Ինչպէ՞ս Դրական Եւ Լաւատես Մնալ «Քորոնա» Ժահրի Տագնապալի Շրջանին – Ինչպէ՞ս Դրական Եւ Լաւատես Մնալ «Քորոնա» Ժահրի Տագնապալի Շրջանին

coronavirus - staying home

Ինչպէ՞ս Դրական Եւ Լաւատես Մնալ «Քորոնա» Ժահրի Տագնապալի Շրջանին – Ինչպէ՞ս Դրական Եւ Լաւատես Մնալ «Քորոնա» Ժահրի Տագնապալի Շրջանին

28 ՄԱՐՏ 2020 – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐ – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ՎԱՐԱԿ:

Պատրաստեց` ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ

Մինչ միլիոնաւոր մարդիկ մեկուսացած են` պայքարելու «Քորոնա» ժահրին դէմ, դրական մնալը ուրիշ ժամանակներէ շատ աւելի անհրաժեշտ կը դառնայ:

Դրական զգացումէն ուրախութիւն կը ծնի: Դրական զգացումներուն վրայ կեդրոնանալը շատ աւելին է, քան ժպտալը. ատիկա լաւատես մնալու եւ կացութիւնը կառուցողական տեսանկիւնէն դիտելու կարողութիւն է: Մինչ «Քորոնա» ժահրը լաւատես ըլլալը դժուար կը դարձնէ, կան բաներ, որոնք կրնաս ընել լաւատես մնալու համար.

– Սահմանափակեցէք ընկերային ցանցերուն եւ լուրերուն հետեւելու ժամանակը. օրական մէկ անգամ կարդացէք լուրերը տեղեկացուած մնալու համար, եւ ապա մարեցէք ձեր բջիջային հեռաձայններուն լուրերու ծանուցումները, ձայնասփիւռային եւ պատկերասփիւռային զրոյցները:

– Գնահատեցէք ձեր տունը եւ ձեր ընտանիքի անդամները. օրական գրեցէք ցանկ մը այն բաներուն մասին, որոնց համար դուք երախտապարտ էք եւ բաժնեկցեցէք զանոնք ձեր ընտանիքի անդամներուն հետ:

– Սուրճ խմելու պահերէն առաւելագոյնս օգտուեցէք: Հիմա բացառիկ առիթ է ունենալու լաւ եւ ուրախ զրոյցներ` դէմ առ դէմ կամ առցանց: Խօսակցութեան սկիզբը յայտնեցէք, որ «Քորոնա» ժահրին մասին խօսիլը արգիլուած է:

– Բաժնեկցէցէք այն ուրախութիւնը եւ գոհունակութիւնը, զորս ձեր ընտանիքի անդամները կը զգան տան մէջ խաղալու եւ աշխատելու ատեն:

– Նոր տեսանկիւնով նայեցէք առօրեայ պարտականութիւններուն, ինչպէս` ճաշ եփելուն, եւ ժամանակ յատկացուցէք զանոնք պատրաստելու ձեզի եւ ձեր շուրջիններուն համար:

– Ձեր ընտանիքի անդամներուն հետ խաղացէք տարբեր խաղեր, որոնք նշանաւոր էին նախքան բջիջային հեռաձայններու նորոյթը, ինչպէս` Մոնոփոլի, Ռիսք, օձախաղ, քարտերու խաղեր: Կրնաք նաեւ դիտել հին նկարներ, հին կամ նոր ֆիլմեր եւ քննարկումներ կատարել անոնց շուրջը:

Ներգրաւուածութիւն

Ինքնամեկուսացումը կրնայ դժուարացնել ներգրաւուածութիւնը առցանց ընկերներուդ կամ քու գործունէութիւններուդ հետ: Բարձր ներգրաւուածութիւն պահանջող աշխատանքները մարմինը կը լեցնեն դրական հորմոններով, որոնք կը բարձրացնեն անձի մը բարեկեցութեան զգացումը: Մարզիկներ, երաժիշտներ եւ ուրիշներ փորձառութիւն ունին այս գծով. ատիկա կը կոչեն «հոսանք»: Ժամանակը շատ արագ կ՛անցնի, երբ կը կեդրոնանաք մէկ աշխատանքի վրայ: «Հոսանք»-ի ընթացքին, կը գտնենք ներգրաւուածութիւն, հանդարտութիւն, կեդրոնացում եւ ուրախութիւն: Դուք նաեւ կրնաք հաճոյք ստանալ «հոսանք»-էն` ձեր տան մէջ կատարելիք աշխատանքներով: Օրինակ, կրնաք «հոսանք» գտնել հետեւեալ գործունէութիւններուն մէջ`

– Պատրաստեցէք գործի զեկոյց մը, զոր ձգձգած էիք

– Օրուան ընթացքին առցանց պրպտումներ կատարեցէք կամ կարդացէք այն գիրքը, զոր շատոնց կ՛ուզէիք կարդալ

– 10 վայրկեան ուշադրութեամբ մտիկ ըրէք ձեր ընտանիքի անդամներուն կամ ընկերներուն կեանքի պատմութիւններուն` առանց ընդմիջելու: Ի՞նչ սորվեցաք անոնցմէ կամ ձեր մասին: Այս շրջանը լաւագոյն առիթն է ձեր յարաբերութիւնները զարգացնելու եւ ամրապնդելու ձեր հարազատներուն հետ:

– Մարզանք ըրէք, երգեցէք, պարեցէք, նուագեցէք գործիք մը. ասոնց ժամանակ յատկացնելը ձեզի թոյլ կու տայ զգալու կեդրոնացում, հանդարտութիւն եւ գոհունակութիւն:

Այս բոլոր գործունէութիւնները կ՛ամրապնդեն մեր բանականութիւնը, հմտութիւնները եւ զգացական կարողութիւնները:

Նպատակ

«Քորոնա» ժահրը մղեց բազմաթիւ անհատներ եւ ընկերութիւններ վերամտածելու իրենց նպատակին մասին: Նպատակը մեզի կու տայ իմաստ, որ կարեւոր դեր կը խաղայ մեր ինքնակերտումին մէջ: Կրօնքը եւ հոգեւորականութիւնը շատ մը մարդոց իմաստ կու տան, ինչպէս նաեւ բարոյական հիմքերու վրայ դրուած աշխատանքը, զաւակներու հոգ տանիլը, կամաւոր աշխատանքը եւ ստեղծագործական աշխատանքը: Սովորաբար մարդիկ հաճոյք կը ստանան` ունենալով սեփականութիւններ, բայց իմաստ չեն գտներ: Իմաստը աւելի խոր է եւ զգացական: Եթէ կ՛աշխատիք ձեր գրասենեակին մէջ, կամ հիմա` տունը, մտածեցէք, թէ ի՛նչ կ՛ընէք ձեր ժամանակին մեծ մասը: Այդ գործունէութիւնը ձեզի ի՞նչ օգուտ կը բերէ: Պէտք է գտնէք գործունէութիւններ, որոնք կ՛ամրապնդեն նպատակի ձեր հասկացողութիւնը եւ ձեզի իմաստ կու տան: Կրնաք փորձել ասոնցմէ մէկը.

– Փնտռեցէք ձեր նպատակը, գրեցէք, ապա բարելաւեցէք զայն, եւ երբ որ պատրաստ զգաք, ուրիշներուն հետ կիսեցէք – ատիկա մղիչ ուժ մը կ՛ըլլայ ձեր նպատակները իրականացնելու ուղղութեամբ:

– Երբ ձեր նպատակին հասկացողութիւնը ունենաք, փորձեցէք մանրամասնել ձեր միտքին մէջ կամ թուղթի մը վրայ, թէ ինչպէս ձեր կեանքի ներկայ մօտեցումը կը համապատասխանէ ձեր նպատակին: Ո՞ր գործունէութիւնները եւ յարաբերութիւններու ձեր առաքելութեան կ՛աջակցին, եւ որո՞նք` ոչ: Այժմ դուք պէտք է ձեր անձնական բարելաւման սեփական ծրագիրը մշակէք:

Նուաճումներ

Նուաճումի զգացումը դրական ապրելու, զարգանալու եւ երջանկութեան էական երես մըն է, այդ իսկ պատճառով մշակեցէք ցուցակ մը, որ կ՛ընդգրկէ այն երազները եւ նուաճումները, զորս կ՛ուզէք իրականացնել ապագային: Ինչ ալ ըլլան մեր պայմանները, նուաճումները մեզի կը յիշեցնեն, որ մենք ունինք հակակշիռ մեր կեանքին վրայ: Այսպիսի նուաճումներ պէտք չունին բացառիկ ըլլալու, որպէսզի մեզի հակակշիռ ունենալու զգացումը տան: Անոնք կրնան ըլլալ շատ պարզ բաներ, ինչպէս` հետեւիլ սննդականոնի եւ առօրեայ դրութեամբ մարզանք կատարել: Մեկուսացման ընթացքին դուք պէտք է կատարէք իրատեսական նպատակներ, որոնց հնարաւոր է հասնիլ:

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ – Ճանչնանք «Քորոնա» Ժահրախտը Կամ Թագաժահրախտը` Նոր Տուեալներով

www.aztagdaily.com/archives/469688

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail