
Պիտի Չարտօնեմ, Որ «Քորոնա»-ն Տնտեսական Երկարատեւ Խնդիրի Վերածուի», Կ՛ըսէ Թրամփ
25 ՄԱՐՏ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ վստահ է, որ իր երկիրը պիտի կարողանայ երեք-չորս ամսուան կամ նոյնիսկ աւելի կանուխ վերականգնել տնտեսական աշխուժութիւնը:
«Եկէք աշխատինք: Մեր երկիրը չէ ստեղծուած փակ ըլլալու համար: Միացեալ Նահանգները երեք-չորս շաբթուան ընթացքին կամ, թերեւս, աւելի կանուխ դարձեալ եւ շուտով առեւտուրի համար «բաց» պիտի ըլլան: Մենք չենք կրնար արտօնել, որ դարմանները վարակէն աւելի վատ ըլլան», յայտնեց Թրամփ:
«Քորոնա» ժահրի դարման գտնելը ինքնին խնդիրէն աւելի վատ պիտի չդարձնեմ, եւ 15 օր քննարկումներէ ետք որոշում մը պիտի որդեգրեմ ամերիկեան տնտեսութեան վերականգնման համար: Պիտի չարտօնեմ, որ «Քորոնա»-ն տնտեսական երկարատեւ խնդիրի վերածուի», յայտարարեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Քորոնա» ժահրի տարածումը ուշ կամ կանուխ պիտի աւարտի», ըսաւ ան` նշելով. «Ամերիկեան մեծ ու փոքր ընկերութիւնները մեծապէս վնասուեցան «Քորոնա»-ին պատճառով, եւ պէտք է աշխարհի տարածքին ասիական ընկերութիւնները պաշտպանել ժահրի տարածումէն»:
«Այժմ քաղաքական հաշիւներ մաքրելու յարմար ժամանակը չէ, պիտի շարունակենք հանրապետականներուն եւ դեմոկրատականներուն հետ ժահրի դիմակայման համար պիւտճէի շուրջ քննարկումը», ըսաւ Թրամփ:
www.aztagdaily.com/archives/469511





