ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Ատրպէյճան ցեղասպանական ջարդի ձեռնարկեց Շուշիի դէմ Արցախի հայութիւնը պարզեց հերոսական ապստամբութեան դրօշը

100 տարի առաջ` 1920 թ. մարտի 23-ին նորաստեղծ Ադրբեջանական Դեմոկրատական Հանրապետութեան իշխանութիւններն իրականացրեցին այդ ժամանակ Արցախի վարչական եւ մշակութային կենտրոն Շուշիի հայ բնակչութեան կոտորածը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Ատրպէյճան ցեղասպանական ջարդի ձեռնարկեց Շուշիի դէմ Արցախի հայութիւնը պարզեց հերոսական ապստամբութեան դրօշը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Յուշատետր

22 Մարտ 1920.

Ատրպէյճան ցեղասպանական ջարդի ձեռնարկեց Շուշիի դէմ․
Արցախի հայութիւնը պարզեց
հերոսական ապստամբութեան դրօշը

Ն. Պէրպէրեան

Մարտ 22ի այս օրը, ուղիղ դար մը առաջ, դէպի Պաքու արշաւող թրքական զօրքերու օգնութեամբ եւ ռազմական ղեկավարութեամբ՝ Ատրպէյճան ընդհանուր նախայարձակումի ձեռնարկեց հայոց հնաւանդ Շուշի քաղաքին դէմ, զանգուածային սպանդի ենթարկեց աւելի քան 20 հազար անզէն հայեր եւ քարուքանդ աւերեց ու աւարեց անառիկ Արցախի արծուեբոյնը։

Այդպէ՛ս, 22 Մարտ 1920ը խորհրդանշեց սեւ ու կարմիր՝ թանձր գոյներով խտացած ողբերգական տարեթիւ մը Արցախի հայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի արիւնալի, այլեւ հերոսական պատմութեան մէջ։

Անշուշտ Արցախի հայութիւնը անպատասխան չձգեց թշնամիին ձեռնարկած անակնկալ ու անարգ յարձակումը եւ ընդհանուր ապստամբութեան դրօշ պարզեց մուսաւաթական Ատրպէյճանի դէմ, որ աչքերը յառած Թուրքիոյ եւ անոր հետ համաթրքական հին-նոր ցնորքին անձնատուր եղած՝ դարձեալ հայասպանական գրոհի ձեռնարկած էր՝ արցախահայութիւնը իր հայրենի բնօրրանէն տեղահանելու եւ ազգային մաքրազտման ցեղասպանութեան ենթարկելու… մոլուցքով։

Այդպէ՛ս, Անդրկովկասի հայութեան կարեւորագոյն օճախներէն Շուշին գլխաւոր զոհը դարձաւ ազերիական հակահայ մոլուցքի այդ օրերու բորբոքման – հիմնովին կործանեցաւ ու հրկիզուեցաւ հայոց հպարտութեան խորհրդանիշ քաղաքը։

22 Մարտ 1920ին ահաւոր տարողութեան յանգած ազերի թաթարներու հակահայ գրոհները նոր երեւոյթ չէին։ 1905ին եւ 1918ին եւս հայրենի Արցախին դէմ թուրքութաթար յարձակումներ գործուած էին։ Զոյգ թուականներուն ալ, արիւնալի ընդհարումներ արձանագրուած էին ազերի թաթարներու եւ հայերու միջեւ։ Երկու պարագաներուն ալ, ռուսական (ցարական) եւ թրքական (օսմանեան) ծաւալապաշտական ախորժակները գրգռիչ դեր խաղացած էին՝ Անդրկովկասի մէջ հայեւթաթար դարաւոր կենակցութիւնը ազգամիջեան հակադրութեան, թշնամանքի եւ արիւնահեղութեան անդունդը գլորելու առումով, այլեւ՝ տարածաշրջանը բաժնելով-տիրելու եւ մեծապետական հակակշռի տակ պահելու մղումով։

Այս առումով՝ 22 Մարտ 1920ի ազերիական նախայարձակումը եւ Արցախի հայոց ընդհանուր ապստամբութիւնը նոր էջ մը բացին թաթարեւհայ ազգամիջեան ընդհարումներու արիւնալի պատմութեան մէջ։

Առաջին անգամ ըլլալով Արցախի հայութիւնը իր ընտրած ժողովրդական ներկայացուցիչներով եւ ազգային խորհուրդներով ի վերջոյ որոշեց զինեալ ապստամբութեան դիմել՝ թուրք-թաթարներու լուծը մէկանգամընդմիշտ թօթափելու եւ 28 Մայիս 1918ին հիմնուած ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան միանալու վճիռով ու հաստատակամութեամբ։

Իր հիմնադրութեան օրերէն իսկ, այսպէս կոչուած Ատրպէյճանի Հանրապետութեան մուսաւաթական իշխանութիւնները հետեւողականօրէն յառաջ մղած էին Ղարաբաղի տարածքին հայկական տիրական ներկայութեան ազգագրական քարտէսը փոխելու, հայերը կոտորելով եւ հեռացնելով՝ հայկական տարածքները յափշտակելու եւ իւրացնելու «ազգային մաքրազտումի» թուրք-թաթարական իրենց քաղաքականութիւնը։

Ազերի թաթարներու հայատեացութիւնը հրահրելով եւ խուժան ամբոխի միջոցաւ հայ բնակչութիւնը խժդժութեանց ենթարկելով՝ մուսաւաթականները քայլ առ քայլ յառաջ մղեցին այդ քաղաքականութիւնը։ Հայերու դէմ պարբերական յարձակումները, սպանութիւնները եւ ալան-թալանը մնայուն կենսակերպի վերածուեցան մուսաւաթական Ատրպէյճանի մէջ։ Եւ որքան մօտեցաւ խորհրդային իշխանութեանց Անդրկովկասին «վերատիրանալու» պահը, այնքան կատաղի դարձան մուսաւաթականները՝ հակահայ իրենց «մաքրազտումի» քաղաքականութեան մէջ։

Ահա՛ այդ մթնոլորտին մէջ, 19 Փետրուար 1920ին, Ատրպէյճանի մուսաւաթական ղեկավար Սուլթանովը վերջնագիր ներկայացուց Արցախի Հայոց Ազգային Խորհուրդին՝ «շտապօրէն վերջնական լուծում տալու Արցախը Ատրպէյճանի Հանրապետութեան անբաժանելի մասը ընդունելու հարցին»։

Արցախի Հայոց Ազգային Խորհուրդը, 23 Փետրուարէն մինչեւ Մարտի 4, գումարեց իր 8րդ Համագումարը եւ որոշեց մերժել Սուլթանովի վերջնագիրը։ Աւելի՛ն. Համագումարի պաշտօնական պատասխանը դատապարտեց մուսաւաթական իշխանութիւնները, որոնք առանց Ազգային Խորհուրդի հաւանութեան՝ ազերի զօրքեր մտցուցած էին հայկական տարածքներուն մէջ եւ Փետրուար 22ին լայնածաւալ խժդժութեանց՝ կոտորածներու եւ հրկիզման ենթարկած էին անզէն հայերն ու անոնց բնակավայրները Խանքենտի եւ Ասկերանի շրջաններուն մէջ, ինչպէս եւ Շուշի-Էվլախ ճանապարհին։

Մինչ Սուլթանովի կառավարութիւնը կատաղօրէն կը հակազդէր Համագումարի մերժողական պատասխանին եւ անմիջապէս կը պահանջէր Ազգային Խորհուրդին լուծարումը՝ իբրեւ իրաւական եւ օրինական ոչ մէկ հիմք ներկայացնող մարմնի, Արցախի հայութեան կողմէ ընտրուած ներկայացուցչական մարմինը դիւանագիտական յատուկ նախաձեռնութեան մը դիմեց՝ Դաշնակից Ուժերու դիւանագիտական լիազօրներուն, Անդրկովկասի երեք հանրապետութեանց դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն եւ Անդրկովկասի մէջ խորհրդային իշխանութեանց լիազօրի ներկայութեան յայտարարելով, որ Արցախի հայութիւնը պիտի պարտաւորուի ինքնապաշտպանութեան իր օրինական իրաւունքը զէնքով հաստատագրելու, եթէ մուսաւաթական իշխանութիւնները շարունակեն իրենց հակահայ «ազգային մաքրազտում»ի քաղաքականութիւնը։

Չուշացաւ Սուլթանովի կառավարութեան կողմէ յառաջագունէ մտածուած ու ծրագրուած ջարդարարական հարուածը։

22-23 Մարտին գործադրուեցան Շուշիի վրայ Ատրպէյճանի զինուորական նախայարձակումը, հայութեան սպանդը եւ քաղաքին կործանումը։

Թէեւ Արցախի հայութիւնը պարզեց ընդհանուր ապստամբութեան դրօշը, բայց թշնամին նախապատրաստուած էր եւ հայոց ապստամբական առաջին գործողութիւնները ռազմադաշտի վրայ պարտութեամբ վերջ գտան։

Հետեւեցան լայնածաւալ ազերիական յարձակումներ։ Շուշիի գլխաւոր մասը կազմող հայկական թաղերու քարուքանդ կործանումէն, հազարաւոր անզէն հայերու արեան հեղումէն եւ հայկական տուներու եւ խանութներու կողոպուտէն եւ հրկիզումէն ետք… աւելի քան հազար հայեր Շուշիի մէջ ձերբակալուեցան եւ բանտ նետուեցան։

Սկզբնական այդ պարտութենէն, սակայն, հերոսական Արցախի հայութիւնը արագօրէն վերականգնեցաւ։ Բուռն կռիւներ մղուեցան Արցախի ամբողջ տարածքին եւ, հակառակ ազերիական կանոնաւոր զօրքի թուական ու ռազմական գերազանց ուժին, հայկական ուժերը կրցան ետ մղել Սուլթանովի բանակը եւ ազերի խուժանը։ Մինչեւ Ապրիլի կէսերը շարունակուեցան զինեալ ընդհարումները։ Զանգեզուր գտնուող Դրօն իր զօրամասերով հասաւ Արցախի օգնութեան եւ հայոց ապստամբութիւնը, գոնէ ժամանակաւորապէս, յաղթանակով պսակուեցաւ։

Պատմական ընդհանուր պատկերացում մը կազմելու համար՝ կ՚արժէ խօսքը տալ պատմական գիտութիւններու դոկտոր եւ փրոֆեսոր Հրանտ Աբրահամեանի, որուն համաձայն՝
«…Միայն 1918-1920ին, Արցախի մէջ ոչնչացուեցաւ 59 գիւղ, սպաննուեցաւ 25 հազար մարդ (արցախահայութեան 20,1 տոկոսը), անօթեւան մնաց 37 հազար բնակիչ, փոշիացաւ 7000 տնտեսութիւն, փակուեցաւ կամ ոչնչացուեցաւ երկրամասի ֆապրիքներու եւ արհեստանոցներու 90 տոկոսը, մոխրացաւ հայոց Շուշին (տես՝ «Խորհրդային Ղարաբաղ», 1930, N 31)։

«Ատրպէյճանցի պատմաբանները միշտ ալ կեղծած են եւ հասարակութենէն թաքցուցած են Շուշիի ցեղասպանութեան բուն պատճառներն ու հետեւանքները։ Ակնյայտ է, որ անցեալին Շուշին, Թիֆլիսէն եւ Պաքուէն յետոյ, Անդրկովկասի տնտեսական եւ մշակութային երրորդ զարգացած կեդրոնն էր։ Ասիկա չէր կրնար բաւարարել ատրպէյճանցիներուն, ուստի անոնք Շուշին հայաթափելու ծրագիր մշակեցին եւ սկսան իրագործել 1905-1906 եւ 1920 թուականներուն։ Ամենասարսափելի ջարդերը տեղի ունեցած են 1920 թուականի Մարտի 22-23ին, երբ մէկ օրուան ընթացքին ցեղասպանութեան զոհ գնաց քաղաքի հայութիւնը՝ անոր իսկական եւ պատմական տէրը։

«Ատրպէյճանը 1919ի երկրորդ կէսին եւ 1920ի առաջին ամիսներուն իր ռազմական ուժերը տեղակայեց Արցախ-Ղարաբաղի ռազմավարական բոլոր կէտերուն վրայ։ Ատրպէյճանը կը ձգտէր Արցախի դէմ օգտագործել ոչ միայն ազերի ասկեարներն ու սպաները, այլ նաեւ Ղարաբաղի նահանգապետ, քիւրտ Խոսրովբէկ Սուլթանովի ծննդավայր Հաջի Սամլուի քիւրտերէ կազմուած հրոսակները, ինչպէս եւ մուսաւաթական բանակին մէջ ծառայող նախկին ցարական բանակի ռուս սպաները։

Այդ օրերուն Ղարաբաղ-Զանգեզուրի, ինչպէս եւ Հայաստանի հարցը լուծելու համար, փան-թուրքական «Իթթիհատ» կուսակցութիւնը Ատրպէյճանի մուսաւաթական կառավարութեան տրամադրեց հանրապետութեան հարուստներէն հանգանակած մէկ միլիառ ռուպլին, կազմակերպեց 200 հազարնոց բանակ եւ զայն օգտագործեց հիմնականին մէջ հայութեան դէմ (նոյնը, գ. 42711, թ. 241)։ Մուսաւաթական Ատրպէյճանը իր դահիճներէն կը պահանջէր «լայն մասշտաբով եւ մի քանի ուղղութիւններով զինաթափել ու իրեն ենթարկել Ղարաբաղ-Զանգեզուրը» (նոյնը, գ. 249, թ. 139)։

«…Գանձակէն մինչեւ Մուսուլմանլար-Զանգեզուր սկսան պատերազմական գործողութիւններ։ Թուրք-ատրպէյճանցիները Թարթառի ուղղութեամբ փորձեցին ներխուժել Ջրաբերդի շրջանը։ Սակայն հայ պաշտպաններու հուժկու հարուածներէն ետ շպրտուեցան եւ Ջրաբերդը մնաց անառիկ։ Ջրաբերդցիները օգնութեան հասան նաեւ Կիւլիստանցիներուն ու խաչէնցիներուն։ Ատրպէյճանի մուսաւաթական յարձակումներն անյաջողութեամբ վերջացան նաեւ Դիզակի ու Վարանդայի պարագային։

«Այդ օրերուն ամենաողբերգական իրադարձութիւնները տեղի ունեցան Շուշի քաղաքին մէջ։ 1920ի Մարտ 23ին քաղաք մտաւ քրտական ջոկատը։ Սուլթանովի հրամանով՝ նախօրօք քաղաքի թուրքերուն բաժնած էր նաւթ եւ լուցկի՝ հրամանի պարագային վառելու հայերու տուներն ու հասարակական կառոյցները։ …

Մահմետական մոլեռանդ խուժանը՝ ասկեարներու եւ թուրք սպաներու գլխաւորութեամբ, ներս կը խուժեն քաղաքի հայկական թաղամասերը, կը հրդեհեն, կը կողոպտեն տուները, խանութները, հասարակական շէնքերը, անխնայ կը կոտորեն անպաշտպան բնակչութիւնը, կը բռնաբարեն կիներն ու աղջիկները։ Մուսուլման սպաները, որոնք կը գիշերէին հայերու տուներուն մէջ, կը սպաննեն տան բնակիչները, տունը կը վառեն եւ գոռուն-գոչիւններով կը նետուին փողոց։

«Այդ գեհէնի ականատեսը յետոյ պիտի գրէր.- «… Իսկ այն, ինչ Շուշիի մէջ կատարուեցաւ, նկարագրել անկարելի է. լուսաբացին՝ ժամը 4ին, կիսահագնուած… հայկական հրդեհի ալիքներուն միջէն, գնդակներու տարափի տակ մի կերպ, շուրջս խիտ մառախուղ, գուցէ եւ հրաշք օգնութեամբ կարողացայ բակերով ու նեղ փողոցներով ճանապարհ գտնել դէպի Քարին Տակ գիւղը, որով եւ ազատուեցանք վերահաս մահէն» (նոյնը, ֆ. 4041, ց. 1, գ. 103, թ. 14)։

«Տեղի ունեցած այդ ցեղասպանութենէն մի քանի օր անց, Արցախէն Հայաստանի կառավարութեան ուղարկուած հաղորդագրութեան մը մէջ ըսուած է, որ Շուշիէն Քարին Տակ ճամբով ցած իջած եւ Վարանդա ու Դիզակ գացած են 5-6 հազար մարդ։ Ըստ այդ հաղորդումին՝ քաղաքը մնացած հայերէն 3000ը սպաննուած են փողոցներու մէջ (նոյնը, ֆ. 4033, ց. 5, գ. 461, թ. 145-146)։ Յայտնի վիճակագիր Բախշի Իշխանեանի հաշւումներով, այդ օրերուն միայն Շուշիի մէջ զոհուած է 8988 հայ («Յառաջ», 1.04.1920)»։
96 տարիներ անցած են պատմական ծանրակշիռ այդ ժամանակաշրջանէն։

Արցախի հայոց ազգային-ազատագրական պայքարը շատ փուլերէ անցաւ՝ մինչեւ որ 1988ի իր նորագոյն պոռթկումով նուաճեց իր իրողական ազատագրումը ատրպէյճանական լուծէն։

Վերանկախացեալ Արցախի հայութեան հետ ողջ հայաշխարհը այսօր կը յայտարարէ ի լուր աշխարհին, թէ Ատրպէյճան ոչ մէկ իրաւունք ունի Հայկական Արցախը բրտօրէն իր կազմին մէջ առնելու եւ անարգ լուծի ենթարկելու…

Մարտ 1920ին արեան մէջ խեղդուած, թալանուած ու հրկիզուած Շուշին անջնջելիօրէն դրոշմուած կը մնայ հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ։

Ազերիական լուծին «վերադարձը» բացառուած է ամէն գնով։

22-26 Մարտ 1920ի Շուշիի ջարդերը փաստօրէն կրկնուեցան Սումկայթի եւ Պաքուի մէջ քսաներորդ դարավերջին՝ մերօրեայ աշխարհին յուշելով, որ երբ անպատիժ կը մնան ցեղասպանութիւնները, անոնք ուղղակի «քաջալերանք» կը դառնան… ցեղասպաններու ժառանգորդներուն։

100 տարի առաջ` 1920 թ. մարտի 23-ին նորաստեղծ Ադրբեջանական Դեմոկրատական Հանրապետութեան իշխանութիւններն իրականացրեցին այդ ժամանակ Արցախի վարչական եւ մշակութային կենտրոն Շուշիի հայ բնակչութեան կոտորածը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail