
Րաֆֆի Տուտագլեան – ՖԻԼՄԵՐ ԵՒ ԼԵԶՈՒՆԵՐ – Հայաստանում կան տասնեակ ռուսական հեռուստաալիքներ, կան նաեւ անգլերէն, իտալերէն եւ ֆրանսերէն, նոյնիսկ արաբերէն եւ հնդկերէն լեզուներով ալիքներ
29 ՄԱՐՏ 2020 – ՖԻԼՄԵՐ ԵՒ ԼԵԶՈՒՆԵՐ:

ՖԻԼՄԵՐ ԵՒ ԼԵԶՈՒՆԵՐ
Հայաստանում կան տասնեակ ռուսական հեռուստաալիքներ, կան նաեւ անգլերէն, իտալերէն եւ ֆրանսերէն, նոյնիսկ արաբերէն եւ հնդկերէն լեզուներով ալիքներ։
Հեռուստացոյցի բազմալեզու ըլլալը տարօրինակ չէ թուայնացուած այս աշխարհին մէջ։
Եթէ տարօրինակ բան կայ, ան ալ հայկական ալիքներու ապահայկական, ռուսականացուած վիճակն է։ Բացի պետական Հ1-էն, մնացեալ գրեթէ բոլորը՝ Հ2, Երկիր, 5րդ ալիք, Շանթ, եւայլն, շարունակաբար եւ համարեայ առօրեայ հերթականութեամբ ռուսերէնով ամերիկեան եւ այլ օտար ֆիլմեր կը ցուցադրեն։
Ֆիլմերու եւ dubbing-ի որակի մասին չխօսած, այս ալիքներու տէրերը երեւի դեռ չեն հասկցած, որ ռուսերէնը (ինչպէս միւս բոլոր լեզուները) մայրենի չէ, ՕՏԱՐ լեզու է, ինչքան ալ որ անիկա հարազատ թուի իրենց եւ իրենց ալիքները դիտողներուն։
ԲՈԼՈՐ ֆիլմերը տուէք կա՛մ հայերէն լեզուի dubbing-ով, կամ ալ հայերէն թարգմանութեամբ։ Ռուսերէնի տասնեակ ալիքներ կան Հայաստանի մէջ, աւելի շատ քան ոեւէ այլ լեզուով, նոյնիսկ աւելի շատ քան հայկական ալիքները։ Ժողովուրդը ձեզի պէտք չունի ռուսերէնով ֆիլմեր եւ այլ բաներ դիտելու համար։
Պէտք եղած ժամանակ լեզունիդ կ՚երկարէք եւ «ազգային» ըլլալու դաս կու տաք աջին ու ձախին։ Նախ քան ազգայինի ռահվիրայ ըլլալը, նախ մէյ մը ձեր ալիքները ամբողջութեամբ հայացուցէք, յետոյ միայն հոս ու հոն «ազգային»ի խրատ բաշխեցէք…
Իսկ այս կառավարութիւնը լեզուի՝ մայրենիի վերաբերող օրէնքներու ամբողջական վերանայումը ե՞րբ պիտի սկսի։
Թաւիշով ապուր չեփուիր…
Օրէնքները փոխեցէք եւ խստութեամբ պարտադրեցէք։ Զզուած ենք այս օտարամոլներէն՝ ռուսամոլ, անգլիամոլ, չգիտեմինչամոլ…
Վերջ դրեք այս խայտառակութեան եւ խստիւ պատժեցէք օրինախախտները…
Րաֆֆի Տուտագլեան





