
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Ընկեր ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆի յիշատակին – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Ընկեր ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆի յիշատակին
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Ընկեր ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆի յիշատակին
Դաշնակցութիւնը 1985ի Մարտ 28ին հարուածող վատոգիներն ու անարգները չունէին պատկերացումը, թէ որքա՜ն ճիշդ ընտրած էին իրենց թիրախը
(Հատուած՝ ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆի ողբերգական վախճանի 30րդ տարելիցին առիթով, Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Ամերիկայի Կ․Կոմիտէի կազմակերպած հրապարակային ոգեկոչման հանդիսութեան ընթացքին, արտասանուած գլխաւոր բանախօսի վկայութենէն – Լոս Անճելըս, Մարտ 2015)
Նահատակ մեր ընկերոջ գլխաւոր արժանիքը, մեր կուսակցութեան մէջ գործած իր 30 տարիներու ընթացքին, կը կայանայ կարեւորագոյն այն նուաճումին մէջ, որ Սարգիս Զէյթլեան դաշնակցական կարգախօս տուաւ բոլորիս՝ ե՛ւ մեր ժողովներուն, ե՛ւ մեր մտաւորական ուժերուն, ե՛ւ մեր շարքերուն, ե՛ւ մանաւանդ մեր երիտասարդութեան։
Կարգախօսը ժխտական աղերս արթնցնող, բացասական տպաւորութիւն գործող բառեզր է։ Բայց կարգախօսը իր վճիտ առումով եւ գործածութեամբ, իր պարզութեան մէջ, միտք եւ գործ շարժման մէջ դնող եզր է եւ հանգանակ։ Իսկ ընկեր Սարգիս տաղանդը ունէր գտնելու օրուա՛ն, այլեւ՝ ժամանակին համահունչ ու համաքայլ, Հայ Դատի պայքարին տուեալ հանգրուանը առաջնորդող գաղափարական մղիչը՝ կարգախօսի տարազումով։
Մեծ Եղեռնի Յիսնամեակի օրերէն մինչեւ 1985, առանց չափազանցութեան, մեր սերունդները ոգեւորած եւ առաջնորդած կարգախօսներուն մեծ տոկոսը արդիւնքն է Սարգիս Զէյթլեանի ներդրումին։ Հաւաքական ղեկավարութեան սկզբունքով ապրող ու առաջնորդուող այդ ժամանակներու Հ.Յ.Դ. ղեկավար սերունդին մէջ, յատկապէս ի՛նք ունէր այդ շնորհքը, այսինքն՝ ունէր մտածումները եւ տրամադրութիւնները հաւաքելու, համադրելու եւ թեւաւոր խօսքի վերածելու տաղանդը։
Տեսէ՛ք, Սարգիս Զէյթլեան ծանօթ էր, հռչակ ունէր իբրեւ հակահամայնավար ուժեղ պայքարի շրջանին կազմաւորուած մտածողութեան տէր դաշնակցական։ Վահան Նաւասարդեանի հետ թէեւ միայն քանի մը տարի եղաւ գործակից – Գահիրէ, «Յուսաբեր»ի խմբագրութեան մաս կազմած շրջանին -, այդուհանդերձ՝ ընկ Սարգիսի թէ՛ հրապարակագրական ոճին եւ թէ գաղափարական ուղղութեան մէջ նշմարելի են սերտ առնչութիւնները Վահան Նաւասարդեանի ոճին ու կողմնորոշումներուն հետ։
Ինք չէր ծածկեր այդ կապը, կ՚ընդունէր եւ կը գնահատէր այդ ջղուտ ոճը, միտք քրքրող եւ ջղուտ խտութեամբ արտայայտուող այդ գրիչը։ Վահան Նաւասարդեանի հրապարակագրական այդ ոճին Սարգիս Զէյթլեան տուաւ նոր կեանք՝ երբ աւելի կուռ հայերէնի եւ քաղաքական սուր հոտառութեան իր արժանիքով՝ յաջողեցաւ որակական նոր բարձրութեան հասցնել մեր հրապարակագրութիւնն ու գաղափարական ժառանգութիւնը։
Ահա այդ տաղանդով էր, որ հակահամայնավար գաղափարական պայքարի բովին մէջ կազմաւորուած ընկեր Զէյթլեան դարձաւ Հ.Յ.Դ. ընկերվարութեան նորօրեայ դրօշակիրներէն։ Նոյնիսկ իր մտերիմ ընկերները, պաշտօնակիցներ թէ գործակիցներ, կատակով կ՚ըսէին, որ «մեզմէ աւելի ընկերվարական դարձաւ Սարգիսը»։
Փաստօրէն Սարգիսը նոր մէկը չդարձաւ, Սարգիսը այդպէ՛ս էր, Սարգիսի էութիւնը ա՛յն էր, որ իր ընկերներուն մտիկ կ՚ընէր եւ իր ընկերներէն իւրաքանչիւրի մտածողութեան բնորոշ երանգը կամ մտահոգութիւնը ներշնչման աղբիւր ընդունելով՝ ինքնուրոյն համադրումով իր ուղղութիւնը կը բիւրեղացնէր եւ իբրեւ ընդհանրական կարգախօս կը վերադարձնէր դաշնակցական իր ընտանիքին։
Իմ սերունդէս անոնք, որոնք կը յիշեն եօթանասունականներու սկիզբը եւ «Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան գաղափարական բուռն խմորումներու ժամանակաշրջանը, պէտք է մտաբերեն, թէ ինչպէ՛ս՝ Հ.Յ.Դ. Ծրագրի եւ Կառոյցի վերամշակման օրակարգով՝ մեր կուսակցութիւնը ներքին եռեւեփումի շրջան բոլորեց, ինչ որ զուգադիպեցաւ նաեւ Հայ Դատի ուժական պայքարի ճամբով մեր յեղափոխական արմատներուն վերադառնալու շրջադարձին։
Լիբանանի մէջ գումարուած համակուսակցական մեր խորհրդաժողովները ընդհանրապէս կը վարէր ընկեր Սարգիս ինք։ Ճիշդ է, Հ.Յ.Դ. Ծրագրի եւ Կառոյցի վրամշակման Բիւրոյի նախագիծը միասին պատրաստած էին – Բաբկէն Փափազեան, Հրաչ Տասնապետեան եւ Սարգիս Զէյթլեան, բայց վերջնական տարազումը նախագիծին գրած էր ինք՝ ընկեր Սարգիս, որովհետեւ ունէր թէ՛ գաղափարական փառասիրութիւնը՝ իր բանաձեւումով սկզբունքներ բիւրեղացնելու եւ կարգախօսներ ճշդելու, թէ՛ ունէր ընդունակութիւնն ու տաղանդը՝ լիարժէք ձեւակերպելու Դաշնակցութեան մէջ տիրական մտքերը։
Ազատ Մարդու, Ազատ Քաղաքացիի եւ Ազատագրեալ Աշխատանքի գաղափարական վեհապետութեան սկզբունքը, որ եօթանասունականներուն վերամշակուած Հ.Յ.Դ. Ծրագրին կիզակէտը կը կազմէ, Սարգիս Զէյթլեանի լեզուամտածողութեան արգասիքն է։
Անշուշտ դաշնակցական ընդհանրական մտքերու արգասիք է ընկերվարութիւնը ազատութեամբ պայմանաւորելու ծրագրային սկզբունքը, բայց ծրագրային այդ երեք առաջնորդող սկզբունքները գաղափարականօրէն միացնելու, զօդելու եւ մէկ հանգանակի վերածելու ներքին կրակը ունէր բացառապէս ինքը՝ ընկեր Սարգիսը:
Շատ տարածուն գաղափարական աշխարհ է Սարգիս Զէյթլեանը։
Իր հրապարակագրութիւնը մէկտեղող մեծադիր հատորը վկայ։
Այսօր փորձեցի իմ ճիտիս պարտքը կատարել հանդէպ այն մարդուն, ընկերոջ եւ ղեկավարին, որուն ուշ ճանչցայ, իր կեանքի միայն վերջին երեք տարիներուն մօտէն ճանչցայ, բայց գիտեմ որ իրապէ՛ս եւ լաւապէ՛ս ճանչցայ։ Փորձեցի ձեր առջեւ բանալ այն աշխարհն ու էութիւնը, որ Սարգիս Զէյթլեան կը կոչուի։

*
* *
Իմ այս վկայութեան աւարտին կ՚ուզեմ հակիրճ ակնարկել իր մտածողութեան մէջ հիմնական տեղ ունեցած առանձնայատուկ երկու ուղղութիւններու.-
ԱՌԱՋԻՆԸ՝ Հայաստանը – իր առօրեայով, հոգերով, իր խնդիրներով, վէրքերով եւ նուաճումներով – սփիւռքահայ մարդու առօրեային մէջ տեղաւորելու Սարգիս Զէյթլեանի հետեւողական վարքագիծն է։
Անշուշտ պայմանները օգնեցին, որ 70ականներու սկիզբէն՝ վիեթնամեան պատերազմի աւարտին հետ եւ հելսինքեան պայմանագրութիւններով, Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ քաշուած երկաթէ վարագոյրը մասամբ վերցուի։
Այդ պայմաններուն մէջ Սփիւռքի եւ Խորհրդային Հայաստանի միջեւ, պաշտօնական լրատուութեան առաւել աշխուժացման կողքին, նաեւ տեղեկութիւններու հոսք, շրջանառութիւն սկսաւ եւ ընկ. Զէյթլեան, Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի օգնական խմբագիրի իր հանգամանքին կողքին՝ նաեւ իբրեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նորընտիր անդամի, մեծ թափով լծուեցաւ Հայաստանը սփիւռքահայու առօրեային մէջ շնչաւորելու քարոզչական եւ գաղափարական աշխատանքին։
Այդ վերանորոգումով՝ սփիւռքը կարողացաւ Հայաստանին նայիլ իբրեւ իր քաղաքական առօրեայի եւ քաղաքական իր գործունէութեան բնական դաշտը։
Եւ այսօր, եթէ Սարգիս Զէյթլեան այդպէս անժամանակ չհեռացուէր մեր կեանքէն, եթէ Արցախեան Շարժման օրերուն պատնէշի վրայ մնացած ըլլար, ես հաւատացած եմ, որ ազգովին մենք պիտի կարենայինք շատ մը դժուարութիւններ յաղթահարել վերանկախացեալ Հայաստանի մէջ։
Սարգիս Զէյթլեան արդէն յաջողած էր ոչ միայն խօսակից ներկայանալ Խորհրդային Հայաստանի մէջ կազմաւորուող այլախոհ երիտասարդութեան հետ, այլեւ դէպի Դաշնակցութիւն մօտեցնել զանոնք։ Վազգէն Մանուկեան կ՚ապրի տակաւին, Հայաստանի երբեմնի վարչապետին վկայութիւնն է, որ ես կը մտաբերեմ այս պահուն։ Սարգիս Զէյթլեան Դաշնակցութեան անունով ժամանակին ընդունած է Վազգէն Մանուկեանն ու ընկերները։ Երբ Վ․ Մանուկեան վարչապետ նշանակուեցաւ 1990ին, օրին կատարեց մօտաւորապէս հետեւեալ յայտարարութիւնը.- Մենք դաշնակցական ենք, թող Դաշնակցութիւնը այսօրուան իր կառոյցով շարունակէ դուրսը գործել, մենք հոս իր գործը կ՛ընենք։
Մենք օրին անշուշտ չընդունեցինք, չհամակերպեցանք կանոնագրային մեր ընկալեալ խողովակներէն դուրս կատարուած նման խմորումներու։ Բայց եթէ ընկեր Զէյթլեան ապրէր այդ օրերուն, ես վստահ եմ, որ Դաշնակցութիւնը պիտի կարողանար այդ տղոց՝ Ղարաբաղ Կոմիտէի տղոց հետ աւելի առողջ հունով զարգացնելու Հայաստանի վերանկախացեալ կեանքի տարիները։
Հայաստանի ցաւերուն, վէրքերուն եւ նուաճումներուն առջեւ ամբողջապէս բաց միտք էր Սարգիս Զէյթլեան եւ կ՚ընէր այնպէս, որ Հայաստանի մտաւորականութիւնը դաշնակցական մամուլին մէջ, դաշնակցութեան ղեկավարութեան ու մտաւորականութեան մէջ տեսնէ իր ազգային ձգտումներուն, իր ազգային պոռթկումներուն ամէնէն ապահով զօրավիգն ու կողմնակիցը։
Այդպէս ալ եղաւ։
Թէ՛ Սերօ Խանզադեան, թէ՛ Սիլվա Կապուտիկեան, թէ՛ Ռաֆայէլ Իշխանեան, թէ՛ Վարագ Առաքելեան Սարգիս Զէյթլեանի հետ կապի անհրաժեշտ կամուրջները ունէին, որպէսզի յատկապէս հայ լեզուի օտարացման դէմ, ռուսականացման վտանգին դէմ, Խորհրդային Սահմանադրութեան մէջ մեր ազգային իրաւունքները կաշկանդելու բոլոր փորձերուն դէմ իրենց ծառացումին եւ ըմբոստացումին առջեւ հանրամատչելի բեմ գտնէին սփիւռքի տարածքին։
Հայրենի մտաւորականութեան ազգայնական պոռթկումներուն անկաշկանդ բեմ տրամադրելու դաշնակցական ուղղութիւնը, Սարգիս Զէյթլեանի շնորհիւ, առաջնորդող ուղեգիծ դարձաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոներուն եւ դաշնակցական մամուլին համար։
Սարգիս Զէյթլեանի հաւատամքով՝ միայն այդ ուղեգիծով սփիւռքն ու Հայաստանը կրնային սովետականացման չարիքին դէմ միացեալ պայքար ծաւալել, Հայաստանի խորհրդային հանրապետութեան ազգային դիմագիծն ու կռուանները պահպանել եւ ուժեղացնել։
Իր մտասեւեռումն էր, նաեւ՝ Դաշնակցութեան ուղեգիծը եղաւ այն, որ դաշնակցական կազմակերպութիւն չունենալով հանդերձ՝ Հայաստանի մէջ, մենք ի վիճակի եղանք հայրենի հողի վրայ ծնած ու հասակ նետած տղոց հետ միասին, Մեծ Եղեռնի Յիսնամեակի Սերունդ տղոց հետ միասին՝ ամրապնդելու հայ ազգային ջիղը, հայու ազգային քաղաքական ջիղը հայրենիքէն ներս եւ դուրս, որպէսզի այդ ճամբով նաեւ Հայ Դատը միայն սփիւռքահայութեան եւ արեւմտահայութեան դատի չնուազեցուի, այլ իր համազգային, համահայկական նշանակութեամբ յառաջ մղուի։
ԵՐԿՐՈՐԴ ուղղութիւնը, որ կ՚իշխէր ընկեր Զէյթլեանի մօտեցումներուն մէջ, կը վերաբերի Հայութեան Քաղաքական Ուժին ու ազգային քաղաքական կազմակերպուածութեան վրայ Սարգիս Զէյթլեանի պաշտամունքի հասնող կեդրոնացումին։
Հայութեան քաղաքական կազմակերպ ուժին պաշտամունքը իր առաւելագոյն խորութեամբ կը ներկայանայ Սարգիս Զէյթլեանի անձին ու գործին, բայց յատկապէս հրապարակագրութեան մէջ։
Ամէն արժէքի չափանիշը, Սարգիս Զէյթլեանի համար, կազմակերպ հայ քաղաքական ուժի կերտումն է եւ հզօրացումը։ Այդ առաջադրանքին ստորադաս են մնացեալ բոլորը։ Իր նշանաւոր կարգախօսներէն էր այն, որ եթէ Աջը իմ Դատիս պիտի օգնէ՝ ես անպայման Աջ եմ, իսկ եթէ Ձախին մէջ է իմ Դատիս յաջողութեան գրաւականը՝ ես ամէնէն առաջ Ձախ եմ։
Այդ կարգախօսը հրապարակ կը նետէր ոչ թէ պահու մը տրամադրութիւնները իր նախասիրած ուղղութեամբ շարժելու մտօք, այլ ամբողջ տարիներու վրայ երկարող մտածողութիւն մը հունաւորելու առաջադրանքով։
Դաշնակցական միտքը այդպէ՛ս ձեւաւորուեցաւ Զէյթլեան Սարգիսի ժամանակաշրջանին։ Այդօրինակ կարգախօսներու ետին կեցած էր համադրող այն միտքը, քաղաքական կազմակերպ ուժի պաշտամունքով՝ հայութեան ուժի բոլոր աղբիւրներն ու կռուանները Հայ Դատի միեւնոյն պայքարին կապող այն միտքը, որ կը պատկանէր գերազանցապէս Սարգիս Զէյթլեան գաղափարի մարտիկին։
*
* *
Կ՛ուզեմ, որքան ալ անաւարտ մնայ այս զրոյցը, այսքանով եզրափակել իմ այսօրուան վկայութիւնը՝ ըսելու համար, որ Դաշնակցութիւնը 1985ի Մարտ 28ին հարուածող վատոգիներն ու անարգները չունէին պատկերացումը, թէ որքա՜ն ճիշդ ընտրած էին իրենց թիրախը։
Պատահականօրէն ընտրեցին այդ թիրախը, ըստ յարմարութեան առեւանգեցին Սարգիս Զէյթլեանը, որովհետեւ մատչելի էր, պաշտպանուած չէր մեր հպարտութիւնը կազմող նահատակ ընկերը։
Բայց պատահական այդ քայլով՝ անոնք խոցեցին մեզ՝ ուղղակի մեր ողնաշարէն։
Ընկեր ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆի յիշատակին





