
Ժամանակաւորապէս Արգիլուեցաւ Հայաստանէն Արցախ Մուտքը – Ժամանակաւորապէս Արգիլուեցաւ Հայաստանէն Արցախ Մուտքը
27 ՄԱՐՏ 2020 – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐ – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ՎԱՐԱԿ:
Հայաստանի ճանապարհային ոստիկանութեան եւ տարածքային ստորաբաժանումներու ուժերով Արցախի Հանրապետութիւն տանող ճամբաներուն վրայ (Սոթք-Քարվաճառ մայրուղի, Տեղ եւ Սիւնիք գիւղերէն դէպի Արցախ սահմանային հատուած) անյապաղ պիտի դրուին պահակակէտեր` ժամանակաւորապէս արգիլելով բոլոր անձերուն Արցախի Հանրապետութիւն մուտքը: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութենէն:
Նշուեցաւ, որ կան հետեւեալ բացառութիւնները.
– Արցախի մէջ արձանագրութիւն ունեցող անձերու
– Բեռնափոխադրում կատարող բեռնատարներու
– Արցախի մէջ կայանալիք ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն իրականացնող անձերու եւ լրագրողներու համար` համապատասխան փաստաթուղթերու առկայութեան պարագային:
www.aztagdaily.com/archives/469583





