ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ – Հայաստանի Աշխարհաքաղաքական Գործօնը Եւ ԱՄՆ-ի Վարքագծային Զարտուղութիւնը

Archaeological finds that surprised the world. Mysterious artifacts of ancient Armenia

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ – Հայաստանի Աշխարհաքաղաքական Գործօնը Եւ ԱՄՆ-ի Վարքագծային Զարտուղութիւնը

27 ՄԱՐՏ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Վերանկախացումէն ետք Հայաստանի մէջ ԱՄՆ կառուցեց իր երկրորդ մեծագոյն դեսպանատունը։ Այս փաստը ինքնին կարելի էր համարել ապացոյցը ԱՄՆ-ի համար Հայաստանի ներկայացուցած աշխարհաքաղաքական կարեւորութեան։ Հանգրուանաբար նկատելի կը դառնային այս տարածաշրջանի նկատմամբ ԱՄՆ-ի վարքագծին մէջ բացայայտուող ամերիկեան անվտանգութեան հարցերը: Հետեւաբար կ’ակնկալուէր ԱՄՆ-ի կողմէ Հայաստանի նկատմամբ այնպիսի ռազմավարութիւն, որ կը համապատասխանէ Հայաստանի աշխարհագրական դրուածքին եւ աշխարհաքաղաքական կարեւորութեան։

Դժբախտաբար, Հայաստանի նկատմամբ այդպիսի ակնկալութիւն քաղաքական ու ռազմավարական իրականութեան չվերածուեցաւ։ Քլինթընի նախագահութեան շրջանէն ետք ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութեան մէջ սկսան արմատանալ «համաշխարհային տիրակալութեան» (գլոբալ հեգեմոնիայի) արկածախնդրական գաղափարախօսութիւնը եւ գործելաոճը։ ԱՄՆ-ի վարքագծային տեսադաշտին մէջ, շարք մը այլ երկիրներու նման, Հայաստան եւս վերածուեցաւ շահագործելի միաւորի, որուն աշխարհաքաղաքական կարեւորութեան գիտակցական թէ անգիտակցական անտեսումը վարքագծային զարտուղութիւն պէտք է համարել։

Հայաստանի աշխարհաքաղաքական գործօնը

Հայաստանի աշխարհաքաղաքական արժէքը խորապէս ըմբռնելու եւ ճիշդ արժեւորելու լաւագոյն ուղեցոյցն է Ռուբէն Տէր-Մինասեանի անփոխարինելի գործը՝ «Հայաստան միջցամաքային ուղիներու վրայ» գիրքը (1948, Պէյրութ)։

Թէպէտ Ռուբէնի աշխարհաքաղաքական տուեալներն ու վերլուծումը հիմնուած են պատմական Հայաստանի ու յատկապէս Միացեալ Հայաստանի տարածքով մեր հայրենիքի կենսական կարեւորութեան վրայ, ան միաժամանակ իր այժմէականացնող լոյսը կը սփռէ ներկայ Հայաստանի կոտորակուած տարածքի կարեւորութեան վրայ։

Այս իմաստով ներկայ Հայաստանի հողատարածքը, հակառակ իր նեղացուած սահմաններուն, կը պահէ միջցամաքային ճանապարհներու վրայ ինկած իր աշխարհագրական կարեւորութիւնը։ ԱՄՆ կամ այս ճանապարհներուն վրայ «ճեմելու» յաւակնութիւնը ունեցող որեւէ այլ ուժ Հայաստանի ներկայացուցած աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւնը կրնայ անտեսել միայն ի գին իր ռազմավարական հաշիւներուն։

Հայաստան փակ հողատարածքով երկիր մըն է՝ ցամաքով շրջապատուած եւ առանց ծովային ճանապարհներու հասանելիութեան։ Այս դրուածքը զանազան մակարդակներու վրայ Հայաստանը կը մատնէ աշխարհաքաղաքական անել կացութեան։ Միւս կողմէ, սակայն, իր աշխարհագրական դրուածքը Հայաստանը օժտած է արտաքին ուժերու տրամադրող ռազմավարական առաւելութիւններով։

Ներկայ Հայաստանը, զրկուած Թուրքիոյ բռնագրաւման տակ պահուող իր պապենական հողերէն, այսօր կրնայ կարողութիւնը չունենալ տարածաշրջանի մէջ աշխարհաքաղաքական պարիսպ ըլլալու, ինչպէս որ էր իր պատմութեան ընթացքին։ Այսուհանդերձ, նոյնիսկ իր ներկայ կրճատուած սահմաններով Հայաստան կը հանդիսանայ ռազմավարական անցք մը, որ իր կարգին կը հակակշռէ դէպի արեւելք, դէպի արեւմուտք, դէպի հիւսիս եւ դէպի հարաւ՝ Միջին Արեւելք ու Ասիա տանող հաղորդակցութեանց ու փոխադրութեանց միջցամաքային ուղիները, գրեթէ ճիշդ այնպէս, ինչպէս եօթանասուն տարի առաջ նկարագրած էր Ռուբէն Տէր-Մինասեան:

Հայաստանի այս ռազմավարական առանցքային յատկութիւնը կրնայ ժամանակաւորապէս անտեսուիլ ԱՄՆ-ի կողմէ, բայց շրջանի մէջ գործող եւ գործելու յաւակնութիւնը ունեցող այլ ուժեր կը գիտակցին այս իրականութեան եւ ըստ այնմ կը վերաբերին Հայաստանին հետ, ինչպէս Ռուսիա եւ Իրան։ Մինչ Թուրքիա նոյն գիտակցութեամբ կը հակադարձէ Հայաստանին։

Առաջին` Ռուսիա։ Այսօր, աւելի քան երբեք, Ռուսիոյ ղեկավարութեան մտածողութիւնը կ’առաջնորդուի աշխարհաքաղաքական նկատառումներով։ Հետեւաբար պատահական չէ, որ տնտեսական թէ այլ խայծերով ու միջոցներով Ռուսիա հետեւողականօրէն հակակշիռը կը պահէ Հայաստան դռանցքին վրայ։ Ռուսիա նոյն հետեւողականութեամբ նաեւ կը հակակշռէ այլ անցքերու վրայ՝ Պալքաններէն մինչեւ Մերձպալթեան շրջան, մինչեւ իսկ Ուքրաինա, Վրաստան եւ Ատրպէյճան։ Պարզ խօսքով` Ռուսիա կը ձգտի ու կը յաջողի տիրութիւն ընել Եւրասիոյ սրտատարածքին (heartland), որուն հասանելի ուղիներէն մէկն է Հայաստանը՝ հարաւէն հիւսիս բարձրանալու ձգտող ուժերուն համար։

Դիւանագիտական, տնտեսական եւ զինուորական այլազան միջոցներով Ռուսիա կը փորձէ ու կը յաջողի Հայաստանն ու անոր երկու հարեւան երկիրները, այսինքն՝ Հարաւային Կովկասը, պահել իր ազդեցութեան շրջագծին մէջ: Այս գործընթացին սատարող մեծ յենարաններ են տնտեսական, ընկերային ու մշակութային յարաբերութիւնները, որոնք դարերէ ի վեր գոյութիւն ունեցած են Ռուսիոյ եւ Հարաւային Կովկասի ժողովուրդներուն միջեւ։

Երկրորդ` Իրան։ Ան եւս կ’առաջնորդուի աշխարհաքաղաքական մեկնակէտերով։ Այս առումով Հայաստանի ռազմավարական արժէքը չի վրիպիր իրանեան հաշուարկներէն։ Սահմանակից անկախ Ատրպէյճանի մը գոյութիւնը լուրջ մտահոգութիւն է Իրանի համար, յատկապէս երբ նկատի ունենանք անոր՝ աւելի քան քսան միլիոն հաշուող ազերի փոքրամասնութիւնը, որոնց մօտ Ատրպէյճանէն ներշնչուող ազգայնական եւ անջատողական ձգտումներ կրնան վտանգել Իրանի հողային ամբողջականութիւնը: Ի տես այս կացութեան` Իրանի համար Հայաստանի հետ կապերու սերտացումը եւ բազմամակարդակ յարաբերութիւններու մշակումը այլընտրանք չի կրնար ունենալ։

Աշխարհաքաղաքական առումով մանաւանդ կենսական է այն անցքը, որ Հայաստան կը տրամադրէ Իրանին՝ բացուելու համար դէպի հիւսիս եւ արեւմուտք։ Այդ անցքը Հայաստանի հարաւը՝ Իրանի հետ Սիւնեաց աշխարհի սահմանագիծն է։ Այս անցքը նոյնքան կենսական է նաեւ թշնամի հարեւաններով շրջապատուած Հայաստանին համար։

Չափազանցուած պիտի չըլլայ ըսել, թէ ներկայ պայմաններուն տակ այս անցքը Հայաստանի շնչերակն է։ Արցախեան ազատագրական պայքարի օրերուն, երբ խաղաղութեան լուծումներ կ’առաջադրուէին, ԱՄՆ Պետական քարտուղարութեան պաշտօնատարներէն Փոլ Կոպլ առաջ կը մղէր «հողի դիմաց հող»-ի վարկածը։ Հայ դատի Ուաշինկթընի գրասենեակին կողմէ Կոպլի հետ այս մասին հանդիպման ընթացքին ան շեշտեց, թէ խաղաղութիւնը կրնայ հաստատուիլ, եթէ Հայաստան հարաւէն նեղ անցուղի (քորիտոր) մը յանձնէ Ատրպէյճանին՝ միանալու համար Նախիջեւանին, որուն դիմաց Հայաստան կը ստանայ Ղարաբաղը։ Մի քանի օր ետք` ուշ երեկոյեան, հեռաձայնեց եւ մեզ իր մօտ հրաւիրեց ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի վարիչը՝ Մայք Վէն Տուզըն, որ մեզի մօտիկ բարեկամ էր։ Անմիջապէս հանդիպեցանք։ Վէն Տուզըն մեզի փոխանցեց հետեւեալը. «Յանձնաժողովի նախագահ քոնկրեսական Լի Համիլթոնի ցուցմունքով կը կայանայ այս հանդիպումը։ Համիլթոնի թելադրանքը ձեզի այն է, որ Ղարաբաղի խաղաղութեան համար ոչ մէկ ատեն Հայաստանի հարաւային սահմանէն հողային զիջում պէտք է ընէք։ Իրանի հետ ձեր սահմանը Հայաստանի շնչերակն է։ Եթէ կ’ուզէք ապրիլ, պիտի պահէք այդ սահմանը»։ Եւ աւելցուց. «Այս թելադրանքը անմիջապէս փոխանցեցէք ձեր կուսակցութեան՝ ՀՅ Դաշնակցութեան պատասխանատուներուն»։

Երրորդ` Թուրքիա։ Եւրասիոյ տարածքին տիրական եւ առաջնորդող ուժ ըլլալու թրքական պատմական ախորժակը սահման չի ճանչնար` բառին իսկական ու փոխաբերական իմաստներով։ Դէպի արեւելք՝ Ատրպէյճան եւ մինչեւ Կեդրոնական Ասիոյ իրեն ցեղակից «ստան»-ներուն հասանելիութեան ճանապարհին, գլխաւոր խոչընդոտներէն է Հայաստանը։ Նորութիւն չէ Թուրքիոյ մօտ Հայաստանի նկատմամբ այս պատկերացումը։ Այդ պատկերացումը իր պատմական արմատները ունի։ Թուրքիա մինչեւ իսկ փորձեց արմատախիլ ընել այդ «խոչընդոտը»՝ Առաջին աշխարհամարտի իր պատերազմական գործողութիւններուն զուգահեռ։ Թուրքիոյ «դժբախտութիւնը» այն է, որ իր պատկերացուցած «խոչընդոտը» գոյատեւեց, պետութիւն կառուցեց ու կը շարունակէ ապրիլ իբրեւ երկիր եւ ժողովուրդ։

Թուրքիա նաեւ հետամուտ է ինքզինք վերածելու կասպեան քարիւղի փոխադրութեան ճանապարհի: Սակայն այս նպատակը կը դիմակալէ աշխարհագրական խոցելի կէտ մը. Թուրքիա եւ Ատրպէյճան սահմանակիցներ չեն: Այդ փոխադրութեան համար անցքերէն մէկը Հայաստանն է։ Իրողութիւն մը, որ ցայտուն կը դարձնէ Հայաստանի աշխարհագրական դրուածքին կարեւորութիւնը։ Այս կարեւորութիւնը արժեզրկելու համար Թուրքիա դիտաւորեալ Հայաստանը շրջանցելու եւ աշխարհագրականօրէն անկարեւոր դարձնելու մարտավարութիւնը որդեգրած է։ Ի գին դրամական յաւելեալ ծախսերու եւ ժամանակի կորուստի` Թուրքիոյ իր նախաձեռնած քարիւղատար, գազատար թէ երկաթուղագծային ճանապարհները կը կառուցէ Հայաստանի շրջանցումով։

Ինքնախաբէութեան վրայ հիմնուած մարտավարութիւն մըն է այս՝ ապացուցելու շրջանային ուժերուն եւ աշխարհին, թէ հայաստանեան դռանցքը երեւակայածին է, եւ թէ ապօրինաբար իւրացուած Արեւմտեան Հայաստանի տարածքով Թուրքիա՛ն կը հանդիսանայ աշխարհաքաղաքական պարիսպը միջցամաքային ուղիներուն վրայ։ Բայց տարածաշրջանին մէջ տիրող աշխարհաքաղաքական իրողութիւնը այն է, որ նոյնիսկ իր կոտորակուած հողատարածքով Հայաստան տէրն է այդ ճանապարհներուն վրայ բազմող կարեւոր անցքի մը։ Թուրքիոյ համար դժուարընդունելի է այն ռազմավարական իրողութիւնը, որ Հայկական լեռնաշխարհը մէկ ամբողջութիւն է իր արեւելեան ու արեւմտեան կողմերով։ Ատոնք, մէկը առանց միւսին կը վերածուին զիրար չէզոքացնող աշխարհաքաղաքական տարածքներու։

Հայաստանի միջցամաքային ուղիներու վրայ վայելած կարեւորութեան կը զուգակցի Արցախի Հանրապետութեան ռազմավարական ու աշխարհաքաղաքական արժէքը։

Հակառակ իր անկախ գոյութեան` Արցախը շարունակութիւնն ու անբաժանելի մասն է Հայաստանի հողատարածքին։ Արցախով Հայաստանը կը վերածուի ոչ միայն դռանցքի, այլեւ աշխարհագրական պարիսպի, որ կը պաշտպանէ Հայաստանի թիկունքը եւ կ’երաշխաւորէ անոր անվտանգութիւնը։ Եթէ Հայաստանի հարաւային սահմանը շնչերակն է, Արցախը Հայաստանի վահանն է։

Արցախի հետ մեր ժողովուրդի կապուածութիւնը զգացականէն վեր է, աշխարհաքաղաքական է։ Նոյն էր պարագան 1920-ին Զանգեզուրին եւ Դիլիջանին, երբ Դաշնակցութեան որոշումով եւ Գարեգին Նժդեհի ղեկավարութեամբ մեր ձեռքը պահեցինք այդ շրջանները եւ միացուցինք Հայաստանին՝ հոգ չէ, թէ Խորհրդային։

Հայաստանի համար Արցախի ազատագրման ռազմական ու աշխարհագրական կարեւորութիւնը անգնահատելի է։

Պէտք է կրկին դիմել Ռուբէն Տէր-Մինասեանին` ընդգծելու համար այս հանգամանքը։ Իր «Հայաստան եւ Ադրբեջան» ուսումնասիրութեան մէջ («Հայրենիք» ամսագիր, 1927, 8-րդ համար) Ռուբէն աշխարհաքաղաքական վերլուծումով կը հաստատէ, թէ ինչու Արցախեան տարածքը կարելի չէ զիջիլ, եթէ նպատակ ունինք պահելու ներկայ Հայաստանը։

Աշխարհագրական իր առաւելութիւններով եւ անպատեհութիւններով Հայաստան գործած է եւ պիտի գործէ աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւն ներկայացնող տարածաշրջանի մը մէջ, ուր պատմականօրէն, ներկայիս ու նաեւ ապագային քաղաքական, տնտեսական թէ ռազմական հակադիր շահեր հետապնդող արտաքին ուժեր շրջանէն ներս յառաջացուցած են ու պիտի շարունակեն յառաջացնել աննախընթաց եռուզեռ, որուն գինը յաճախ վճարած է Հայաստանը։ Բայց Հայաստան երբեմն գիտցած է նաեւ օգտուիլ իր աշխարհաքաղաքական դիրքէն՝ ուրիշին վճարել տալով այդ գինը։

Հարցը այն է ներկայիս, որ Հայաստանը պիտի կարողանա՞յ իրապէս օգտուիլ իր աշխարհագրական դրուածքի առաւելութիւններէն։ Պատասխանը կախեալ է մեր աշխարհաքաղաքական մտածողութենէն եւ մեր երկրի ընձեռած աշխարհագրական առաւելութիւններու գիտակցութենէն։

Յուսադրիչ էր վերջերս Հայաստանի բանակի սպայակոյտի (շտապի) պետ Արտակ Դաւթեանի այն նկատողութիւնը, որ «Սիրիայում իրավիճակի սրացումը կարող է ազդել Հարաւային Կովկասի վրայ»։ Մեր բանակի հրամանատարութեան մակարդակին վրայ առկայ է այս աշխարհաքաղաքական մտածողութիւնը։ Վստահաբար այս մտածողութիւնը կը տիրէ նաեւ մեր Պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրագոյն մակարդակներէն ներս։

Սակայն, վարքագծային առումով, աշխարհաքաղաքական մտածողութիւնը պէտք է խորապէս թափանցէ նաեւ քաղաքական ղեկավարութեան մակարդակին վրայ։ Մտահոգիչ է ներկայիս այս անփոխարինելի մտածողութեան բացակայութիւնը մեր երկրի կառավարման պատասխանատու շրջանակներուն մօտ։ Հոս կը կայանայ մեր հայրենիքին գոյատեւելիութեան խոցելիութիւնը։ Աշխարհաքաղաքական մտածողութեան բացակայութեան հետեւանքով, մեր պատմութեան երկայնքին ու լայնքին կորստեան դատապարտած ենք գիւղեր, քաղաքներ, տարածքներ, մինչեւ իսկ թագաւորութիւններ։ Այսօր, մեր հայրենիքի աշխարհագրական առաւելութիւններէն անտեղեակ ու անտաղանդ ղեկավարումով, թոյլատրելի չէ կրկին երկիրը ենթարկել նման կորուստներու։

Հայաստանին տիրութիւն կրնայ ընել միայն ինքը՝ հայը։ Այդ իրաւունքը կրնայ պատկանիլ այն հայուն, որուն մտածողութեան, բնազդին եւ էութեան անբաժան մասը դարձած է մեր երկրի աշխարհաքաղաքական դրուածքը։

Այսպիսի կարողութիւն կը ծլարձակի, կը խորանայ եւ կ’արմատանայ մեր պատմութեան, մշակոյթին եւ աշխարհագրութեան անաղարտ գիտակցութեամբ՝ սկսելով մանկապարտէզի աշակերտէն մինչեւ համալսարանական ուսանող, աշխատաւորէն մինչեւ մտաւորական եւ պարզ քաղաքացիէն մինչեւ նախագահ, վարչապետ ու նախարար:

Եզրակացնենք՝ Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը կը գտնուի այն գիծին վրայ, որ Եւրոպան կը միացնէ Միջին Արեւելքին եւ Ասիոյ։ Դէպի հարաւ թէ դէպի հիւսիս արշաւողները միշտ պահ մը կանգ առած են Հայաստանի դիմաց։ Անոնցմէ շատեր իրենց գերակշռող ուժով փորձած են տիրել Հայաստանին։ Ոմանք յաջողած են։ Ոմանք այսօր եւս նման յաջողութիւն կը վայելեն։ Բայց այդ վայելքը ժամանակաւոր է, ինչպէս եղած է պարագան մեր պատմութեան ընթացքին հայաստանեան պարիսպին բախող մնացեալ արշաւողներուն։ Հայաստանին տիրողին կեանքը միշտ ժամանակաւոր է։ Անոնցմէ ոմանք դատապարտուած են մահուան, ուրիշներու պարագային իրենց տիրութեան երջանկութիւնը եղած է կարճատեւ։ Ինչպէս Ռուբէն Տէր-Մինասեան կը գրէ. «Կ’ըսեն՝ ամենամեծ ադամանդ քարերը պատճառ կը դառնան սեփականատիրոջ մահուան եւ նոր տիրոջ կարճատեւ երջանկութեան։ Այդ ադամանդներէն է Հայաստանը» («Հայաստան միջցամաքային ուղիներու վրայ»)։

Հայաստան այդ անտիրապետելի ադամանդն է, որ միշտ պիտի պատկանի միայն հայ ժողովուրդի տիրութեան՝ պայմանաւ, որ ժողովուրդը գիտակից ըլլայ իր հայրենիքի աշխարհաքաղաքական արժէքին։

«ԴՐՕՇԱԿ», մարտ 2020, էջ 31-33

www.aztagdaily.com/archives/469660

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail