Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան Ներկայացուցիչը «Քորոնա» Ժահրի Համաճարակին Մասին. «Ասիկա Երկարատեւ Պայքար Է»
01 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐ – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ՎԱՐԱԿ – ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐ – ՔՈՎԻՏ-19:
Կանուխ է յայտարարել, որ «Քորոնա» ժահրին համաճարակը Ասիոյ շրջանին մէջ աւարտած է: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այսպիսի կարծիք յայտնած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Արեւմտախաղաղովկիանոսեան շրջանի տնօրէն Թաքեշի Քասայի:
«Նոյնիսկ այն պարագային, երբ ժահրի տարածման զսպման ուղղուած քայլերը կը շարունակուին, շրջանին մէջ վարակի փոխանցման վտանգը պիտի չվերանայ, որովհետեւ համաճարակը կը շարունակէ ընդլայնել իր աշխարհագրական դիրքերը», յայտնած է Քասայի:
«Թոյլ տուէք յստակութիւն մտցնել: Ասիա-խաղաղովկիանոսեան շրջանին մէջ համաճարակը կարելի չէ աւարտած նկատել: Ասիկա երկարաժամկէտ պայքար է, եւ մենք չենք կրնար թուլցնել մեր զգօնութիւնը», ըսած է Քասայի:
Ան զգուշացուցած է, որ այն երկիրները, ուր «Քորոնա» ժահրով վարակման պարագաներու նուազում կը նկատուի, պէտք չէ թուլացնեն իրենց զգօնութիւնը, այլապէս «ժահրը կրնայ վերադառնալ»:
«Առողջապահութեան միջազգային գործակալութիւնը չ’ակնկալեր, որ որեւէ երկիր անվտանգ պիտի ըլլայ եւ զերծ մնայ «Քորոնա» ժահրէն, որովհետեւ, ի վերջոյ, անիկա պիտի տարածուի ամէնուր», յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան թեքնիք հարցերով խորհրդական Մեթիու Կրիֆիթ:
Մեքսիքայի առողջապահական խորհուրդը, որուն մաս կը կազմեն երկրի առողջապահութեան նախարարութեան ղեկավարութիւնը եւ դաշնակցային նախարարութիւններու շարք մը ղեկավարներ, առողջապահութեան ոլորտին մէջ 30 օր տեւողութեամբ արտակարգ դրութիւն յայտարարած է եւ նոր սահմանափակումներ մտցուցած: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
«Առողջապահութեան նախարարութիւնը պիտի որոշէ բոլոր յաջորդ անհրաժեշտ քայլերը», կը նշուի առողջապահութեան գլխաւոր խորհուրդի յայտարարութեան մէջ:
Նոր Զելանտայի քաղաքային պաշտպանութեան նախարար Պենի Հանարի յայտարարեց, որ իշխանութիւնները երկրին մէջ հաստատուած արտակարգ դրութիւնը եօթը յաւելեալ օրով պիտի երկարաձգեն:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ եւրոպական երկիրներ Իրանին յանձնած են բժշկական սարքեր` իբրեւ առաջին կիրարկում առեւտրական փոխանակման «Անսթաքս» մեքանիզը, որ կ’արտօնէ շրջանցել Թեհրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ Ֆրանսան, Գերմանիան ու Բրիտանիան կը հաստատեն, որ «Անսթաքս»-ի մեքանիզը կատարած է իր առաջին գործարքը, ինչ որ կ’արտօնէ Եւրոպայէն բժշկական սարքեր ծախել Իրանին:
«Այդ սարքերը հիմա Իրանի մէջ են», նշեց նախարարութիւնը:
Իտալիոյ մէջ երէկ կէսօրին մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին «Քորոնա» ժահրին պատճառով մահացած անձերուն յիշատակը եւ աջակցութիւն յայտնեցին առողջապահական մարզի աշխատողներուն: Ամբողջ երկրի տարածքին պետական դրօշները բարձրացուեցան կիսով չափ:
Իտալիոյ համայնքներու ազգային ընկերակցութեան նախաձեռնութիւնը որդեգրեցին բոլոր քաղաքներու քաղաքապետները, որոնք մէկ օր առաջ յանձնարարած էին յիշատակման արարողութիւն ծրագրել:
Լռութեան վայրկեանին միացան նաեւ տեղական պատկերասփիւռի կայաններն ու պետական իշխանութեան բարձրագոյն մարմինները: Լռութեան վայրկեանով իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին նաեւ երեսփոխանները` Իտալիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներու պալատին դիմաց:
Նշենք, որ «Քորոնա» ժահրին հետեւանքով մահուան պարագաներուն թիւով Իտալիան աշխարհի վրայ առաջին դիրքին վրայ է:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը իր պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած յօդուածին մէջ յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրը, նախնական ուսումնասիրութիւններու հիմամբ, չի փոխանցուիր օդի ճամբով:
«ՔՈՎԻՏ-19» ժահրը հիմնականին մէջ կը փոխանցուի կաթիլային ճամբով, եւ որ Չինաստանի մէջ «ՔՈՎԻՏ-19»-ի 75.465 պարագաներու վերլուծութեան ժամանակ օդի ճամբով վարակի փոխանցում չէ յայտնաբերուած:
Վարակումը տեղի կ’ունենայ հիւանդ մարդէն այլ մարդու օրկանիզմ փոքր կաթիլներու ներթափանցման ճամբով:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կը յայտնէ, որ կաթիլներու ներթափանցման ճամբով փոխանցումը տեղի կ’ունենայ այն ժամանակ, երբ մարդիկ կը գտնուին մէկ մեթրէն նուազ հեռաւորութեան վրայ: Այդ պատճառով ալ խորհուրդ կը տրուի հեռաւորութիւն պահել:
«ՔՈՎԻՏ-19» ժահրի փոխանցումը կրնայ տեղի ունենալ վարակուած մարդոց հետ անմիջական շփման եւ վարակակիր անձի օգտագործած կամ ձեռնած իրերու հետ հաղորդակցութեան պարագային:
«Սակայն այս նախնական եզրակացութիւնները պէտք է զգուշօրէն մեկնաբանել», կը յայտնեն Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան մասնագէտները:
Սպանիան «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւով շրջանցեց Չինաստանը եւ գրաւեց երրորդ դիրքը: Սպանիոյ մէջ այդ թիւը բարձրացաւ 94.417-ի, իսկ մահացածներուն թիւը` 8.189-ի: Երկրորդ դիրքի վրայ գտնուող Իտալիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 101.739-ի, մահացածներունը` 11.591-ի: Բրիտանիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 19.522-ի, իսկ մահացածներունը` 1.651-ի: Գերմանիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 61.913-ի, իսկ մահացածներունը` 583-ի: Իրանի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 44.606-ի, իսկ մահացածներունը` 2.898-ի: Լեհաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը հասաւ 2.055-ի, իսկ մահացածներունը` 31-ի: Մարոքի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 574-ի, իսկ մահացածներունը բարձրացաւ 33-ի: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 664-ի, իսկ մահացածներունը` 6-ի:
Չեխիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 3.001-ի, Մարոքի մէջ` 574-ի, իսկ Թունուզի մէջ` 362-ի:
www.aztagdaily.com/archives/469964