
ՓԱԹԻԼ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ – «Քորոնա»-էն Անդին – Արդէն քանի մը շաբաթէ ի վեր աշխարհի մէջ ամէնէն շատ հնչող բառը «Քորոնա»
24 ՄԱՐՏ 2020 – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐ – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ՎԱՐԱԿ:
Արդէն քանի մը շաբաթէ ի վեր աշխարհի մէջ ամէնէն շատ հնչող բառը փոխուած է: Այս անգամ «Խաղաղութիւն» բառը չէ , որ շատերու կողմէ բառին իսկական իմաստով, իսկ այլոց կողմէ իբրեւ պատրուակ կը հնչէր: Այս անգամ բառը ուրիշ է, բոլորին թշնամին է, վտանգաւոր է, մահացու է:
Իւրաքանչիւր երկիր ձեւ մը որդեգրեց դէմ դնելու «Քորոնա» ժահրին: Կարգ մը երկիրներ անմիջապէս դադրեցուցին օդանաւային թռիչքները, ուրիշներ արտակարգ դրութիւն յայտարարեցին` արգիլելով մարդոց երթեւեկը, կան նաեւ երկիրներ, ուր վարակուածներուն թիւին բազմացումէն սարսափ տիրեց:
Քաղաքացիներուն հակազդեցութիւններն ալ տարբեր էին: Ոմանք իրար անցան, ուրիշներ շատ հանդարտ նախազգուշացան ու վերջ, այլ մարդիկ սկսան whatsapp-ի լրագրութեան, խումբ մըն ալ մթերք ամբարելու վազեց : Ծիծաղելի նկարներն ու անեկթոտները դրական ազդեցութիւն ունին այս իրարանցումին մէջ:
Այս արտակարգ կացութիւնը վերջին 100 տարուան մէջ առաջին անգամ տեղի կ’ունենայ: Մինչեւ օրս չկայ վերջնական բժշկական բացատրութիւն ու սահմանում այս հիւանդութեան գծով: Ուսումնասիրութիւնները տակաւին ընթացքի մէջ են :
Բայց եկէք անցնինք «Քորոնա» ժահրէն անդին : Որո՞ւ միտքէն կ’անցնէր, որ «պիտի արգիլուէր» ձեռնուիլը, համբուրուիլը, գրկախառնուիլը … Ամիս մը առաջ, երբ ընկերներով ճաշարան կ’երթայինք, իւրաքանչիւրը իր հեռախօսին մէջ կ’իյնար` առանց միւսին հետ խօսելու, իսկ հիմա կ’ընդվզինք, կ’ուզենք մեր ընկերները տեսնել: Քիչեր ներկայ կը գտնուին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուող պատարագներուն … հիմա կ’ուզենք եկեղեցի երթալ : Դպրոցէն դժգոհող աշակերտները հիմա մտահոգ են ուսումնական ծրագիրով … Գրասենեկային կեանքէ գանգատող պաշտօնեաները իրենց գործով մտահոգ են: Մարզասրահ յաճախելու ծուլացողները ջղային վիճակի մէջ են: ՀՄԸՄ-ի հաւաքներէն յաճախ բացակայող սկաուտները հիմա առցանց հաւաքի ժամուն կը սպասեն, իրենց խմբապետներն ու քոյր _եղբայրները կարօտցած են … Հազար փառք համացանցին, որ կը պահէ մեր կապը: Թէեւ մեկուսացած, բայց կապի մէջ ենք:
Առաւել եւս, տունը շատ ընելիք կայ : Ընթերցանութիւն, ճաշ եփել, տան մաքրութիւն, ձեռային աշխատանք … Աստուծոյ կամքով այս օրերը պիտի անցնին, եւ մեզի պիտի մնայ արժեւորել մեր ընկերային կեանքի ջերմութիւնը, արժեւորել մեր սիրելիներուն կողքին անցուցած իւրաքանչիւր վայրկեանը … արժեւորել ոչինչ թուացող մեր բոլոր ունեցածները … Այո՛, մենք ունէինք շատ բաներ, որոնց արժէքը չէինք գիտեր …
www.aztagdaily.com/archives/469419





