Եւրոյի Խմբակի Նախագահը Կը Զգուշացնէ Եւրոյի Գօտիին Քայքայումէն – Եւրոյի Խմբակի Նախագահը Կը Զգուշացնէ Եւրոյի Գօտիին Քայքայումէն

ARMENIAN GENOCIDE - The Horrors of the Holocaust.

Եւրոյի Խմբակի Նախագահը Կը Զգուշացնէ Եւրոյի Գօտիին Քայքայումէն – Եւրոյի Խմբակի Նախագահը Կը Զգուշացնէ Եւրոյի Գօտիին Քայքայումէն

01 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐ – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ՎԱՐԱԿ – ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐ – ՔՈՎԻՏ-19:

Եւրոյի խմբակի նախագահ Մարիօ Սենթենօ

Եւրոյի խմբակի նախագահ Մարիօ Սենթենօ եւրոպական երկիրներու ելեւմուտքի նախարարները զգուշացուց «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով եւրոյի գօտիի քայքայումէն:

Ելեւմուտքի նախարարներուն յղուած նամակի մը մէջ ան նշեց. «Անկասկած, մենք բոլորս տագնապէն դուրս պիտի գանք աւելի մեծ պարտքերով բեռնաւորուած, սակայն այդ ազդեցութիւնն ու ատոր երկարատեւ հետեւանքները պէտք չէ քայքայման ազդակ դառնան»:

Սենթենօ իր նամակին մէջ յայտնեց, որ միացեալ հակադարձութիւնը պէտք է ճշդուի 12 ապրիլին` Զատկուան տօնէն առաջ:

Նամակը յղուեցաւ Եւրոյի գօտիի անդամ 19 երկիրներու, ինչպէս նաեւ գօտիի անդամ չեղող, սակայն Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններուն:

www.aztagdaily.com/archives/469954

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail