Չինաստանի Մէջ 5¬րդ Օրն Ըլլալով Որեւէ Նոր Վարակում Չէ Արձանագրուած, Իսկ Վարակուածներուն Շուրջ 90 Առ Հարիւրը Բժշկուած Է

Քորոնա ժահրը

Չինաստանի Մէջ 5¬րդ Օրն Ըլլալով Որեւէ Նոր Վարակում Չէ Արձանագրուած, Իսկ Վարակուածներուն Շուրջ 90 Առ Հարիւրը Բժշկուած Է

24 ՄԱՐՏ 2020 – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐ – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ՎԱՐԱԿ:

Քորոնա ժահրը

Չինաստանի մէջ իրերայաջորդ հինգերորդ օրն ըլլալով «Քորոնա» ժահրով վարակման նոր պարագաներ չեն արձանագրուած: Այս մասին յայտարարեցին չինական առողջապահական իշխանութիւնները, որոնք, սակայն, նշեցին, թէ արձանագրուած են «Քորոնա»-ով վարակման 39 «ներածուած» պարագաներ, որոնց շարքին` 10 պարագաներ Շանկհայի մէջ, իսկ 10 այլ պարագաներ` մայրաքաղաք Փեքինի մէջ:

Ըստ պաշտօնական տուեալներուն, նաեւ արձանագրուած են 9 մահեր, բոլորն ալ ժահրի` օճախ Ուհան նահանգին մէջ:

Չինաստան մեծ ջանք կը թափէ հիմնականին մէջ «Քորոնա» ժահրի իր հողեր «վերադարձ»-ը կանխարգիլելու, եւ այդ պատճառով ալ որեւէ երկրէ Չինաստան հասնող իւրաքանչիւր անձ 14 օր կը պահէ առողջապահական մեկուսացումի մէջ:

Չինաստանի մէջ նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը օրէ օր կը նուազի, ներկայիս հիւանդանոցներուն մէջ կը բուժուին 5120 մարդիկ: Բուժուած են վարակուածներուն շուրջ 90 առ հարիւրը: Վերջին տուեալներուն համաձայն, Չինաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման հաստատուած պարագաներուն թիւը 81.093 է, որոնցմէ 72.703-ն բուժուած են եւ դուրս եկած հիւանդանոցներէն, ինչ որ կը կազմէ վարակուածներու ընդհանուր թիւին 89,65 առ հարիւրը:

Նորվեկիոյ կառավարութիւնը ՄԱԿ-ի հովանիին տակ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի համաշխարհային հիմնադրամ ստեղծելու առաջարկ մը կատարեց:

Հիմնադրամը կրնայ ստեղծուիլ մէկ այլ հիմնադրամի օրինակով, որ ստեղծուած էր 2014 թուականին` Էպոլա ժահրին դէմ պայքարելու համար:

«ՄԱԿ-ի հովանիին տակ միջազգային հիմնադրամը կրնայ կայունութիւն ապահովել մեր գործընկերներուն համար եւ պիտի օգնէ բոլոր երկիրներուն ջանքերը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու», նշուած է Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարար Ինէ Էրիքսեն Սորէյտէի յայտարարութեան մէջ:

Կը նշուի, որ Նորվեկիոյ մէջ անհանգստացած են, որ ժահրը կրնայ ազդել առողջապահական տկար համակարգ ունեցող զարգացող երկիրներուն վրայ:

Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ 2020 թուականի ողիմպիական խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահը յայտնեց, որ ողիմպիական խաղերը պիտի չջնջուին, իսկ զանոնք յետաձգելու ընտրանքը պիտի քննարկուի այլ ընտրանքներու կողքին:

Ճափոնի վարչապետ Շինձօ Ապէ իր կարգին յայտարարեց.«Ողիմպիական խաղերու յետաձգումը կրնայ ընտրանք մը ըլլալ, սակայն անոնց ջնջումը չի քննարկուիր»:

Ֆրանսա կառչած մնաց իր մարզիկները Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն ուղարկելու մերժման իր կեցուածքին: Ամերիկեան «Նիուզ 1» կայքը հաղորդեց, որ Ֆրանսայի առողջապահութեան նախարար Օլիվիէ Վերան կտրուկ կերպով կը մերժէ ֆրանսացի մարզիկներուն մասնակցութիւնը այդ խաղերուն: «Չեմ կրնար ողիմպիական խաղերը ջնջելու պահանջ ներկայացնել, սակայն իբրեւ առողջապահութեան նախարար ֆրանսացի մարզիկներուն պիտի չարտօնեմ Ճափոն ճամբորդել», նշեց ան:

Քանատայի եւ Աւստրալիոյ ողիմպիական կոմիտէները առանձին յայտարարութիւններով իրենց կարգին յայտնեցին, որ «Քորոնա» ժահրի վտանգին պատճառով իրենց մարզիկները պիտի չուղարկեն Թոքիօ: Անոնք նաեւ կոչ ուղղեցին ողիմպիական խաղերը յետաձգելու մինչեւ 2021 թուական:

Ֆրանսայի կենսոլորտի փոփոխութեան հարցերու նախարար Էմանուէլ Ուարկոն յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած է: Այսպիոսվ, ֆրանսական նախարարաց խորհուրդէն ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ երեքի:

«Հատաս» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ֆրանսական ապահովական մարմինները կը ձերբակալեն բոլոր անոնք, որոնք կը մերժեն տնային մեկուսացումի որոշումին ենթարկուիլ:

Սէուտական «Ուաս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը երէկ հրամայած է երկրին մէջ 21 օրուան տեւողութեամբ կրակմարի «մասնակի» դրութիւն հաստատել` արգելք հանդիսանալու համար «Քորոնա» ժահրի տարածման:

Կրակմարի դրութիւնը գիշերուան ժամը 7:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 6:00 կ՛երկարի:

Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման համար ցնոր տնօրինութիւն կ՛առկախուի օրաթերթերու հրատարակութիւնը:

Նշենք, որ Սուրիոյ առողջապահութեան նախարար Նազար Եազիժի մէկ օր առաջ յայտարարած էր Սուրիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման առաջին պարագայ մը, որ «արտասահմանէն եկած անձ մըն է»:

«Մաքտանըլտզ» ընկերութիւնը յայտարարեց, որ կը փակէ Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի ամբողջ տարածքին գտնուող իր մասնաճիւղերը, որոնց աշխատանքը վերջին օրերուն միայն արտաքին մատակարարումով սահմանափակուած էր:

Պուրքինա Ֆասոյի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Անտրիւ Եանկ յայտնեց, որ վարակուած է «Քորոնա» ժահրով: Մէկ օր առաջ նոյնպիսի յայտարարութիւն մը կատարած էր աշխարհահռչակ օփերայի սպանացի երգիչ, թենոր Փլասիտօ Տոմինկօ:

Մինչ այդ, Ֆիլիփինեան կղզիներուն մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1120-ի, իսկ մահացածներուն թիւը` 33-ի: Չեխիոյ մէջ ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 1120-ի, եւ երկրին մէջ արձանգրուեցաւ առաջին մահը: Հնդկաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 415-ի, իսկ մահացածներունը` 7-ի: Գերմանիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 22.672-ի, իսկ մահացածներունը` 111-ի: Նետերլանտներու մէջ վարակուածներուն թիւը հասաւ 4749-ի, իսկ մահացածներունը 213-ի:

Մինչ Սպանիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրին պատճառով մահացածներուն թիւը բարձրացաւ 2182-ի, Հարաւային Քորէայի մէջ ժահրէն վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 8961-ի: Երկրին մէջ նշմարելի է, որ 12 օրէ ի վեր նոր վարակումներուն թիւը կը նուազի:

Քուէյթի մէջ «Քորոնա» ժահրէն վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 189-ի, Իսրայէլի մէջ` 1238-ի, Ռուսիոյ մէջ` 438-ի, Պելճիքայի մէջ` 3742-ի, Մարոքի մէջ` 134-ի, Դանիոյ մէջ` 1450-ի, իսկ Թունուզի մէջ` 80-ի:

www.aztagdaily.com/archives/469449

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail