ՄԻՊ-ը «Քորոնա» Ժահրի Տարածման Կանխարգիլման Կանոնները Պահպանելու Կոչ Կ՝ընէ Քաղաքացիներուն
01 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐ – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ՎԱՐԱԿ:
Հայաստանի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանը կոչ կ՝ընէ քաղաքացիներուն պահպանելու նոր «քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման կանոննները եւ տուն մնալու։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժինը։
«Քաղաքացիները կը շարունակեն անտեսել նոր «քորոնա» ժահրի կանխարգիլելման եւ տարածման դէմ պայքարի կանոնները։
Մարդու իրաւունքների պաշտպանի դիտարկումները, հասարակական ցանցերու եւ զանգուածային լրատւութեան միջոցներու հրապարակումները ցոյց տուած են, որ մարդիկ կը շարունակեն չպահպանել առանց խիստ անհրաժեշտութեան տունէն դուրս ելլելու պահանջը, երկար ժամանակ կ՝անցնեն այգիներու եւ բակերու մէջ։
Պէտք է նկատի ունենալ, որ Հայաստանի մէջ նոր «քորոնա» ժահրի տարածումը առաջացուցած է համապետական նշանակութեան խնդիրներ, որոնք առաջնահերթ կապուած են ողջ բնակչութեան առողջութեան պահպանման հետ: Անոնք կ՝առնչուին երկրի անվտանգութեան (տնտեսական, իրաւական եւ այլն):
Այս բարդ իրավիճակին մէջ մեզի անհրաժեշտ է համերաշխութիւն ու փոխադարձ յարգանք, վստահութիւն մէկը միւսի նկատմամբ: Այս գործօնները այն կարեւոր գրաւականները, որ կրնան ապահովել «քորոնա» ժահրի կանխարգիլման սպառիչ լուծում միասնական ջանքերով:
Առարկայական պատճառներով առաջ եկած ու մարտահրաւէրներով լի այս պատասխանատու շրջափուլը յաղթահարելու համար՝ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր պարտականութիւնը պէտք է կատարէ լիարժէք՝ իրեն վերապահուած կարգավիճակին համապատասխան:
Բնականոն կեանքի վերադարձը հնարաւոր է տունը մնալու պահանջը եւ կանխարգելիչ կանոնները պահպանելու պարագային։
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը կոչ կ՝ընէ քաղաքացիներուն չանտեսելու նոր «քորոնա» ժահրի տարածման վտանգը եւ տուն մնալու»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Yerakouyn.com/2020/04/01/միպ-ը-քորոնա-ժահրի-տարածման-կանխարգ/