Իտալացի Բժիշկին Դարձը – Իտալիոյ Լոմպարտիա շրջանի բժիշկներէն 38-ամեայ տոքթ. Իւլիան Ուրպանը կը գրէ

Vatican Italy

Իտալացի Բժիշկին Դարձը – Իտալիոյ Լոմպարտիա շրջանի բժիշկներէն 38-ամեայ տոքթ. Իւլիան Ուրպանը կը գրէ

25 ՄԱՐՏ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Իտալերէնէ հայերէնի թարգմանեց` ԺԱԳ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Իտալիոյ Լոմպարտիա շրջանի բժիշկներէն 38-ամեայ տոքթ. Իւլիան Ուրպանը կը գրէ.

«Երբեք, ամենամութ մղձաւանջներուս մէջ, չէի կրցած տեսնել եւ ապրիլ այն, ինչ որ երեք շաբաթներէ ի վեր կը պատահի մեր հիւանդանոցին մէջ: Այս մղձաւանջը կը ծորի եւ յորդը հետզհետէ աւելի կ’ուռճանայ:

«Սկիզբը մեր մօտ հասնողները քանի մը հոգի էին, ապա` տասնեակներ, որմէ ետք, հարիւրաւորներ, իսկ այժմ բժիշկներ չենք, այլ վերածուած ենք մարդոց ճակատագիրը որոշողներու, թէ` որո՛նց պիտի ընդունինք, որպէսզի ապրին, եւ որո՛նց տուն պիտի ղրկենք մեռնելու համար, նոյնիսկ եթէ ամէնքը արդէն ցմահ վճարած են Իտալիոյ կառավարութեան տուրքերը:

«Մինչեւ վերջին երկու շաբաթները գործընկերներս ու ես անաստուած էինք, շատ պարզ էր մեզի համար, որովհետեւ բժիշկ էինք եւ սորված էինք, թէ գիտութիւնը կը բացառէ Աստուծոյ գոյութիւնը: Միշտ ծիծաղած էի ծնողքիս եկեղեցի յաճախելուն համար:

«Ինը օրեր առաջ մեր մօտ 75 տարեկան հոգեւոր հովիւ մը եկաւ, ազնիւ մարդ մըն էր: Շնչառութեան խիստ հարցեր ունէր, բայց իր ձեռքէն անբաժան էր Աստուածաշունչը, եւ աւելին` մեզ հրապուրեց իր կողմէ Կտակարանի ընթերցումը` դիակներուն ձեռքը բռնած:

«Բոլորս արդէն յոգնած, պարտասած, յուսահատ էինք. հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս սպառած, երբ ժամանակը ունեցանք անոր լսելու:

«Հիմա պէտք է ընդունիլ, որ մենք` իբրեւ մարդ, մեր սահմաններու լրումին հասած ենք, աւելի ոչ մէկ բան կրնանք ընել, եւ ամէն օր այս ժահրին պատճառով մահացողներուն թիւը կը բարձրանայ:

«Առ այդ, մենք եւս սկսանք սպառիլ, արդէն երկու գործընկերներ մահացան, եւ ուրիշներ վարակուած են:

«Հետեւաբար հասկցանք, թէ հոն, ուր մարդուն կարողութիւնները կը սահմանափակուին, Աստուծոյ կարիքը կ’ունենանք. եւ այսպիսով սկսանք Անկէ օգնութիւն հայցել, երբ քանի մը վայրկեան ազատ ժամանակ գտնէինք: Սկսանք մենք մեր անձին հետ խօսիլ, թէ ինչպէ՛ս անհաւատալի ձեւով վայրագ անաստուածներէ, օրն ի բուն մեր խաղաղութիւնը կը փնտռենք, սկսանք Աստուծմէ օգնութիւն խնդրել, որպէսզի կարենանք տոկալ` հիւանդները խնամելու համար:

«Երէկ 75 տարեկան հոգեւոր հովիւը իր աչքերը յաւիտենականութեան մէջ փակեց: Մինչեւ օրս, այս երեք շաբթուան ընթացքին, 120-է աւելի մահ ունեցանք, երբ բոլորիս ուժերը սպառեցան, կաշկանդուած զգացինք, հոգեւորականը կրցաւ, հակառակ իր վատառողջ վիճակին եւ մեր դժուարութիւններուն, մեզի խաղաղութիւն եւ յոյս ներշնչել, որ երբեւէ կորսնցուցած էինք:

«Հոգեւորականը Տիրոջ քով գնաց եւ մօտ օրէն մենք ալ անոր պիտի հետեւինք եթէ այսպէս շարունակուի:

«Վեց օրէ ոչ տուն գացած եմ, ոչ ալ կը յիշեմ երբ վերջին անգամ կերած եմ. սկսայ գիտակցիլ, թէ որքան անպէտք արարած մըն եմ այս աշխարհին մէջ: Որոշած եմ մինչեւ վերջին շունչս հատցնել` ուրիշներուն օգնելու համար: Երջանիկ եմ, որ Աստուծոյ վերադարձայ, երբ տառապանքով շրջապատուած էի եւ իմ նմաններուս մահը կը տեսնէի»:

Գրութեան ճիշդ թուականը անյայտ է, սակայն ութ օրէ ի վեր արդէն իտալական լրատուամիջոցները կը խօսին այս նամակին մասին:

www.aztagdaily.com/archives/469539

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail