Սուրիան Քրէական Պատասխանատուութեան Պիտի Ենթարկէ Անօրինական Կերպով Երկիր Վերադարձած Քաղաքացիները

Սուրիան Քրէական Պատասխանատուութեան Պիտի Ենթարկէ Անօրինական Կերպով Երկիր Վերադարձած Քաղաքացիները

31 ՄԱՐՏ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ անօրինական կերպով երկիր մուտք գործած Սուրիոյ քաղաքացիները պիտի պահուին մեկուսացման մէջ, ապա պիտի ենթարկուին քրէական պատասխանատուութեան: Այս մասին կը հաղորդէ սուրիական պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը:

Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, թէ քաղաքացիներու` երկիր ապօրինի մուտք գործելուն աջակցիլը եւս իրաւական պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրէ:

Սուրիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 9 պարագայ գոյութիւն ունի: Երկրին մէջ արձանագրուած է մահուան առաջին պարագան:

22 մարտին Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի ծիրին մէջ պէտք է փակել երկրի բոլոր անցակէտերը:

www.aztagdaily.com/archives/469872

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail