Սուրիա Կը Քննադատէ Ամերիկեան-Բրիտանական-Ֆրանսական-Գերմանական Հաղորդագրութիւնը

ՄԱԿի օգնութիւնը Իտլիպ կը տեղափոխուի

Սուրիա Կը Քննադատէ Ամերիկեան-Բրիտանական-Ֆրանսական-Գերմանական Հաղորդագրութիւնը

26 ՄԱՐՏ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Արաբական գարուն, ժողովրդավարութիւն գարոզողներ, Սուրիական տաքնապ ստեղծողներ, աշխարհի կոյր աչքի առաջ, Թուրքիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնները, մարդկային իրաւունքներու պիտակի տակ, զինելով սուրիական ընդիմութիւնը, աջակցելով, ստեղծելով, իսլամական շարժումի անհատներ ուղարկելով եւ զինելով: Այս սխալ քաղաքականութեան գինը ով պիտի վճարէ: «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ» ԽՆԲ:

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Սանա».- Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ արեւմտեան թշնամական կեցուածքները Սուրիան աւելի վճռակամ պիտի դարձնեն պաշտպանելու իր ժողովուրդը, պահպանելու իր գերիշխանութիւնը եւ վերականգնելու այն, ինչը ահաբեկչութիւնը քանդեց:

Յայտնենք, որ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնները Սուրիոյ տագնապին 9րդ ամեակին առթիւ, միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակած էին՝ ըսելով. «Ինը տարի առաջ, տասնեակ հազարաւոր սուրիացիներ խաղաղօրէն դուրս եկան փողոց՝ պահանջելով մարդկային իրաւունքները յարգել… Դամասկոս պէտք է ընդունի կամքը սուրիացի ժողովուրդին, որ կը պահանջէ խաղաղութեամբ ապրիլ»:

Չորս երկիրներուն ղեկավարները 17 Մարտին նաեւ համացանցի միջոցաւ քառակողմանի գագաթաժողով մը գումարեցին՝ քննարկելով «Քորոնա» ժահրին եւ սուրիական ճգնաժամին լուծում գտնելու ուղիները, յատկապէս՝ Իտլիպի հարցով մարդասիրական օգնութեան միջոցները եւ գաղթականներու հարցը։ Քննարկուեցան նաեւ Լիպիոյ մէջ վերջին զարգացումները, նաեւ Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա յարաբերութիւնները։

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը ցաւ յայտնեց, որ նշեալ չորս երկիրները սուրիացի ժողովուրդին դէմ պատերազմը երկարաձգելու համար կը շարունակեն աջակցիլ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն:

Նշենք, որ ՄԱԿը 18 Մարտին Թուրքիայէն 74 բեռնատարներով օգնութիւն տեղափոխեց Իտլիպ, մինչ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է յաւելեալ նպաստ տրամադրելու Թուրքիա գտնուող սուրիացի գաղթականներուն օգնելու ծրագիրներուն:

asbarez.com/arm/366650/Սուրիա-Կը-Քննադատէ-Ամերիկեան-Բրիտանա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail