ԱՄՆ Քոնկրէսական Փալոնը Կոչ Ուղղած Է Անմիջապէս Դադրեցնելու Ատրպէյճանին Տրուող Ռազմական Օգնութիւնը

Génocide perpétré par l'Empire ottoman, aujourd'hui la Turquie - génocide arménien-erzeroum-1895-lesalonbeige.fr

ԱՄՆ Քոնկրէսական Փալոնը Կոչ Ուղղած Է Անմիջապէս Դադրեցնելու Ատրպէյճանին Տրուող Ռազմական Օգնութիւնը

01 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՍՓԻՒՌՔ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրանք Փալոնը, Մարտ 31-ին, կոչ ուղղած է ընդլայնելու ԱՄՆ-ի ռազմական օգնութիւնը Հայաստանին եւ անյապաղ դադրեցնելու Ատրպէյճանի ռազմական օգնութիւնը՝ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի վարչաձեւի շարունակական գրոհներուն պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ Հայ Դատի ԱՄՆ յանձնախումբը:

«Միացեալ Նահանգներ պէտք է անյապաղ դադրեցնէ ռազմական օգնութիւնը Ատրպէյճանին այնքան ատեն, մինչեւ այդ երկրի կառավարութիւնը դադրեցնէ իր յարձակումները Հայաստանի եւ Արցախի դէմ, համաձայնի տարածաշրջանային հակամարտութիւններու խաղաղ լուծման եւ ապացուցէ, որ դադրեցուցած է մարդու իրաւունքներու ոտնահարումը»,- յայտարարած է Փալոն՝ Ներկայացուցիչներու պալատի զինուած ծառայութիւններու յանձնաժողովին մէջ իր ելոյթին ժամանակ:

Ան նաեւ նշած է, որ պէտք է ձգտին աւելի աջակցող ազդակ ուղարկել տարածաշրջանային այն գործընկերներուն, որոնք, ինչպէս Հայաստանը, կ՝ապրին ժողովրդավարական փոխակերպումներ՝ անոնց հետ զօրացնելով ռազմավարական համագործակցութիւնը:

Հայ Դատի յանձնախումբի (ANCA) գործադիր տնօրէն Արամ Համփարեան շնորհակալութիւն յայտնած է Փալոնին ՝ իր առողջ միջնորդութեան համար, որ ցուցաբերած է Ատրպէյճանին ԱՄՆ ռազմական օգնութիւնը դադրեցնելու հարցով։ Այդ օգնութիւնը միայն հզօրացուցած եւ ոգեշնչած է Ատրպէյճանը ՝ խթանելու իր յարձակումը Հայաստանի եւ Արցախի դէմ:

yerakouyn.com/2020/04/01/ամն-քոնկրէսական-փալոնը-կոչ-ուղղած-է-ան/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail