«Որդեգրէ Գիւղ Մը» Ծրագիրը Սկիզբ Առաւ Արենի Գիւղէն

14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015

Դեկտեմբեր 11-ին Վայոց Ձորի Արենի գիւղին մէջ տեղի ունեցած է «Որդեգրէ գիւղ մը» ցուցանակի տեղադրումը, որմով հիմք դրուած է Նոր Զելանտայի հայ համայնքին կողմէ Արենիի եւ շրջակայ գիւղերու որդեգրման: Այս մասին կը գրէ Mediamax.am-ը:

«Որդեգրէ գիւղ մը» հայեցակարգը մշակուած է Նոր Զելանտայի եւ Աւստրալիոյ քաղաքացի, «Ծագումը: Բացայայտում» վէպի հեղինակ Լեն Ուիքսի կողմէ:

Շրջելով Հայաստանի մարզերուն մէջ եւ տեսնելով հայկական գիւղերու անմխիթար վիճակը` ան նախաձեռնած է այս ծրագիրը, որ կը կապէ հայկական գիւղերն ու անոնց շրջակայքը յստակ երկրի հետ, ուր կը գործէ հայկական համայնք:

Ծրագիրը անմիջական կապ կը ստեղծէ երկու կողմերուն միջեւ` առանց որեւէ միջնորդի եւ կը վերահսկուի սփիւռքահայութեան կողմէն: Անիկա կ՝իրականացուի փոքր ծրագիրներու միջոցով` չպահանջելով մեծ գումարներու ներդրում:

«Որդեգրէ գիւղ մը» ծրագիրը նպատակ ունի գեղեցկացնել, մաքրել հայկական գիւղերը ոչ միայն գիւղի բնակիչներուն համար, այլեւ՝ զբօսաշրջիկներու:

Ներկայիս հայեցակարգի հեղինակ Լեն Ուիքսը կ՝աշխատի իր վէպի հիման վրայ ֆիլմ-եռերգութիւն ստեղծելու ուղղութեամբ, որ իւրօրինակ գովազդ պիտի հանդիսանայ Հայաստանի համար` մեծ պաստառին ցուցադրելով Հայաստանի գեղեցկութիւնը, մշակոյթը, պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail