Ապրիլեան Քառօրեան Տուաւ Հիմնական Հարցին Պատասխանը․ Նիկոլ Փաշինեան (Տեսանիւթ)

Ապրիլեան Քառօրեան Տուաւ Հիմնական Հարցին Պատասխանը․ Նիկոլ Փաշինեան (Տեսանիւթ)

02 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Ապրիլեան քառօրեան տուաւ հիմնական հարցին պատասխանը՝ անկախութեան սերունդը որքա՞ն պատրաստ է պաշտպանելու հայրենիքի ինքնիշխանութիւնը։ Այս մասին, ըստ Yerkir.am-ի, ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ կառավարութեան նիստը սկսելով մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելով զոհուած տղաներու յիշատակը։

Վարչապետը արձանագրեց, որ մեր անկախութեան սերունդի տղաները դարձան սխրանքներու հեղինակներ՝ պատասխանելով, որ հայ ժողովուրդը պէտք է վստահ ըլլայ՝ Արցախեան ազատամարտի առաջին սերունդի ներկայացուցիչները եկած են փոխարինելու հայրենիքի նոր պաշտպաններ։

Փաշինեանը նաեւ Արցախի ժողովուրդը շնորհաւորեց համապետական ընտրութիւններուն առիթով։

«Կը կարծեմ, որ տեղի ունեցած են բարձր որակի ընտրութիւններ, որուն մասին կը վկայեն արդիւնքերը։ Նախագահական ընտրութիւններուն՝ առաջին փուլով յաղթելու համար՝ Արայիկ Յարութիւնեանին չէ բաւարարած ընդամէնը քանի մը հարիւր ձայն․ այս փաստը ինքնին խօսուն է։ Խօսուն է նաեւ մասնակցող ուժերու աննխադէպ մեծ թիւը եւ որ ընտրութիւններուն արդիւնքներով՝ երկրորդ եւ երրորդ տեղերը զբաղցուցած են ո՛չ թէ իշխանական, այլ՝ ընդդիմադիր ուժեր»,- ըսաւ Վարչապետը։

Մանրամասն՝ տեսանիւթով․

yerakouyn.com/2020/04/02/ապրիլեան-քառօրեան-տուաւ-հիմնական-հար/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail