«Ընկերային Մեկուսացում»¬ը Երկարաձգելով Մինչեւ 30 Ապրիլ. Թրամփ Հաւանական Կը Նկատէ, Որ Յառաջիկայ Երկու Շաբաթներուն «Քորոնա»-ով Մահացողներուն Թիւի Համեմատութիւնը Հասնի Իր Գագաթնակէտին
31 ՄԱՐՏ 2020 – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐ – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ՎԱՐԱԿ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հաւանական նկատեց, որ յառաջիկայ երկու շաբաթներուն Միացեալ Նահանգներու մէջ «Քորոնա» ժահրին պատճառով մահացողներուն թիւի համեմատութիւնը հասնի իր գագաթնակէտին:
Ան Սպիտակ տան մէջ տուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Թրամփ նշեց, որ «ընկերային մեկուսացման» վերաբերեալ կառավարութեան ցուցմունքները պիտի երկարաձգուին մինչեւ 30 ապրիլ` ժահրին տարածումը դանդաղեցնելու համար: Ան նաեւ նախատեսեց, որ երկիրը 1 յունիսին սկսի «դէպի առողջացում» ուղղուիլ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ նշեց, որ այսօր «Քորոնա» ժահրին դէմ ամերիկեան կառավարութեան ծրագիրներուն ու ռազմավարութեան վերաբերեալ «կարեւոր» յայտարարութիւն մը պիտի կատարուի:
«Ժահրը ոմանց նախատեսածէն աւելի արագ կը տարածուի», դիտել տուաւ Թրամփ:
Վարակիչ հիւանդութիւններու ամերիկեան կառավարութեան աւագ մասնագէտ տոքթ. Անթընի Ֆոչի իր կարգին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ մահերուն թիւը կրնայ աւելի քան 100.000¬ի հասնիլ, իսկ վարակուածներունը` միլիոններու:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 143.055¬ի, իսկ մահացածներունը` 2504¬ի:
Մինչ այդ, Թրամփ Քոլոմպիա գաւառը, որուն մաս կը կազմէ մայրաքաղաք Ուաշինկթընը, «Քորոնա» ժահրի տարածման պատճառով աղէտի գօտի յայտարարեց: Նիւ Եորքի քաղաքապետ Պիլ տէ Պլազիօ իր կարգին յայտնեց, որ քաղաքին մէջ ժահրով վարակուածներուն թիւը 32.308 է` աւելցնելով, որ ժահրի դէմ պայքարի անհրաժեշտ բժշկական միջոցներու պաշարը բաւարար է յաւելեալ մէկ շաբթուան համար:
«Այսօրուընէ սկսեալ` մենք մէկ շաբթուան բաւականաչափ պահեստ ունինք` բացառութեամբ թոքերու արհեստական օդափոխման սարքերուն: Շատ շուտով նուազագոյնը քանի մը հարիւր արհեստական շնչառական սարք անհրաժեշտ պիտի ըլլայ», յայտարարեց ան` աւելցնելով. «Մնացեալ պարագաները պիտի բաւարարեն մինչեւ միւս կիրակի: Ապրիլ 5¬ին ամէն տեսակի միջոցներու կարիք պիտի ունենանք, յատկապէս` արհեստական շնչառական սարքերու»:
Արժանթինի իշխանութիւնները իրենց կարգին Արժանթինի մէջ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու համար հաստատուած պարտադիր ընդհանուր մեկուսացումը երկարաձգեցին յաւելեալ երկու շաբաթով:
«Ժահրի տարածումը վերահսկողութեան տակ պահելը շարունակելու համար մասնագէտներու յանձնարարականին հիմամբ մեր որդեգրած որոշումը առողջապահական մեկուսացումը մինչեւ Ս. Զատիկի տօնը երկարաձգելն է», ըսաւ Արժանթինի նախագահ Ալպերթօ Ֆերնանտեզ` աւելցնելով, որ տեղի ունեցողը «պատերազմ է անտեսանելի բանակի մը դէմ, որ մեր վրայ կը յարձակի երբեմն մեր չնախատեսած տեղերէն»:
Սինկափուրի վարչապետ Լի Սիէն Լուն Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու կոչ ուղղեց` զերծ մնալու փոխադարձ մեղադրանքներէն եւ մնացեալ երկիրներուն հետ ջանքերը համատեղելու «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին մէջ:
Ան «Սի.Էն.Էն.»¬ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Նոյնիսկ ամէնէն բարենպաստ միջազգային մթնոլորտի մէջ դժուար է լուծել ներկայ խնդիրը: Եթէ Չինաստան եւ Միացեալ Նահանգներ շարունակեն փոխադարձ մեղադրանքները «Քորոնա»¬ին ի յայտ գալու եւ տարածման առնչուած, ապա այս ամէնը դժուար թէ օգնէ յառաջիկային խնդիրի յաղթահարման»:
Սինկափուրի վարչապետը ընդգծեց, որ բոլոր երկիրներուն անհրաժեշտ է համատեղել «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի ջանքերը` շեշտելով, որ Ուաշինկթըն եւ Փեքին պէտք է միանան ատոր:
Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն յայտնեց, որ 20.000 բժիշկներ թոշակէն վերադարձած են աշխատանքի, որպէսզի պայքարին «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ: «Շնորհակալ եմ բոլոր վերադարձողներուն, ատիկա շատ պատկառելի թիւ է: Բացի ատկէ, 750.000 կամաւոր արդէն արձանագրուած է այս ճգնաժամային իրավիճակին մէջ մեզի օգնելու համար», ըսաւ Ճոնսըն:
Ճոնսըն համաձայն չէ գտնուած Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Մարկարեթ Թաչըրի արտայայտած այն միտքին, որ «հասարակութիւն ըսուածը գոյութիւն չունի»:
«Մենք ատիկա պիտի ընենք, մենք ատիկա պիտի ընենք միասին: Ես կը կարծեմ, թէ միայն «Քորոնա» ժահրը արդէն հաստատած է, որ հասարակութիւն գոյութիւն ունի», ընդգծեց Բրիտանիոյ վարչապետը` քաղաքացիներուն դարձեալ կոչ ուղղելով մնալու տունը եւ նուազեցնելու ժահրի տարածման վտանգը:
Նշենք, որ Բրիտանիոյ մէջ «Քորոնա»¬ով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 19.522¬ի, իսկ մահերունը` 1284¬ի:
Չիլիի Պոլիվիոյ հետ սահմանին վրայ մնացած աւելի քան հարիւր պոլիվիացիներուն արգիլուեցաւ իրենց երկիր մուտք գործելը` «Քորոնա» ժահրի տարածումը վերահսկողութեան տակ պահելու համար:
Պոլիվիոյ պաշտպանութեան նախարար Լուիս Ֆեռնանտօ Լոփեզ այս առումով յայտնեց. «Կառավարութեան որոշումը այն է, որ ոչ ոք արտասահման կը մեկնի, եւ ոչ ոք մուտք կը գործէ: Արտասահման գտնուող պոլիվիացիները պէտք է գիտակցին, թէ պէտք է այդտեղ մնան, եւ մենք զիրենք տարհանելու համար թռիչքներ պիտի չկատարենք»:
Թուրքիոյ առողջապահութեան նախարար Ֆահրեթթին Քոջան ներկայացուց երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի առնչուած կացութեան վերջին տուեալները: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի կայքը:
Քոջայի ներկայացուցած տուեալներուն համաձայն, վերջին 24 ժամուան ընթացքին Թուրքիոյ մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 815 նոր պարագայ, 23 մարդ մահացած է, վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասած է 9217¬ի, մահուան պարագաներու թիւը` 131¬ի:
Վերջին օրուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրէն առողջացած է 35 մարդ, ապաքինողներուն ընդհանուր թիւը հասած է 105¬ի:
Թրքական իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ ժահրին պատճառով 39 շրջաններ մեկուսացման ենթարկած են:
Մինչ այդ` Չինաստանի մէջ մարտ 28¬ին մեծ արդիւնաբերական գործարաններու 98,6 առ հարիւր վերականգնած է իր գործունէութիւնը` ապահովելով փետրուար 23¬ի համեմատութեամբ 15,5 առ հարիւրի աճ: Աշխատակիցներուն 70 առ հարիւրը վերադարձած է աշխատանքի: Այս մասին հաղորդեց «Սի.Ճի.Թի.Էն.» կայքը:
Քանի մը առաջատար գործարաններու օգնութեամբ արագացուած է նաեւ շարք մը փոքր գործարաններու աշխատանքի վերսկսումը եւ արտադրութիւնը: Պողպատի եւ ելեկտրոնային արտադրութեան ոլորտին մէջ աշխատակիցներու 70 առ հարիւրը, իսկ հիւսուածեղէնի, մեքենաներու եւ թեթեւ արդիւնաբերութեան ոլորտի աշխատակիցներուն 90 առ հարիւրը եւս վերադարձած է աշխատանքի:
Չինաստանի Կեդրոնական դրամատունը «Քորոնա»¬ի համաճարակի հետեւանքներու դիմակայման համար չինական շուկային մէջ շրջանառութեան դրաւ 7 միլիառ տոլար:
Սպանիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրին պատճառով արձանագրուեցան 812 նոր մահեր` ընդհանուր թիւը բարձրացնելով 7340¬ի` ինչ որ Իտալիայէն ետք աշխարհի վրայ մահերու երկրորդ բարձրագոյն թիւն է: Իտալիոյ մէջ ժահրով վարակուածներուն թիւը 85.195 է. առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ երկրին մէջ առողջապահութեան մարզի 12.300 հազար աշխատակիցներ վարակուած են ժահրով:
Գերմանիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 57.298¬ի, իսկ մահերունը` 455¬ի: Ռուսիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 1836¬ի, իսկ մահերունը` 9¬ի: Մարոքի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 516¬ի, իսկ մահերուն` 27¬ի: Մալեզիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 156¬ի, իսկ մահերունը` 3¬ի: Հնդկաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 1071¬ի, մահերունը` 29¬ի: Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 165¬ի, եւ արձանագրուեցաւ մահ մը: Ֆիլիփինի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 1546¬ի, իսկ մահերունը` 78¬ի:
Թայլանտի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 1524¬ի, Ինտոնեզիոյ մէջ` 1414¬ի, Արժանթինի մէջ` 820¬ի, Պաղեստինի մէջ` 109¬ի, Քուէյթի մէջ` 266¬ի, իսկ Սէուտական Արաբիոյ մէջ` 1453¬ի:
www.aztagdaily.com/469871