէ.Ռէ.ԹԷ.»-ն:

Բրիտանական հեղինակաւոր «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած` «Սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ Եւրոպական Միութեան անտարբերութիւնը մարդկութեան խիղճին վրայ հետք է» վերնագրով յօդուածին մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը նշէ, որ Եւրոպական Միութիւնը ինքզինք կ՛որակէ իբրեւ մարդու իրաւունքներուն հետեւող համաշխարհային կարգի յառաջամարտիկ: Ան եւ կ՛ընդգծէ, որ Եւրոպական Միութեան այս դիրքորոշումը պիտի փլուզուի Յունաստանի գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք:

Չաւուշօղլու Եւրոպական Միութիւնը կը մեղադրէ ծայրայեղականութեան, այլատեացութեան, իսլամոֆոպիայի եւ հակասեմականութեան մէջ: Ըստ թուրք նախարարին, Իտլիպը վերածուած է երկրորդ Կազայի, իսկ 3,5 միլիոն մարդ ձգուած են վախի քմահաճոյքին:

«Իտլիպի ռմբակոծութեան դադրեցումէն առաջ միլիոնաւոր մարդիկ սկսած էին շարժիլ դէպի թուրք- սուրիական սահման, որ կը նկատուի ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան սահմանը: Թուրքիան կ՛ընդունի 3,5 միլիոն գաղթական եւ ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն օգնութիւն կը ցուցաբերէ Սուրիոյ 5,5 միլիոն այլ քաղաքացիներու», նշած է Չաւուշօղլու` տեղեկացնելով, որ Թուրքիան արդէն 40 միլիառ տոլար ծախսած է:

www.aztagdaily.com/archives/469448

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail