Իտալիոյ Վարչապետը Կը Զգուշացնէ Եւրոպական Միութեան Գոյութեան Իմաստի Կորուստէն

Իտալիոյ Վարչապետը Կը Զգուշացնէ Եւրոպական Միութեան Գոյութեան Իմաստի Կորուստէն

30 ՄԱՐՏ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ARMENIAN GENOCIDE – This picture shows part of the 5.000 children from Kharput en route on donkey back and foot. “Story of Near East Relief” by James L. Barton, New York, 1930, p. 152

Իտալիոյ վարչապետ Ճիուզեփէ Քոնթէ Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղեց` «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի հոլովոյթին մէջ «մեծ սխալներ չգործելու», այլապէս «եւրոպական պլոքը իր ամբողջութեամբ պիտի կորսնցնէ իր գոյութեան իմաստը»:

Քոնթէ ելեւմտական շրջանակներու եւ գործարարներու համար հեղինակաւոր «Իլ Սոլ 24» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Անգործութիւնը մեր զաւակներուն պիտի ձգէ քանդուած տնտեսութեան մը հսկայական բեռը: Կ’ուզե՞նք այս մարտահրաւէրի մակարդակին ըլլալ: Ուրեմն նախաձեռնենք մեծ ծրագիրի մը, վերականգնումի եւ վերաֆինանսաւորման եւրոպական ծրագիրի մը, որ կ’աջակցի եւ վերստին կ’աշխուժացնէ եւրոպական ամբողջ տնտեսութիւնը»:

Ան յայտնեց, որ հինգշաբթի օր Եւրոպական խորհուրդի ժողովի ընթացքին «մէկէ աւելի տարակարծութիւններ եւ բուռն ու անկեղծ վիճաբանութիւն տեղի ունեցան» Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ, «որովհետեւ կը գտնուինք տագնապի մը մէջ, որ պատճառ կը դառնայ մեր քաղաքացիներէն բազմաթիւ մահերու եւ տնտեսական մեծ տեղքայլի»:

Իտալիոյ վարչապետը յայտնեց, որ Եւրոպական խորհուրդի ժողովի ընթացքին ինք յայտնած է. «Կը ներկայացնեմ երկիր մը, որ մեծապէս կը տառապի, ուստի չեմ կրնար ինքզինքիս արտօնել հարցերու ձգձգում կատարել»: «Իտալիոյ մէջ, նաեւ (Եւրոպական Միութեան, «Ա.») անդամ այլ երկիրներու մէջ, ստիպուած ենք ցաւոտ որոշումներ տալու»:

«Պէտք է խուսափինք, որ Եւրոպան ցաւոտ որոշումներ տայ: Եթէ Եւրոպան չփաստէ, թէ այս աննախադէպ մարտահրաւէրին մակարդակին է, ապա ամբողջ եւրոպական պլոքը, մեր քաղաքացիներու աչքին, կրնայ կորսնցնել իր գոյութեան պատճառը», զգուշացուց Իտալիոյ վարչապետը:

www.aztagdaily.com/archives/469762

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail