Հայ Դատը Ողջունեց «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարին Համար Հայաստանին 1.1 Միլիոն Տոլար Յատկացնելու Ուաշինկթընի Որոշումը
31 ՄԱՐՏ 2020 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐ -19 – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐ – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ՎԱՐԱԿ:
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին համար Հայաստանին 1.1 միլոն տոլարի աջակցութիւն տրամադնելու Ուաշինկթընի որոշումը։
Ընդհանուր հաշիւով, Ուաշինկթըն 64 երկիրներու 274 միլոն տոլար պիտի յատկացնէ։
Նշենք, որ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսիին յղուած նամակով մը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան անցեալ շաբաթ կոչ ըրած էր՝ Հայաստանին յաւելալ եւ անմիջական աջակցութիւն տրամադրելու, նպաստելու համար «Քորոնա» ժահրին դէմ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ մղուող պայքարին, որուն կ՛աջակցին նաեւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը եւ ՀՕՄը։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը շարունակէ իր ջանքերը Միացեալ Նահանգներու 2021ի ամավարկին մէջ Հայատանին եւ Արցախին համար յատկանշական օժանդակութիւններ ապահովելու համար։
www.aztagdaily.com/archives/469849