
Միացեալ Նահագներ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Թիւով Գերազանցեց Չինաստանը
28 ՄԱՐՏ 2020 – ՑՈՒՆԱՄԻ – ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐ – ՔՈՎԻՏ-19 – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐ – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ՎԱՐԱԿ:
Միացեալ Նահանգներ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւով գերազանցեց Չինաստանը: Ըստ իրական ժամանակի մէջ թարմացուող վիճակագրական տուեաներ ներկայացնող «Ուըրլտմիթըրզ» կայքին, Միացեալ Նահանգներու մէջ այս պահուան դրութեամբ կայ 81,943 վարակուած, իսկ զոհերուն թիւը 1177 է: Միայն մէջ օրուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու մէջ արձանագրուած են վարակման 13,732 պարագաներ:
Չինաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը կը հասնի 81,285-ի, սակայն համաճարակը նահանջի մէջ է: Արտասահմանէն եկած 55 չիներու մօտ «Քորոնա» ժահրի յայտնաբերումէն ետք, չինական իշխանութիւնները փակեցին երկիրի սահմանները:
Երրորդ դիրքի վրայ է Իտալիան, որ, ըստ «Ուըրլտմիթըրզ» կայքին, իր կարգին կրնայ շրջանցել Չինաստանը: Անոր կը յաջորդեն Սպանիան, Գերմանիան, Իրանը, Ֆրանսան, Զուիցերիան եւ Ուքրանիան:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ Միացեալ Նահանգներ «Քորոնա»-ով վարակուածներու թիւով շրջանցած է Չինաստանը: Անոր կարծիքով` ատիկա Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած մասսայական քննութիւններու արդիւնքն է:
«Կը կարծեմ, պէտք է արժանին մատուցել մեր քննութեան համակարգին: Ոչ մէկ երկիր կատարած է այնքան քննութիւն, որքան Միացեալ Նահանգները», ըսաւ Թրամփ:
Նշենք, որ Յորդանան «Քորոնա» ժահրի տարածումը արգիլելու համար երէկ ամբողջովին մեկուսացուց Իրպիտ նահանգը, իսկ Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած է: Ժահրէն վարակուած է նաեւ Բրիտանիոյ առողջապահութեան նախարար Մաթ Հանքոք:
«Թայմ» կայքը հաղորդեց, որ Սինկափուրի մէջ «Քորոնա»-ի պատճառով հաստատուած սահմանափակումներու ծիրին մէջ իրարու մէկ մեթրէն աւելի մօտ կանգնող կամ նստող մարդիկ 7000 տոլար տուգանքի պիտի ենթարկուին կամ ալ` 6 ամիս պիտի բանտարկուին:
ՄԱԿ նախատեսեց, որ 2020 թուականին համաշխարհային զբօսաշրջութիւնը 20-էն 30 առ հարիւրով պիտի նահանջէ:
Գերմանիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 42,288-ի, իսկ զոհերունը` 253-ի: Իրլանտայի մէջ` 1819-ի եւ 19-ի, Իրանի մէջ` 32,332-ի եւ 2378-ի, Թուրքիոյ մէջ` 3629-ի եւ 75-ի, Զուիցերիոյ մէջ` 12,161-ի եւ 197-ի:
Նետերլանտներու մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 8603-ի, իսկ զոհերունը` 112-ի, Շուէտի մէջ` 3046-ի եւ 92-ի, Իսրայէլի մէջ` 3035-ի եւ 12-ի: Իրաքի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 458-ի, իսկ զոհերունը` 40-ի, Հարաւային Քորէայի մէջ վարակուածներուն` 9332-ի, Քուէյթի մէջ` 225-ի:
www.aztagdaily.com/archives/469692





