Հայաստանին Պիտի Տրամադրեն Մեծ Թիւով Թոքերու Արհեստական Օդափոխութեան Սարքեր

Քորոնա ժահրը

Հայաստանին Պիտի Տրամադրեն Մեծ Թիւով Թոքերու Արհեստական Օդափոխութեան Սարքեր

25 ՄԱՐՏ 2020 – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐ – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ՎԱՐԱԿ:

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր ընդունած է ՄԱԿ-ի Պարէնի համաշխարհային ծրագրի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար եւ ՊՀԾ ներկայացուցիչ Ելենա Միլոշեւիչը:

Զրուցակիցները փաստած են, որ Հայաստանի եւ ՄԱԿ-ի Պարէնի համաշխարհային ծրագիրի միջեւ հաստատուած է արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւն:

Աշխարհի մէջ նոր «Քորոնա» ժահրի տարածմամբ պայմանաւորուած` ստեղծուած իրավիճակի մէջ զրուցակիցները առաջնահերթութիւններէն համարած են պարէնի անվտանգութեան խնդիրները: Նախագահ Սարգսեան այդ ծիրէն ներս շատ էական համարած է Հայաստանը սնունդի անվտանգութեան ոլորտի մէջ տարածաշրջանային հանգոյց դարձնելու գործնական քայլերու իրականացումը` ընդգծելով, որ նախնական պայմանաւորուածութիւններ ունի շարք մը երկիրներու ղեկավարներու եւ մասնագիտացած միջազգային կազմակերպութիւններու հետ:

Նշելով, որ Պարէնի համաշխարհային ծրագիրը յայտնի է որպէս արտակարգ իրավիճակներուն առաջիններէն արձագանգող միջազգային կառոյց` նախագահ Սարգսեան առաջարկած է բացի սնունդին վերաբերող հարցերէն, դիտարկել նաեւ Հայաստանին բժշկական սարքաւորումներով ապահովելու հնարաւորութիւնը: Ելենա Միլոշեւիչ ի պատասխան նախագահի առաջարկին` ըսած է, որ դիմած են միջազգային նուիրատուներուն եւ յառաջիկային Հայաստանին պիտի տրամադրեն մեծ քանակութեամբ թոքերու արհեստական օդափոխութեան սարքեր:

yerakouyn.com/2020/03/25/հայաստանին-պիտի-տրամադրեն-մեծ-թիւով-թ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail