Եւրոպական Միութիւնը Կ՛աջակցի Հայաստանի՝ «Քորոնա»ի Դէմ Պայքարին

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛աջակցի Հայաստանի

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛աջակցի Հայաստանի՝ «Քորոնա»ի Դէմ Պայքարին

31 ՄԱՐՏ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐ – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ՎԱՐԱԿ:

«Քորոնա» ժահրի համավարակին վերաբերող համաշխարհային արձագանգման գործողութիւններու ծիրին մէջ, Եւրոպական յանձնաժողովը կը սատարէ Արեւելեան գործընկեր երկիրներուն եւ կը վերաբաշխէ 140 միլիոն եուրօ աջակցութիւն, նաեւ Հայաստանի առաւել անմիջական կարիքներու արձագանգման համար:

Այս մասին յայտնեց Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան գրասենեակը։

Բացի այդ, յանձնաժողովը պիտի վերաձեւակերպէ մինչեւ 700 միլիոն եուրօ արժողութեամբ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ կիրարկուող ֆինանսաւորման գործիքներու նպատակայնութիւնը` ուղղելով զանոնք ի նպաստ «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած ճգնաժամի ընկերային-տնտեսական վնասներու մեղմացման:

yerakouyn.com/2020/03/31/եւրոպական-միութիւնը-կ՛աջակցի-հայաստ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail