Քոսովոյի Խորհրդարանը Պաշտօնազրկեց Կառավարութիւնը` «Քորոնա» Ժահրի Տագնապի Վատ Կառավարման Պատճառով

Քոսովոյի Խորհրդարանը Պաշտօնազրկեց Կառավարութիւնը` «Քորոնա» Ժահրի Տագնապի Վատ Կառավարման Պատճառով

27 ՄԱՐՏ 2020 – ՑՈՒՆԱՄԻ – ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐ – ՔՈՎԻՏ-19: CORONAVIRUS-COVID19:

Քորոնա ժահրը

Քոսովոյի մէջ երեսփոխանները քուէարկեցին ի նպաստ վարչապետ Ալպին Քորթիի պաշտօնազրկութեան: Այդպիսով անոր կառավարութիւնը դարձաւ Եւրոպայի մէջ առաջինը, որ կը տապալի «Քորոնա» ժահրի տարածման վատ կառավարման պատճառով»:

Կառավարութեան նկատմամբ անվստահութիւն յայտնեցին 120 աթոռներէ բաղկացած խորհրդարանի անդամ 82 երեսփոխաններ, 32 երեսփոխաններ վստահութիւն յայտնեցին կառավարութեան, իսկ մէկ երեսփոխան մնաց ձեռնպահ:

Երկրին վարչապետը պաշտօնազրկուելէ առաջ ուշադրութեան հրաւիրեց իր կառավարութեան ամբողջ 50 օր որդեգրած որոշումներուն ու աշխատանքներուն վրայ` նշելով, որ անվստահութեան քուէարկութեան նպատակը քաղաքացիները առանց կառավարութեան ձգելն է:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց. «Գործընկերներս յոյս ունին, որ երկու-երեք ամիս ետք «Քորոնա» ժահրին պիտի յաղթենք: Ասիկա վատ նախատեսութիւն չէ: Որովհետեւ որոշ երկիրներու մէջ կ’ըսեմ, որ վարակին դէմ պատերազմը կրնայ շատ աւելի երկար տեւել»: Ան յոյս յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրին հետ առնչուած իրավիճակը նոյնիսկ երեք ամիսէն ալ աւելի շուտ պիտի յաղթահարուի:

Ռուսիոյ նախագահին կարծիքով` Ռուսիոյ մէջ «ՔՈՎԻՏ-19»-ի տարածման առնչուած իրավիճակը, անկասկած, դէպի լաւ պիտի ընթանայ: Ան ընդգծեց, որ որքան արդիւնաւէտ ու կոշտ ըլլան «Քորոնա» ժահրին պատճառով ձեռնարկուող միջոցները, այնքան քիչ անոնք պիտի տեւեն:

Գերմանիոյ առողջապահութեան նախարար Ենս Շփան երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրին առնչուած կացութիւնը կոչեց «լռութիւն փոթորիկէն առաջ»: Ըստ անոր, «Քորոնա» ժահրը դարձած է վերջին 75 տարուան մեծագոյն մարտահրաւէրը:

Մինչ այդ, երէկ Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի եւ Մեքքա ու Մատինա քաղաքներուն մէջ սկսաւ կրակմարի դրութեան գործադրութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով հրամայած է 60 օրով արգիլել արտասահմանի մէջ գտնուող ամերիկացի զինուորներու որեւէ տեղաշարժ:

«Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ այս որոշումը պիտի ազդէ նախապէս ծրագրուած 90 հազար տեղակայումներու վրայ, ներառեալ` զինուորներու հայրենիք վերադարձը:

Կը հաղորդուի, որ ամերիկեան «Թէոտոր Ռուզվելթ» հիւլէական օդանաւակիրին վրայ երեք զինուորներ վարակուած են «Քորոնա» ժահրով: Փենթակոն երէկ իր կարգին յայտարարեց, որ նախարարութեան մէջ ծառայող սպայ մը վարակուած է ժահրով` աւելցնելով, որ ան պաշտպանութեան նախարարութեան ծրագրաւորման, քաղաքականութիւններու եւ գործողութիւններու գրասենեակին մէջ կ’աշխատի: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ ամերիկեան ծովուժին մէջ «Քորոնա» ժահրէն վարակուած զինուորներուն թիւը 133 է:

Իտալական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս պապին բնակած վայրին մէջ ապրող իտալացի եպիսկոպոս մը վարակուած է «Քորոնա» ժահրով եւ փոխադրուած հիւանդանոց: Եպիսկոպոսը կ’աշխատէր Վատիկանի քարտուղարութեան մէջ: Այս զարգացումէն ետք, Ֆրանչիսկոս պապը երկրորդ անգամ ըլլալով ենթարկուեցաւ քննութեան եւ պարզուեցաւ, որ ժահրով վարակուած չէ:

Մէկ օր առաջ հաղորդուած էր, որ Բրիտանիոյ 71-ամեայ գահաժառանգ Չարլզ իշխանը վարակուած է «Քորոնա» ժահրով, սակայն, Էլիզապեթ Բ. թագուհիին առողջական վիճակը լաւ է: Ժահրով վարակուած է նաեւ Սպանիոյ փոխվարչապետը:

«Քորեսփոնտենթ» կը գրէ, որ «Քորոնա» ժահրէն մահացածներուն թիւը գերազանցած է «Խոզի կրիփ»¬էն մահացածներուն թիւը:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը զգուշացուց, որ դպրոցներն ու հաստատութիւնները չափազանց շուտ վերաբանալը կրնայ յանգեցնել «Քորոնա» ժահրի վերածնունդին:

«Մենք կը հասկնանք, որ երկիրները ներկայ պահուն կը փորձեն գնահատել, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս կրնան թեթեւցնել այս միջոցները: Պատասխանը կախեալ է այն հանգամանքէն, թէ երկիրները ի՛նչ կ’ընեն ամբողջ երկրին մէջ սահմանուած խիստ միջոցառումներու պահուն», ըսաւ կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն տոքթ. Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէյէսուս:

«Մարդոցմէ խնդրելով տուն մնալ եւ արգելակելով բնակչութեան տեղաշարժը` ժամանակ կը շահինք եւ կը նուազեցնենք առողջապահութեան համակարգերու ծանրաբեռնուածութիւնը: Սակայն միայն այս քայլերով համաճարակները չեն վերանար: Այս քայլերը լաւագոյնս ուղղուած են տարածումը կանխարգիլելուն: Այնպէս որ, եթէ որեւէ երկիր մտադիր է վերաբանալ դպրոցներն ու հաստատութիւնները, ստիպուած պիտի ըլլայ զանոնք նորէն փակելու ժահրի վերածնունդին պատճառով», աւելցուցած է Կեպրէյէսուս:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի նոր ալիք բռնկած է: Ճափոնի մէջ մէկ օրուան մէջ արձանագրուած է աւելի քան 45 մահ:

Ըստ լրատու գործակալութեան, երէկ երկրին մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 1314 պարագայ:

«Ես վարչապետ Ապէին ըսած եմ, որ «Քորոնա» ժահրի լայն տարածման բարձր վտանգ կայ», յայտնած է Ճափոնի առողջապահութեան նախարար Քացունոպու Քաթոն` վարչապետ Սինձօ Ապէի եւ տնտեսութեան նախարար Եասութոշի Նիսիմուրայի հետ հանդիպումէն ետք:

Կը հաղորդուի, որ հիւանդութեան լուրջ վտանգ ներկայացնելու եւ տնտեսութեան վրայ ազդելու պարագային վարչապետը երկրին մէջ կրնայ արտակարգ դրութիւն յայտարարել:

Երէկ Չինաստանի մէջ 7¬րդ օրն ըլլալով «Քորոնա» ժահրով «տեղական» վարակման դէպքեր չարձանագրուեցան, սակայն ժահրով վարակում յայտնաբերուեցաւ արտասահմանէն եկած 67 չիներու մօտ, այդպիսով Չինաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 81285-ի, իսկ մահացածներունը` 3287-ի: Սպանիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 56188-ի, իսկ մահացածներունը` 4088-ի: Գերմանիոյ մէջ ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 36508-ի, իսկ մահացածներունը` 198-ի: Իրանի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 29406-ի, իսկ մահացածներունը` 2234-ի: Հարաւային Քորէայի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 9241-ի, իսկ մահացածներունը` 131-ի: Բրիտանիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 9529-ի, իսկ մահացածներունը` 463-ի: Թուրքիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը հասաւ 561-ի, իսկ մահացածներունը` 59-ի: Ազրպէյճանի մէջ ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 122-ի, իսկ մահացածներունը` 3-ի: Իրաքի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 382-ի, իսկ մահացածներունը` 36-ի: Հնդկաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 649-ի, իսկ մահացածներունը` 13-ի: Ինտոնեզիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 893-ի, իսկ մահացածներունը` 78-ի: Շուէտի մէջ վարակուածներուն թիւը հասաւ 2806-ի, իսկ մահացածներունը` 296-ի: Զուիցերիոյ մէջ` վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 10714-ի, իսկ մահացածներունը` 161-ի:

Մինչ Մաւրիտանիոյ մէջ արձանագրուեցան «Քորոնա» ժահրով առաջին երեք պարագաները, Թայլանտի մէջ ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 1045¬ի, Մալեզիոյ մէջ` 2031-ի, Աւստրալիոյ մէջ` 2799-ի, Քուէյթի մէջ` 49-ի, Օմանի մէջ` 109-ի, Իսրայէլի մէջ` 2495-ի, Պաղեստինեան հողերու վրայ` 83-ի, Արժանթինի մէջ` 502-ի:

www.aztagdaily.com/archives/469624

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail