Հիւսիսային Քորէան Բազմափող Հրթիռային Համակարգեր Փորձարկած Է – Հիւսիսային Քորէան Բազմափող Հրթիռային Համակարգեր Փորձարկած Է
31 ՄԱՐՏ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Պաշտօնական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Հիւսիսային Քորէան կիրակի օր հսկայ բազմափող հրթիռային համակարգերու փորձարկում կատարած է, եւ փորձարկումը յաջող եղած է:
Հիւսիսային Քորէայի պետական լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ փորձարկման նպատակը հսկայ բազմափող հրթիռային համակարգի ռազմական ու թեքնիք յատկութիւնները փորձելն էր:
Լրատու գործակալութիւնը աւելցուց, որ այդ նշեալ համակարգը անցեալ օգոստոսին քանի մը անգամ երկրի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի հսկողութեան տակ փորձարկուած է` առ ի պատրաստութիւն անոր տեղակայման` աւելցնելով, որ փորձարկումը «յաջողութեամբ պսակուեցաւ»:
Յիշեցնենք, որ մէկ օր առաջ Հիւսիսային Քորէան փոքր հասողութեամբ երկու թեւաւոր հրթիռ արձակած էր Ճափոնական ծովուն ուղղութեամբ: Այս մասին հաղորդած էր Հարաւային Քորէայի սպայակոյտի պետերու միացեալ կոմիտէի յայտարարութիւնը:
«Հիւսիսային Քորէայի արձակած հրթիռները անցած են 230 քիլոմեթր` 30 քիլոմեթր առաւելագոյն բարձրութեան վրայ», նշուած էր հաղորդագրութեան մէջ:
Ատիկա ամսուան սկիզբէն ի վեր արդէն չորրորդ փորձարկումն էր: Հիւսիսային Քորէան հրթիռներ արձակած էր 2, 9 եւ 21 մարտին: Նախորդ հրթիռներու արձակումը դիտելու գացած էր նաեւ երկրի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընը, որ 21 մարտին շարք մը զօրավարներու հետ ուշի-ուշով խոտածածկ տարածքէն հետեւած էր իրադարձութիւններուն:
www.aztagdaily.com/archives/469855