
15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015
Պելճիքայի Մարդասիրական ժողովրդավարական կեդրոն (CDH) կուսակցութիւնը վերջնական որոշում կայացուցած է իր շարքերէն հեռացնելու թուրք Մահինուր Օզտեմիրը, որ հրաժարած էր ճանչնալէն Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին կը տեղեկացնէ lecdh.be-ն:
Թուրք անդամին կուսակցութենէն վերջնականապէս հեռացնելու մասին որոշումը ընդունուած է էթիկայի յանձնաժողովի որոշման համաձայն: CDH կուսակցութեան առաջնորդ Պենուա Լութգենը ողջունած է կուսակցութենէն Մահինուր Օզտեմիրը հեռացնելու որոշումը` նշելով. «Քաղաքական յանձնառութիւնը կը պահանջէ յստակութիւն եւ լիակատար հաւատարմութիւն մեր որդեգրած արժէքներուն»:
Մահինուր Օզտեմիրը, որ առաջինն է՝ Պելճիքայի խորհրդարան մուտք գործած է գլխաշորով, 2015 թուականի գարնան պոյքոթած էր խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին համար մէկ վայրկեան լռութեան պահը` յայտնելով, որ «Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Եւրոխորհրդարանի ընդունած բանաձեւը պարտադիր չէ»: Յետագային ան հրաժարած էր նաեւ ստորագրելէ իր կուսակցութեան ղեկավար Լութգենի կողմէ առաջարկուած հաղորդագրութիւնը, որ 1915 թուականի դէպքերը կը ճանչնար որպէս ցեղասպանութիւն, որուն համար ան հեռացուած էր կուսակցութեան շարքերէն:
Աւելի ուշ Օզտեմիրը բողոքարկած էր իր կուսակցութեան որոշումը: Ան պահանջած էր, որ Մարդասիրական ժողովրդավարական կեդրոն կուսակցութիւնը չեղեալ համարէ իրեն հեռացնելու մասին որոշումը` մեկնաբանելով այն, իբր, անօրինական քայլ եւ խտրականութիւն:
ԱԶԴԱԿ
http://www.yerakouyn.com





