
14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015
«Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէ»-ն` Հայաստանի գրասենեակի հետ միասին Տաւուշի մարզի սահմանամերձ 15 համայնքներու մէջ կ՛իրականացնէ դասընթացքներ` ինչպէ՞ս պաշտպանուիլ հակառակորդին հրետակոծութեան ժամանակ եւ պայթուցիկ սարքի հանդիպելու ընթացքին:
Դեկտեմբեր 10-ին սահմանամերձ Կոթիի դպրոցին մէջ 9-12-րդ դասարաններու աշակերտները ծանօթացան, թէ ինչպէս պաշտպանուիլ հրետակոծութեան ժամանակ:
Դպրոցին ուսուցիչները եւ աշակերտները նշեցին, որ շատ կարեւոր է այս դասընթացքը, քանի որ հակառակորդին կողմէ կրակոցները կը հնչեն շատ յաճախ եւ նոյնիսկ այն ժամերուն, երբ երեխաները դպրոց կ՛ըլլան:
Քանի որ խնդիրը առկայ է Տաւուշի սահմանամերձ շարք մը գիւղերուն մէջ` Ոսկեպարի, Ոսկեւանի, Բաղանիսի եւ այլ գիղերու, «Կարմիր խաչ»-ի հովանաւորութեամբ դպրոցներուն մէջ կառուցուած են ապահով սենեակներ, ինչ որ հնարաւոր կ՛ըլլայ պատսպարուիլ կրակոցներու ժամանակ:
Ոսկեպարի միջնակարգ դպրոցին շէնքը դեռ 90-ականներու իրադարձութիւններու ականտեսը եւ վկան է:
«Ինքս այդ տարիներից աշխատել եմ դպրոցում, եւ այդ տարիներից հնարաւութեան սահմաններում կազմակերպել ենք պաշտպանութիւնը: Վերջապէս այս տարի մեր գիւղապետարանի միջամտութեամբ «Կարմիր խաչ»-ի Հայաստանի գրասենեակի ներկայացուցիչներն ընդառաջեցին մեզ, ապահովեցին համեմատաբար անվտանգ անկիւն»,- կ՛ըսէ Ոսկեպարի գիւղապետ Յարութիւն Ալաւերդեանը:
Բաղանիս համայնքին մէջ եւս կառուցուած է ապահով սենեակ: Գիւղապետ Նարեկ Սահակեանը կը նախատեսէ ներկել եւ կահաւորել սենեակը, որպէսզի անիկա աշակերտներուն հոգեբանութեան վրայ վատ չանդրադառնայ:
«Ուզում եմ փաստել, որ վերջին մի տարուայ մէջ երկու կարեւոր ծրագիր ենք իրականացրել «Կարմիր խաչ»-ի հետ` առանձին թաղամասին ջուր ենք ապահովել եւ դպրոցում ապահով սենեակ ենք կառուցել»,- կ՛ըսէ Նարեկ Սահակեանը:
Այժմ կը ջեռուցուի դպրոցի միայն մէկ հատուածը, որովհետեւ աշակերտներուն թիւը նկատելիօրէն նուազած է: Որոշ աշակերտներ տեղափոխուած են մարզի աւելի ապահով տարածքներ եւ այնտեղ կը շարունակեն իրենց ուսումը, որոշներ ալ` մայրաքաղաքի մէջ:
Կոթիի գիւղապետարանը եւս զերծ չէ մնացած թշնամիի յարձակումէն: Գիւղապետ ֆելիքս Մելիքեանը կը շեշտէ, որ հակառակորդին կողմէ կրակոցները աւելի նկատելի դարձած են Օգոստոս-Սեպտեմբեր ամիսներուն. տարբեր տեսակի, նաեւ` հրետանային զինատեսակէ հակառակորդը կը գնդակոծէր եւ կը հրետակոծէր գիւղը:
«Դեռեւս Յուլիս ամսուայ սկզբից, երբ տարածքում իրականացւում էր հացահատիկի բերքահաւաք, հակառակորդը կրկին դրսեւորեց ակտիւութիւն, եւ գնդակոծութեան եւ հրետակոծութեան հետեւանքով շուրջ 30 հեկտար հացահատիկի հողատարածք չհնձուեց»,- կը նշէ Կոթիի գիւղապետը:
Թէեւ մարդիկ կ՛ապրին` ամէն վայրկեան սպասելով թշնամիին յարձակումին, բայց ամուր կանգնած են իրենց հողին վրայ: Կը վստահեցնեն` ամէն բան լաւ պիտի ըլլայ, եթէ խաղաղութիւն ըլլայ:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com





