Բակօ Սահակեան Կուսակցութիւններուն Հետ Քննարկեց Համապետական Ընտրութիւնները

Բակօ Սահակեան Կուսակցութիւններուն Հետ Քննարկեց Համապետական Ընտրութիւնները

27 ՄԱՐՏ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան հանդիպում ունեցաւ Արցախի Ազգային ժողովի` իշխանութիւններուն սատարող քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, անդրադարձ կատարուեցաւ 31 մարտին կայանալիք համապետական ընտրութիւններուն: Այս պարունակին մէջ երկրի ղեկավարը անգամ մը եւս անդրադարձաւ հանրապետութեան մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման նպատակով նախընտրական շրջանին բոլոր կանխարգելիչ եւ կազմակերպչական աշխատանքներու իրականացման, հականեխման կանոններու պահպանման անհրաժեշտութեան:

Քննարկուեցան նաեւ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին մէջ նոր հանգամանքներու ի յայտ գալու պարագային յաւելեալ միջոցներու ձեռնարկման կապուած խնդիրներու իրականացման ուղիները:

Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան:

Նշենք, որ 26 մարտին կառավարութեան նիստին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` խօսելով Հայաստանի դիտորդական առաքելութիւններուն արցախեան ընտրութիւններուն մասնակցելու մասին` յայտնեց, որ դիտորդները մեկնելէ առաջ քննութեան պիտի ենթարկուին` այդպիսով անուղղակիօրէն հաստատելով, որ ընտրութիւններու յետաձգման հարց ներկայիս չի քննարկուիր:

Նոյն օրը Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան այցելեց Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն, ուր ունեցաւ աշխատանքային խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին արծարծուեցան «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման նպատակով իրականացուող քայլերն ու համապետական ընտրութիւններուն առնչուող հարցեր:

Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ ազգային անվտանգութեան մարմիններու գործունէութիւնը` պետութեան ու ժողովուրդի անվտանգութեան, հասարակութեան իւրաքանչիւր անդամի պաշտպանուածութեան ապահովման, քաղաքացիներու օրինական շահերու եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերող:

Երկրին ղեկավարը ընդգծեց նաեւ, որ համապետական ընտրութիւններու ատեն անհրաժեշտ է ձեռնարկել բոլոր միջոցներուն` բնակչութեան առողջութեան պահպանման համար:

Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց իրենց լիազօրութիւններու ծիրին մէջ ազգային անվտանգութեան ծառայողներու աշխուժ մասնակցութիւնը` նշուած խնդիրներու լուծման առումով:

Կովկասյան-լեռնաշղթան Արցախի Մարտակերտի շրջանի Մաղավուզ գյուղից

www.aztagdaily.com/archives/469584

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail