Համաձայնութիւն՝ Երկու Եռիլիոն Տոլարի Օժանդակութիւններու Ծրարին Շուրջ

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի հանրապետական եւ դեմոկրատ անդամներուն ղեկավարները՝ Միչ ՄըքՔանըլ եւ Չաք Շումըր

Համաձայնութիւն՝ Երկու Եռիլիոն Տոլարի Օժանդակութիւններու Ծրարին Շուրջ

26 ՄԱՐՏ 2020 – ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ:

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Երկար բանակցութիւններէ ետք, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի հանրապետական եւ դեմոկրատ անդամներուն ղեկավարները՝ Միչ ՄըքՔանըլ եւ Չաք Շումըր, Չորեքաբթի, 25 Մարտին յայտարարեցին, որ «Քորոնա» ժահրին տարածումը զսպելու, վարակուածները դարմանելու եւ տնտեսական վնասներ կրած քաղաքացիներուն եւ ընկերութիւններուն օժնդակութիւններ յատկացնող մօտաւորապէս երկու եռիլիոն տոլարի ծրարին շուրջ սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացած է։

Արդէն իսկ փոփոխութիւններ կատարելու աշխատանքը սկսած է անցեալ շաբաթ նեկայացուած բանաձեւին մէջ, որպէսզի անիկա ընդունելի ըլլայ երկու կողմերուն։

Երկրին պատմութեան մէջ իր տեսակին մէջ մեծագոյնը հանդիսացող օժանդակութիւններու այս ծրարը ընդհանուր գիծերու մէջ հետեւեալ աջակցութիւնները պիտի յատկացնէ․

– Քաղաքացիներուն ուղղակի յատկացումեր, որոնք պիտի ըլլան 1200 տոլարի շուրջ, իսկ ամոլի մը՝ մօտաւորապէս 2400 տոլար եւ 500ական տոլար իւրաքանչիւր երեխայի․ այս յատկացումները կ՛ակնկալուին իրագործուիլ Մայիս ամսուան ընթացքին․

– 300 միլիառ տոլար՝ մեծ ընկերութիւններուն․

– 300-350 միլիառ տոլար՝ փոքր ծաւալի գործարարներուն․

– 250 միլիառ տոլար՝ անգործութեան մատնուածներուն աջակցելու համար․

– 130 միլիառ տոլար՝ հիւանդանոցներու եւ առողջաահութեան կեդրոններու․

– 50 միլիառ տոլար՝ նահանգային եւ տեղական կառավարման մարմիններուն։

Իր վերջնական վիճակին հասնելէ եւ Ծերակոյտին կողմէ հաստատուելէ ետք, Ներկայացուցիչներու տունը եւս պէտք է ընդունի եւ զայն ուղարկէ նախագահին` ստորագրելու համար։

asbarez.com/arm/367002/Համաձայնութիւն՝-Երկու-Եռիլիոն-Տոլար/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail