Քորոնա» Ժահրի Վտանգին Պատճառով. Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը Կը Քննարկէ Հեռակայ Քուէարկութեան Կարելիութիւնը

“THE ARMENIAN CAUSE IS A CAUSE OF JUSTICE” CATHOLICOS ARAM I – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ – ARMENIAN GENOCIDE – I REMEMBER AND I DEMAND – GÉNOCIDE ARMÉNIEN – JE ME SOUVIENS ET J'EXIGE

Քորոնա» Ժահրի Վտանգին Պատճառով. Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը Կը Քննարկէ Հեռակայ Քուէարկութեան Կարելիութիւնը

25 ՄԱՐՏ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

coronavirus

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան տասնեակներով անդամներ զօրակցութիւն յայտնեցին, Քոնկրեսի ներքին կանոնադրութիւնը բարեփոխելով, հեռակայ քուէարկութիւնը արտօնելու գաղափարին:

Այդպիսի բարեփոխում մը կը հակասէ երկու դարէ ի վեր կիրարկուած կանոնին, սակայն անոնց կարողութիւն կու տայ Միացեալ Նահանգներու մէջ նոր «Քորոնա» ժահրի ստեղծած վտանգի եւ մեկուսացման պայմաններուն մէջ իրենց օրէնսդրական աշխատանքը շարունակելու:

Ներկայացուցիչներու տան 67 դեմոկրատական անդամներ ստորագրեցին դիմում մը, որ կը պահանջէ ազգային արտակարգ դրութիւններուն ընթացքին առկախել երկու հարիւր տարիէ ի վեր օգտագործուած օրինական հիմերը, որոնք քոնկրեսականներուն կը ստիպեն անձնապէս ներկայանալ Ներկայացուցիչներու տան ժողովասրահ, որպէսզի կարողանան որեւէ քուէարկութեան մասնակցելու:

Դիմումը ստորագրած քոնկրեսական Քաթլին Ռայս յայտնեց. «Պէտք է Քոնկրեսին արտօնել հեռակայ քուէարկութիւն կատարել, որպէսզի կարողանայ արագօրէն ու ապահով կերպով որդեգրել «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի օրէնքներ եւ աջակցութիւն տրամադրել անոր, որուն կարիքը ունի»:

Քոնկրեսական Էրիք Սուելուիր իր կարգին լուսարձակի տակ առաւ այն առողջապահական վտանգները, որոնք պիտի վտանգեն Քոնկրեսի անդամները, եթէ ստիպուին մնայուն կերպով Ուաշինկթընի եւ իրենց ընտրատարածքներուն միջեւ երթեւեկել, ամէն անգամ որ երկրին մէջ տարածուած համաճարակի լոյսին տակ կարիքը ունենան քուէարկելու:

Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի հանրապետական անդամներ առնուազն երեք քոնկրեսականներու «Քորոնա» ժահրով վարակուելէն եւ ուրիշներ իրենք զիրենք տնային մեկուսացման մէջ դնելնէն ետք զօրակցեցան այս գաղափարին:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր կարգին յայտնեց, որ «ամբողջովին կը զօրակցի» Քոնկրեսին մէջ «սահմանափակ ժամանակաշրջանի» մը ընթացքին հեռակայ քուէարկութիւն կատարելու արտօնման:

www.aztagdaily.com/archives/469523

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail