ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – Մէկը միւսէն հերթը խլելու ուժգնութեամբ հեռատեսիլի կայանները անընդհատաբար կը տեղեկացնեն
31 ՄԱՐՏ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Մէկը միւսէն հերթը խլելու ուժգնութեամբ հեռատեսիլի կայանները անընդհատաբար կը տեղեկացնեն վայրկեաններու արագութեամբ տարածուող «Քորոնա» ժահրի համավարակի մասին։ Վարակուածներու թիւը կ՛եռապատկուի ծաւալի իւրաքանչիւր օրուան թաւալումով։ Մահացողներու թիւը կը ծաւալի ժամական արագութեամբ։ Երկրագունդի վրայ չկայ երկիր մը, որ կրնայ խուսափիլ այս համավարակէն։
Աշխարհը ամբողջ վտանգուած է։ մարդկութիւնը ամբողջ կը դիմակալէ հասարակած թշնամի մը, որ անծանօթ է, անտեսանելի է, անշօշափելի է։ Բայց տեսանելի ա՛յս թշնամիին գործած աւերը։ Զոհը մարդկային կեանքն է, երկիրներու արդիւնաբերական միջոցներն են, մարդկային հաւաքականութիւնները պահող եւ կառավարման կառոյցները առաջ մղող ենթակառոյցներն են։
Մինչ Չինաստան, Հարաւ Արեւելեան Ասիոյ երկիրները եւ Եւրոպա արդէն ամբողջական պատանդը դարձած են այս համավարակին, հերթը հասած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն։ Ատլանտեան Ովկիանոսի եւ Խաղաղական Ովկիանոսի միջեւ նստած Ամերիկայի բոլոր նահանգները խելագարօրէն կը պատրաստուին «Քորոնա» ժահրի անկասելի ընթացքին։ Խելակորոյս վիճակի մատնուած է ժողովուրդը։
Գիտական հանճարի կարողութեամբ, արհեստագիտական հմտութեամբ եւ նիւթական հզօրանքով, թերեւս Ամերիկան մարդկութեան վերջին յոյսն է։ Դժբախտաբար, Ամերիկայի դաշնակցային կառավարութիւնը բթացած է ի տես այս երկրի կարողականութեան, եւ կ՚ընթանայ ուշացած որոշումներով ու յապաղած միջոցառումներով։
Անշուշտ կան հերոսներ, ինչպէս այլ երկիրներու մէջ, նոյնպէս եւ Ամերիկայի մէջ։ Այդ հերոսները գիտնականներն են, բժիշկներն են, հիւանդապահներն են, մինչեւ իսկ ոստիկանական ջոկատները։ Հերոսներ միշտ պիտի ըլլան։ Անոնք պիտի գտնուին այս ժահրին ընդդիմացող առաջին պաշտպանական գիծին վրայ։ Ա՛յս հերոսները պիտի զոհուին, նաեւ ա՛յս հերոսները իրենց լուծումներով առաջքը պիտի առնեն ու կասեցնեն այս անտեսանելի թշնամիին յառաջխաղացքը։
Ասիկա այն պատերազմն է, ուր մարդկութիւնը իր բոլոր ազգութիւններով եւ երկիրներով կը դիմադրէ մէկ ու միակ հասարակած թշնամիի մը։ Երկրի մը յաղթանակը նաեւ յաղթանակն է միւս երկիրներուն։ Ազգութեան մը կորուստը նաեւ կորուստն է միւս ազգութիւններուն։
Բայց հեռատեսիլի լրատուութիւնները տեղատարափօրէն կը սփռեն յուսահատութիւն։ Բայց, յանկարծ կայան մը կը ներկայացնէ երեխաներու երգչախումբի մը կատարումը՝ «Ամերիկա, Գեղեցիկը» (“America, the Beautiful”) երգին։ Երեխաները կ՚երգեն.-
«O գեղեցիկ՝ տարածուն երկինքի համար,
Հացահատիկի սաթագոյն ալիքներու համար,
Մրգաւոր դաշտերուն վերեւ՝
Մանիշակագոյն լեռներու վեհութեան համար,
Ամերիկա, Ամերիկա,
Աստուած իր շնորհքով օծեց քեզ
Եւ բարութիւնդ թագադրեց եղբայրութեամբ՝
Ծովէն մինչև ճառագայթող ծով:»
Երգը կը յուսադրէ, կը գօտեպնդէ։ Աստուածային շնորհքով օծուած Ամերիկան, իր բարութիւնը եղբայրութեան վերածած, պիտի ճառագայթէ Ատլանտեանէն Խաղաղական եւ աւելի անդին։
Բայց այս Ամերիկան տեսանելի չէ երկրի կեդրոնական իշխանաւորներուն մէջ։ Հակառակ աշխարհի մարդկութեան գոյութեան սպառնացող այս ժահրային թշնամիի հարուածներուն, անոնք կը շարունակեն իրենց երբեմնի նենգամտութիւնը եւ հետապնդելու հին հաշիւներ, որոնք տեղ չեն կրնար ունենալ ներկայ ճգնաժամի պայքարին մէջ։
Մարդկային հաւաքականութեան այս դժուարին օրերուն, աշխարհի բնակչութեան գրեթէ մէկ չորրորդը ենթակայ կը մնայ Ամերիկայի թշնամական վարքագծին ու մանաւանդ տնտեսական պատժամիջոցներուն։ Շարք մը երկիրներ, որոնց կարգին՝ Քուպա, Չինաստան, Հիւսիսային Քորէա, Իրան, Ռուսիա, Սուրիա, Վենեզուելա, Նիքարակուա, ենթակայ կը մնան Ամերիկայի միակողմանի տնտեսական շրջափակումին (economic blockade)։ Այս ութը երկիրները միասնաբար կը կազմեն 25 տոկոսը աշխարհի մարդկութեան։
Ամերիկեան այս տնտեսական շրջափակումին հետեւանքով, այս երկիրներու կառավարութեանց «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարելու կարողականութիւնը սահմանափակուած է։ Անոնք կենսական կարիքը ունին նիւթականի ապահովման եւ դեղորայքի ու բժշկական սարքաւորումներու ներածման, որպէսզի կարենան պայքարիլ համավարակին դէմ, կասեցնել նոր վարակուածներու աճը եւ փրկել վարակուածներու կեանքը։
Ամերիկեան տնտեսական պատժամիջոցները միակողմանի են եւ կը խախտեն Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան սկզբունքները, օրէնքները եւ որոշումները։
Ամերիկայի ներկայ իշխանաւորները դոյզն իսկ կարեւորութիւն չեն տար միջազգային օրէնքի պարտաւորութիւններուն։ Անոնք հարց չեն տեսներ եթէ իրենց պատժամիջոցին պատճառով հարիւր հազարաւոր, եթէ ոչ միլիոններ, մահանան։ Ոչ միայն հարց չեն տեսներ, այլ մինչեւ իսկ կը ծանուցեն թէ այն է իրենց նպատակը։ Այս գծով ակներեւ էր վերջերս Պետական Քարտուղար Մայք Փոմփէոյի այն յայտարարութիւնը, թէ Ամերիկայի նպատակն է Իրանցի ժողովուրդը մատնել այնպիսի թշուառութեան, որպէսզի անոնք վար առնեն իրենց ներկայ իշխանութիւնը։
Մինչ այդ երեխաներու երգչախումբին երգը կը շարունակէ արձագանքել,
«Ամերիկա, Ամերիկա,
Աստուած իր շնորհքով օծեց քեզ
Եւ բարութիւնդ թագադրեց եղբայրութեամբ՝
Ծովէն մինչև ճառագայթող ծով:»
Լոս Անճելըս
Մարտ 29, 2020
www.aztagdaily.com/archives/469873