Սուրիոյ Օդային Պաշտպանութեան Համակարգերը Դէմ Դրին Իսրայէլեան Յարձակումի Մը
01 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
«Էլ.Պի.Սի.» երէկ գիշեր հաղորդեց, որ պատերազմական օդանաւեր իրերայաջորդ թռիչքներ կը կատարեն լիբանանեան տարբեր շրջաններու վերեւ:
Շատ չանցած սուրիական ՍԱՆԱ պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց. «Մեր օդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին լիբանանեան օդային տարածքէն իսրայէլեան յարձակումի մը եւ վար առին շարք մը հրթիռներ»: ՍԱՆԱ նշեց, որ ,թշնամական թիրախներե կը գտնուէին Հոմսի վերեւ:
www.aztagdaily.com/archives/469967