Բրիտանիոյ Վարչապետ. «Կացութիւնը Դէպի Բարելաւում Ուղղուելէ Առաջ Պիտի Ուղղուի Դէպի Յոռեգոյնը»

boris johnson

Բրիտանիոյ Վարչապետ. «Կացութիւնը Դէպի Բարելաւում Ուղղուելէ Առաջ Պիտի Ուղղուի Դէպի Յոռեգոյնը»

30 ՄԱՐՏ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ֆրանսայի Վարչապետ. «Ապրիլի Առաջին Կիսուն Կացութիւնը Աւելի Դժուար Պիտի Ըլլայ»

boris johnson

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն Բրիտանիոյ մէջ բոլոր բնակարաններուն բաժնուած թռուցիկի մը մէջ զգուշացուց, որ իր երկիրին մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման կացութիւնը դէպի բարելաւում ուղղուելէ առաջ պիտի ուղղուի դէպի յոռեգոյնը` նշելով. «Մենք ճիշդ պատրաստութիւններ կը տեսնենք, եւ որքան կանոններուն հետեւինք, այդքան նուազ կեանքեր կը կորսնցնենք, եւ մօտ օրէն կեանքը պիտի վերադառնայ իր բնականոն հունին»: Նշենք, որ Բրիտանիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրի մահացածներուն թիւը բարձրացաւ 1228-ի:

Ֆրանսայի վարչապետ Էտուար Ֆիլիփ իր կարգին յայտնեց. «Քորոնա»¬ի դէմ պայքարը տակաւին միայն սկիզբն է»: «Ապրիլի առաջին կիսուն կացութիւնը աւելի դժուար պիտի ըլլայ», նշեց ան:

Իրաքի մէջ Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Ատհամ Իսմայիլ նախատեսեց, որ Իրաքի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման պարագաներուն թիւը յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին աճ արձանագրեն` նշելով. «Մենք կը նախատեսենք, որ այս աճը արձանագրուի մարտ ամսուան վերջին շաբթուան ընթացքին եւ ապրիլի կէսերուն»:

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ յայտնեց. «Իրանեան կարգ մը նահանգներու մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման գագաթնակէտին հասանք»: «Ժահրը մուտք գործեց հասարակութեան մէջ, եւ թերեւս անոր գոյութիւնը կրնայ երկարիլ մէկ կամ երկու տարի», նշեց Իրանի նախագահը: Նշենք, որ Իրանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 38.309-ի, իսկ մահացածներունը 2640-ի:

Չինաստանի ազգային առողջապահութեան յանձնախումբի բանբեր Մի Ֆինկ յայտարարեց, որ արտասահմանէն երկիր վերադարձած «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւի աճը երկիրը կ’ենթարկէ համաճարակի երկրորդ ալիքի մը վտանգին: «Չինաստան արտասահմանէն 693 հաստատուած պարագաներ ունի, ինչ որ կը նշանակէ, թէ համաճարակի նոր ալիքի մը յառաջացման հաւանականութիւնը կը շարունակէ մնալ բարձր», նշեց պաշտօնատարը:

Իտալիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրին պատճառով 50 բժիշկներ եւ առողջապահութեան մարզի աւելի քան 7000 աշխատակիցներ մահացած են:

Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը առկախեց Ժետտա նահանգ մուտքն ու ելքը: Սուրիոյ նախարարաց խորհուրդը իր կարգին երեքշաբթի օրուընէ մինչեւ 16 ապրիլի երեկոյեան ժամը 6:00¬էն մինչեւ առաւօտեան ժամ 6:00 սուրիական հողերուն վրայ կրակմարի դրութիւն հաստատեց:

Ամերիկեան լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ «Քորոնա» ժահրով մահացածներուն թիւը բարձրացած է 2043-ի: Միացեալ Նահանգներու մէջ ժահրով վարակման առաջին պարագան արձանագրուած էր յունուարի վերջաւորութեան, որմէ ետք ժահրը արագօրէն տարածուեցաւ, եւ այսօր վարակուածներուն թիւը հասած է շուրջ 120 հազարի, ինչ որ աշխարհի վրայ մեծագոյն թիւն է: Սակայն մահացածներու թիւին համեմատութիւնը ոչ աւելի քան 1,5 առ հարիւր է, ինչ որ աւելի ցած է, քան շարք մը եւրոպական երկիրներու մէջ արձանագրուած ցուցանիշը: Սպանիոյ մէջ այդ համեմատութիւնը 7,7 առ հարիւր է, իսկ Իտալիոյ մէջ` 10 առ հարիւր: Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք քաղաքին մէջ իւրաքանչիւր 17 վայրկեանին «Քորոնա» ժահրին պատճառով մահ մը կ’արձանագրուի:

Գերմանիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 52.547-ի, իսկ մահացածներունը` 404-ի: Սպանիոյ մէջ ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ շուրջ 79 հազարի, իսկ մահացածներունը` 6528-ի: Զուիցերիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 14336-ի, իսկ մահացածներունը` 257-ի: Իսրայէլի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 3865-ի, իսկ մահացածներունը 13-ի: Սէուտական Արաբիոյ մէջ ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 1299-ի, իսկ մահացածներունը` 8-ի: Պրազիլի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 3904-ի, իսկ մահացածներուն թիւը 116-ի:

Մինչ Յորդանանի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 246-ի, Քուէյթի մէջ այդ թիւը բարձրացաւ 255-ի, Պաղեստինեան հողերուն մէջ` 104-ի, Օմանի մէջ` 167-ի, Մարոքի մէջ` 450-ի, Թունուզի մէջ` 278-ի, Եթովպիոյ մէջ` 19-ի, Փաքիստանի մէջ` 1526-ի, Դանիոյ մէջ` 2395-ի, Շուէտի մէջ` 3700-ի, իսկ Ուքրանիոյ մէջ` 418-ի:

Ազրպէյճանական իշխանութիւնները յայտնեցին, թէ Ազրպէյճանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը 209 է:

Սուրիոյ առողջապահութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրին պատճառով կին մը մահացած է:

génocide arménien-erzeroum-1895-lesalonbeige.fr

www.aztagdaily.com/archives/469761

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail