Փենթակոն Կը Յայտնէ, Թէ «Քորոնա»-ի Տագնապը Կրնայ Երկարիլ Մինչեւ Յուլիս, Եւ Կը Զգուշացնէ Ընկերային Քայքայումէ

Փենթակոն Կը Յայտնէ, Թէ «Քորոնա»-ի Տագնապը Կրնայ Երկարիլ Մինչեւ Յուլիս, Եւ Կը Զգուշացնէ Ընկերային Քայքայումէ

25 ՄԱՐՏ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

«Քորոնա» ժահրն ու անոր ստեղծած տարբեր կացութիւնները, տագնապները եւ անոնց դիմագրաւման նպատակով առնուած քայլերը կը շարունակեն իրենց վրայ հրաւիրել համայն աշխարհին ուշադրութիւնը:

Միջազգային կարմիր խաչը յայտնեց, որ քայլեր կ՛որդեգրէ սուրիացի գաղթականներու «Հոլ» գաղթակայանին մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման համար, եւ պատրաստ է Սուրիոյ այլ շրջաններուն մէջ նոյն նպատակով օժանդակութիւն տրամադրելու:

Միջազգային կարմիր խաչի Մերձաւոր Արեւելքի եւ Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչ Ռութ Հետըրեքթըն յայտնեց. «Միջազգային կարմիր խաչը պատրաստ է օժանդակութիւն տրամադրելու Սուրիոյ մէջ մեկուսացման եւ անմիջական խնամքի կեդրոններուն, ինչպէս նաեւ` «ՔՈՎԻՏ¬19»¬ի դէմ կանխարգիլման տարբեր քայլերու աջակցելու»:

Մինչ այդ, Սուրիոյ մէջ այսօր երեկոյեան ժամը վեցէն մինչեւ առաւօտեան ժամը վեց կրակմարի դրութիւն յայտարարուեցաւ:

ՄԱԿ¬ը կոչ ուղղեց` մեղմացնելու Իրանի եւ «ՔՈՎԻՏ¬19»¬ը դիմագրաւող այլ երկիրներու դէմ հաստատուած պատժամիջոցները:

Միւս կողմէ, առանց նոր վարակման դէպքի աւելի քան 5 օր անցընելէն ետք Չինաստանի առողջապահութեան յանձնախումբը յայտարարեց, որ Հոպի շրջանին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման երեք պարագաներ արձանագրուած են:

Նախքան այդ, Չինաստանի Հոպի նահանգի առողջապահութեան յանձնախումբը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ այսօրուընէ սկսեալ կը վերցնէ նահանգին առնչուած ճամբորդական արգելքը` բացառութեամբ նահանգի մայրաքաղաք, «Քորոնա» ժահրի օճախ Ուհանի, որուն նկատմամբ ճամբորդական արգելքը պիտի վերցուի 8 ապրիլին:

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրի տարածման պատճառով ժամանակաւոր կերպով ազատ արձակուած 85 հազար բանտարկեալներու մինչեւ 18 ապրիլ երկարող պայմանաժամը կ՛երկարաձգուի:

Քուէյթի ընդհանուր դատախազ Տարար Ասուսի իր կարգին յայտարարեց, որ անցնող տասը օրուան ընթացքին «Քորոնա»¬ի տարածման պատճառով 230 բանտարկեալներ ազատ արձակուած են, իսկ 240 ուրիշներու հարցը կը սերտուի:

Ամերիկեան «Ճոն Հոփքինզ» համալսարանի վերջին տուեալները ի յայտ բերին, որ աշխարհի վրայ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 381 հազարի, իսկ զոհերունը` 16.508¬ի: «Քորոնա»¬ով վարակուածներու մեծագոյն թիւը արձանագրուած է Չինաստանի մէջ, անոր կը յաջորդէ Իտալիան, երրորդ դիրքի վրայ են Միացեալ Նահանգները, չորրորդ` Սպանիան, հինգերորդ` Գերմանիան, վեցերորդ` Իրանը, ութերորդ` Ֆրանսան, իսկ իններորդ` Հարաւային Քորէան:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու զգուշացուց, որ իր երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը մէկ ամիսէն կրնայ մէկ միլիոնի հասնիլ, իսկ զոհերունը` տասը հազար, եթէ ժահրի տարածման արգիլման համար խիստ քայլեր չորդեգրուին: Նշենք, որ Իսրայէլի մէջ ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 1656¬ի:

Փենթակոն երէկ զգուշացուց «Քորոնա» ժահրէն ամէնէն շատ վնասուած երկիրներուն մէջ ընկերային քայքայումէ: Ամերիկեան զինեալ ուժերու սպայակոյտի միացեալ մարմինի ղեկավար զօր. Մարք Միլի Փենթակոնի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Այս կացութիւնը կրնայ կարգ մը երկիրներու մէջ ընկերային քայքայումի առաջնորդել»:

«Քորոնա» ժահրի տարածումը, հիմնուելով այլ երկիրներուն մէջ տեղի ունեցածին վրայ, կրնայ մինչեւ յուլիս երկարիլ», ըսաւ ան:

Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը հաղորդեց, որ աշխարհի բնակչութեան 20 առ հարիւրը «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով իրենց տան մէջ փակուելու ցուցմունք ստացած են: Բնակիչներուն տուն մնալու կոչ ուղղած են Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Աւստրալիոյ, Հարաւային Քորէայի, Սպանիոյ եւ տասնեակ այլ պետութիւններու կառավարութիւնները:

Երէկ, Ճափոնի վարչապետ Սինձօ Ապէի եւ Միջազգային Ողիմպիական յանձնախումբի նախագահ Թոմաս Պախի միջեւ բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք, որոշուեցաւ մէկ տարիով յետաձգել Ճափոնի մայրաքաղաքին մէջ նախատեսուած Ողիմպիական խաղերը: Թոքիոյի քաղաքապետ Եուրիքօ Քոիքէ, սակայն յայտարարեց, որ խաղերը պիտի պահեն «Թոքիօ¬2020» անունը:

Աւստրալիան, Քանատան, Նորվեկիան եւ Ֆրանսան մէկ օր առաջ մերժած էին իրենց մարզիկները ուղարկել խաղերուն` «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Միացեալ Նահանգներու եւ Գերմանիոյ Ողիմպիական յանձնախումբերն ալ դիմած էին Միջազգային Ողիմպիական յանձնախումբին` խնդրելով յետաձգել Ողիմպիական խաղերը:

Գերմանիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ աւելի քան 27 հազարի, իսկ զոհերունը` 114¬ի: Հարաւային Քորէայի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 9037¬ի, իսկ զոհերունը` 120¬ի: Թայլանտի մէջ ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 721¬ի, իսկ զոհերունը 2¬ի: Իրանի մէջ` 24.811¬ի եւ 1934¬ի, Սպանիոյ մէջ` 38.089¬ի եւ 2182¬ի, Իրաքի մէջ 316-ի, իսկ զոհերունը` 27¬ի:

Օմանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 84¬ի, Մեքսիքայի մէջ` 367¬ի, Թայուանի մէջ` 215¬ի, իսկ Հնդկաստանի մէջ` 471¬ի:

www.aztagdaily.com/archives/469524

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail