Նամակ երկրէն – Ինքնամեկուսացման այս օրերուն, ձանձրալի ռութինէն դուրս ելլելու լաւագոյն պատրուակը շուկայ երթալն է

Սարգիս Զէյթլեան

Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – Ինքնամեկուսացման այս օրերուն, ձանձրալի ռութինէն դուրս ելլելու լաւագոյն պատրուակը շուկայ երթալն է

Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – //ՆԱԽՈՐԴ// – ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

28 ՄԱՐՏ 2020 – ՆԱՄԱԿ ԵՐԿՐԷՆ:

Ինքնամեկուսացման այս օրերուն, ձանձրալի ռութինէն դուրս ելլելու լաւագոյն պատրուակը շուկայ երթալն է։

Գնումները աւարտած էի եւ ինքնաշարժս քշելով տուն կը վերադառնայի, երբ Հայաստանի Հանրային Ռատիոյէն սկսաւ արեւմտահայերէնով հաղորդում մը, նուիրուած՝ ՀՅԴ Վաստակաւոր ղեկավար, անարգօրէն առեւանգուած եւ սպաննուած մտաւորական, խմբագիր եւ ազգային-կուսակցական գործիչ՝ Սարգիս Զէյթլեանին։

Փոխանակ մէկ անգամէն դէպի տուն երթալու, սկսայ Երեւանի դատարկ փողոցներուն մէջ քշել եւ ունկնդրել մեր բոլորին համար պատկառելի անձնաւորութեան մասին այս հաղորդումը, որ քաղուած էր նահատակ ընկերոջ յիշատակին նուիրուած Նազարէթ Պէրպէրեանի յօդուածներէն։

Հաղորդումին ընդմէջէն ունկնդիրները առիթը ունեցան ճանչնալու Սարգիս Զէյթլեան մեծ մարդը, Սարգիս Զէյթլեան մեծ հայը եւ դաշնակցականը։ Եւ հաղորդումը աւարտեցաւ Սարգիս Զէյթլեանի 1976-ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերու մէկ բանախօսութեամբ, աւելի ճիշդը՝ բանախօսութենէն հատուածներով։

Ի՜նչ կրակ, ի՜նչ ոգի, ի՜նչ միտք՝ բանախօսութեան իւրաքանչիւր նախադասութեան մէջ։ Նկարագրելը իմաստ չունի այստեղ, լսել է պէտք, հասկնալու համար այդ օրերու ղեկավարներուն պատրաստուածութիւնը, համայնք եւ կազմակերպութիւններ, ազգային հաստատութիւններ, դպրոցներ ու թերթեր ղեկավարելու կարողութիւնը, սերունդներ ոգեշնչելու հմտութիւնը։

Չեմ գիտեր, հայաստանցի ունկնդիրները ի՞նչ հասկցան այս հաղորդումէն։ Հաւանաբար իրենց համար անծանօթ է այդ օրերու Լիբանանը, Սփիւռքի գոյատեւման եւ Հայ Դատի զինեալ պայքարը, հայկական թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան համար տարուած աշխատանքը…

Ինծի համար, սակայն, հաղորդումը շատ բան ըսաւ, շատ յուշեր վերականգնեց, շատ մարդոց դաժան կեանքն ու ճակատագիրը յիշեցուց ու շատ մեծ հաւատքի, անսակարկ նուիրումի օրեր վերականդենացուց։

Հիմա ի՞նչ մնաց այդ օրերէն, չեմ գիտեր։ Շատերը անվերադարձ գացին, ուրիշներ՝ անհետք հեռացան, շատեր՝ հիասթափուեցան, ուրիշներ՝ հիասթափեցուցին։

Սարգիս Զէյթլեանի սերունդէն, այո, շատ մարդ չմնաց։ Բայց բոլորիս մէջ անպայման իրենցմէ բան մը մնաց՝ բարի արարք մը, դաստիարակիչ փորձառութիւն մը, հաւատքի ու հաւատամքի բոց մը, բայց մանաւանդ՝ իսկական հայրենասիրութեան մշտավառ կրակը։

Փառք իրենց յիշատակին։

🛑《Երբ կը յայտարարէս արար աշխարհի առջեւ որ դուն ՀԱՅ ես, եւ իբրեւ ՀԱՅ պիտի ապրիս քու պատմութիւնդ, ապա ուրեմն, խաղին օրէնքը կը պահանջէ որ յանձնառու ըլլաս այն բոլոր զոհողութիւններուն որոնք նախապայմանը կը կազմեն քո գոյութեան եւ յարատեւութեան… 》 Սարգիս Զէյթլեան 🇦🇲

Posted by Radio YAN on Friday, March 27, 2020

Սարգիս Զէյթլեան

Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail